ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՊԱՐՏՔԵՐԸ
Թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւելահայ գրականութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ մոռցուած դէմքեր ու անուններ, որոնք իրենց իմաստութեամբ, իրենց գրական շնորհներով ու արժէքներով աւելի պակաս տաղանդաւոր չեն՝ քան ազգի մը իրենց անունը անմահացնել յաջողած գրողները: Սակայն կան գրողներ, որոնք մոռացութեան եւ անմահութեան մէջ կը տարուբերին. ի տարբերութիւն մոռցուողներուն՝ կը ճանչցուին իրենց գրականութեամբ ու արժէքով, սակայն, համեմատած այլ անմահներու՝ դարձեալ կը շարունակեն մնալ շուքի տակ։ Անոնցմէ մէկն է հայ գրականութեան կարեւորագոյն մէկ անդամը՝ Լեւոն Շանթ:
Անշուշտ, Լեւոն Շանթը կ՚ընդունինք որպէս մեծ արժէք, սակայն, արդար ըլլալու համար կը յիշենք նաեւ, որ Լեւոն Շանթ բացայայտ «անաստուած» ըլլալով ունեցած է նաեւ «թշնամիներ». վկայ՝ անոր մասին Արսէն Տէրտէրեանի գրած «Լեւոն Շանթ. Սեռի եւ դասալքութեան երգիչը» աշխատութիւնը. անձ՝ որ Լեւոն Շանթի արժէքը կ՚որակէր ո՛չ թէ տաղանդ, այլ բախտ: Տէրտէրեանի այս աշխատութիւնը կը թողունք առանձին ուսումնասիրութեան, որովհետեւ Լեւոն Շանթը խորապէս քննելու եւ ուսումնասիրելու համար պէտք է լուրջ ժամանակ ու ուշադրութիւն:
Հայ գրականութեան մէջ շատեր կը փորձեն գրողը ճանչնալ իր ստեղծագործութիւններու ճամբով, սակայն, մենք կը հաւատանք, որ գրելու շնորհքը շատ անգամ ի վիճակի է գրողի մը ճշմարիտ նկարագիրն ու էութիւնը քօղարկել։ Այդ իսկ պատճառով, աւելի նպատակայարմար կը տեսնենք յետմահու հրատարակուած նամակներու բովանդակութիւնը, ուր գրողը իր նեղ ու բարեկամական շրջանակին կը ներկայանայ իր ամբողջական «մերկութեամբ»՝ անկեղծութեամբ: Լեւոն Շանթի նամակները կարդալով՝ մարդ կամայ-ակամայ դարձեալ կը մտաբերէ հետեւեալ արիւնալի իրականութիւնը. հայ ժողովուրդը այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին չէ՛ կրցած գնահատել իր մտաւորականները. չէ՛ կրցած արժեւորել հայ գիրի, մանկավարժութեան ու հայ դպրոցի համար ինքզինք զոհաբերած անձանց անձնուէր ընթացքը, սակայն, վերջաւորութեան զինք յիշած է որպէս «արժէք» ու «մեծութիւն»։ Այս մէկը եղած է Կոմիտասի հետ, եղած է Լեւոն Շանթի հետ, եղած է Օտեանի հետ եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել:
Լեւոն Շանթի դժուարութիւնները սկիզբ կ՚առնեն տակաւին երիտասարդ՝ աշակերտական տարիներէն. ուսումի տենչը ունեցող երիտասարդը աղքատութեան մէջ տապալելով կը դժուարանայ իր ուսման ծախսը ապահովել, սակայն, յանձնուելու, ուսումէն հեռու մնալու փոխարէն՝ ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնէ ուսման այս ոչ-մեծ ծախսը ապահովելու համար եւ առ այդ բազմաթի՜ւ նամակներով կը դիմէ տարբեր մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ մեծահարուստ հայորդիներու, սակայն, այդ բոլորով հանդերձ սպասումները չեն արդարանար։ Ան իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Պարոն Մալխասեան գրած նամակին մէջ յոյս չի տար. իսկ տիկին Անանեանին գրածէն իսկապէս ոչինչ չեմ սպասեր.