ԵՐԿԻՒՂԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍԸ

Երկիւղածութիւնը յարգանքի արտայայտութեան ձեւերէն մին է եւ առաջնակարգը։ Երկիւղածութիւնը, ինչպէս ոմանք կը կարծեն, երբեք վախի մը արտայայտութիւնը չէ, ան ինչպէս յարգանքի, նաեւ սիրոյ մէկ արտայայտութիւնն է։ Բայց եւ դժբախտաբար, ներկայ սերունդին նկարագրի ամենատխուր յատկանիշներէն, երեւոյթներէն մին է, չըսելու համար թեթեւաբարոյութիւնը, երկիւղածութեան պակա՛սն ու զանցառութիւնը։ Անոնք, ընդհանրապէս, տարեցներու եւ մանաւանդ՝ հոգեւոր սուրբ բաներու հանդէպ։ Ո՛չ մէկ ակնածանք գերազանցապէս նուիրական արժէքներու առջեւ։

Աստուծոյ տունը, Աստուծոյ ծառան, Աստուծոյ Խօսքը, Աստուծոյ անունը արժանաւորապէս յարգել մոռցուած է։ Արդարեւ, Ժողովողի Գիրքին մէջ երիտասարդները կը խրատուին. «Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր եւ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ եւ քու սրտիդ ճամբաներովը եւ աչքերուդ նայւածքովդ քալէ, բայց գիտցիր թէ առանց ամենուն համար Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ…». (ԺՈՂ. ԺԲ 9)։

Այսպէս նաեւ պաշտամունքը։

Շաբթուան գերագոյն պահն է այդ՝ երբ Աստուծոյ կը մօտենանք Անոր երկրպագելու եւ Անոր հետ հաղորդակցելու։ Մեր որդիական սէրը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելու Անոր՝ իր բիւրաւոր շնորհներուն եւ պարգեւներուն համար։ Մեր նուիրումը եւ ուխտը հաստատելու զԱյն տիեզերքի Տէր եւ Թագաւոր հռչակելու։ Արդարեւ, պաշտամունքը ամենավսեմ պահն է՝ երբ Ան կու գայ թողութիւն եւ շնորհք մատակարարելու Իր առջեւ խոնարհողներուն։ Մխիթարելու եւ յուսադրելու Իր ժողովուրդը։

Աստուծոյ երկիւղը Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մէկն է։

Այնքան ատեն, որ զաւակը կ՚ապրի ծնողներուն յարկին տակ, պարտի հնազանդիլ անոնց ամէն խնդրանքին՝ կատարուած իր կամ ընտանիքին բարիքին եւ օգտին համար։

«Որդինե՛ր, ամէն բանի մէջ հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ասիկա հաճելի է Տիրոջ». (ԿՈՂ. Գ 20), (ԵԼՔ. Ի 12)։ Զաւակները պարտին նաեւ հնազանդիլ իրենց դաստիարակներուն խոհական պատուէրներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնց վստահած են զիրենք իրենց ծնողներուն։

Հասուն հասակի հասնելէ ետք ալ, զաւակները պիտի շարունակեն յարգել իրենց ծնողները։ Պիտի կանխեն անոնց փափաքները, սիրով եւ երկիւղածութեամբ պիտի դիմեն անոնց խրատներուն եւ պիտի ընդունին անոնց արդարացի յանդիմանութիւնները։ Զաւակներուն չափահասութեամբ՝ անոնց հնազանդութիւնը եւ երկիւղածութիւնը արտաքնապէս ծնողներուն հանդէպ կը դադրի, բայց ո՛չ յարգանքը՝ որուն զմիշտ պարտաւոր կը մնան։ Արդարեւ, յարգանքը իր արմատները ունի Աստուծոյ երկիւղին մէջ, որ մէկն է Սուրբ Հոգիին պարգեւներէ։

Տիրոջ անունին հանդէպ ակնածանքը արտայայտութիւնն է այն երկիւղալի ակնածանքին՝ զոր կը պարտինք Աստուծոյ իսկ խորհուրդին եւ ամէն նուիրական իրականութեան՝ որուն յիշեցումն է Ի՛նք։

«Արդեօք երկիւղին եւ նուիրականին զգացումները քրիստոնեա՞յ զգացումներ են։ Ո՛չ ոք կարող է տրամաբանօրէն տարակուսիլ այս մասին։ Այս զգացումները մենք բարձրագոյն չափով պիտի զգայինք, եթէ Աստուծոյ վսեմութեան տեսութիւնը ունենայինք։ Այս զգացումները մենք պիտի զգայինք, եթէ կարենայինք անոր ներկայութիւնը մեզի շօշափելի դարձնել։ Մենք զանոնք զգալու ենք, ո՛ր չափով որ կը հաւատանք, թէ Աստուած ներկա՛յ է։ Այդ զգացումները չունենալ, կը նշանակէ ամենեւին չգիտակցիլ, ամենեւին չհաւատալ, թէ Ան ներկայ է», կ՚ըսէ աստուածաբան John Henry Newman (1801-1890)։

Հաւատացեալը պարտի վկայել Տիրոջ անունի դաւանելով իր հաւատքը առանց տեղի տալու վախին. (ՄԱՏԹ. Ի 32), (Ա ՏԻՄ. Զ 12)։

Ուրիշ էր պաշտամունքներու հանդէպ մեր բարեպաշտ ծնողներուն ակնածանքը։ Անոնք յաճախ ծոմ եւ ձեռնծալ եկեղեցի կ՚երթային աղօթքով եւ խոկումով՝ որոնցմէ սորվեցանք երկիւղածութիւնը… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2026