- անծանօթ, հեռաւոր տղու մը ուսումը շարունակել կամ չի շարունակելը ինչ հետաքրքրութիւն կարող է ունենալ հարուստ տիկնոջ մը համար. մանաւանդ մեր արդի պայմաններուն մէջ, երբ մարդ իր աչքին դէմ դժոխքէն փախած ժողովուրդի մը անօթութիւնն ու մերկութիւնը ունի»: Լեւոն Շանթի ապրած այս իրավիճակը, բնականաբար, մտածել կու տայ հետեւեալին մասին. արդեօք Լեւոն Շանթի պէս քանի՞ հանճարներ հայ գրականութենէն, հայ մտաւորականութենէն հեռու մնացին՝ ուսումի տենչին յագուրդ չտալու հետեւանքով. քանի՞ փայլուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց ուսման փափաքը առ յաւէտ վերացուցին ու կամայ ակամայ անձնատուր եղան կեանքի պայքարին՝ իրենց գոյութիւնը ապահովելու համար: Կրնա՞ր ըլլալ, որ եթէ Լեւոն Շանթ յաջողէր իր երազը՝ ուսումը ստանալ ու զարգանալ, չունենայինք նման հանճար մը՝ չենք գիտեր:
Լեւոն Շանթ իր նամակներուն մէջ յստակ ձեւով կը գրէ իր ուսման փափաքի մեծութեան մասին, սակայն, կեանքի պայմանները չեն ներեր։ Լեւոն Շանթն է գրողը. «Ես արդէն հիմա պարտքերու մէջ խեղդուած եմ»։ Անշուշտ, Լեւոն Շանթ իր պարտքերուն բեռը կը զգար եւ կը փորձէր ամէ՛ն ձեւ իր պարտքերն ու խնդիրները լուծել. կը խոստանար աշխատանքի անցնելու պէս մաս առ մաս վճարել։ Գրողներու մօտ նիւթականի պակասը կը շեշտենք հետեւեալ պատճառներով.- Լեւոն Շանթ, Օտեան եւ ուրիշներ՝ որոնք աղքատութեան մէջ ապրած են, իրենց շնորհքը հայ ժողովուրդի եւ գրականութեան զարգացման ծառայեցնելու փոխարէն՝ շատ անգամ զբաղած են մանրուքներով. օրինակի համար՝ ինչո՞ւ համար Լեւոն Շանթ իր ամբողջ ուշադրութիւնը իր գրականութեան յատկացնելու փոխարէն՝ պարտաւորուած պիտի ըլլար կեանքի մանրուքներով ժամավաճառ ըլլալ: Ինչո՞ւ համար հայ մտաւորականը Եւրոպայի մէջ իր ուսման ուշադրութիւն դարձնելու փոխարէն՝ ստիպուած պիտի ըլլայ իր պարտքերու բեռան տակ ճնշուելու։ Դարձեալ Լեւոն Շանթն է գրողը. «Քանի եկել եմ Եւրոպա, շարունակ մտադիր եմ եղել ձեզ գրելու եւ շարունակ էլ յետաձգում եմ՝ միշտ յոյս ունենալով, որ շուտով կարող պիտի լինեմ նամակիս մէջը դնել մնացած պարտքիս գոնէ մի մասը»:
Հայ ժողովուրդը մի՛շտ ալ թշուառութեան մէջ պահած է իր մտաւորականը, իր ուսուցիչն ու մանկավարժը. որպէս վերջաբան դարձեալ կը մէջբերենք Լեւոն Շանթի խօսքերը՝ որոնք այդ դժուարութեան մեծութիւնը ցոյց տալու բաւարար են. «Ես դեռ պարտք եմ բժիշկներու եւ կը ճնշուիմ, պարտք եմ ընկերներու, որոնց վիճակը գիտես, որոնց առջեւ յանցաւորի պէս եմ.- մէկ-երկու շաբաթով վերցուցած գումարներս անկարող եմ եղած հինգ վեց ամսը-ւան մէջ վերադարձնելու…»:
Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ամէն
մարդու հոգիին մէջ նուրբ ու ծածուկ ու բնազդական բաներ կան, որոնք կշիռին սլաքը, քու գիտութեանդ ու կամքիդ հակառակ, աւելի աջ կամ աւելի ձախ թեքուելուն կը նպաստեն:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան