ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՌԻՒ
Անկախ մեր տարիքէն, գոյնէն ու հասարակութեան մէջ ունեցած դիրքէն, վիճաբանութիւնը մեր մարդկային յարաբերութիւններուն անխուսափելի մէկ մասն է։ Հակառակ անոր, որ վիճաբանիլ բառը դրական ազդեցութիւն մը չի ձգեր՝ կը հաւատանք, որ մարդկային կեանքին մէջ անհրաժեշտ է, որովհետեւ վիճաբանութեան ճամբով է, որ մարդ կը սկսի հասկնալ իր արժէքները, իր համոզումները եւ հոն է, որ գաղափարները կը կոփուին։ Անշուշտ, այս մէկը իտէալական վիճակն է եւ ցաւ ի սիրտ, միշտ այդ դրական վիճակը չենք ստանար: Անշուշտ, պէտք է յստակ տարբերութիւն դնել վիճաբանութեան եւ կռիւին միջեւ, որովհետեւ կռիւը բռնութիւն է, իսկ վիճաբանութիւնը՝ իմաստութեան եւ տրամաբանութեան պայքար։ Շինիչ վիճաբանութիւնը դրական է, անշուշտ, միայն այն ժամանակ, երբ կողմերը իրենց դիրքորոշումները ո՛չ թէ զգացական զգացումներուն, այլ տրամաբանական սկզբունքներու վրայ հիմնած կ՚ըլլան։ Մեր մէջ վիճաբանութիւնը բացասական իմաստ ստացած է, որովհետեւ մենք տրամաբանութենէն ու ճշմարտութենէն աւելի մեր ԵՍ-ն է, որ իրարու դէմ պայքարի կը հանենք եւ ամէն գնով կը սկսինք պաշտպանել նոյնիսկ անտրամաբանական ու սխալ մտածումները՝ լոկ «պարտուած» դուրս չգալու համար վիճաբանութենէն։ Մեր մէջ վիճաբանութիւնը կը ծառայէ ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը բացայայտելու, այլ դիմացինը սխալ դուրս բերելու համար։ Այդ պայքարին յաղթելու սիրոյն նոյնիսկ չե՛նք լսեր դիմացինը, որովհետեւ մեզի համար իր նոյնիսկ տրամաբանական բացատրութիւնները կարեւոր չեն. պայքարը այդտեղ գաղափարէն դուրս է:
Անշուշտ, տրամաբանութենէն ու խելքէն անդին, վիճաբանութիւնը եւս հոգեբանական պայքար մըն է։ Վիճաբանութեան մէջ ուղեղէն բացի տեղ կը գտնեն նաեւ որոշ զգացումներ. ինչպէս օրինակ, վախը՝ մանաւանդ պարտուած եւ սխալ դուրս գալու, ինչ որ կը վնասէ մարդու ինքնասիրութիւնը: Յաճախ կը նկատուի, որ վիճաբանութեան ժամանակ այն կողմը, որ «պարտուելու» վախը կը նախազգայ, կը սկսի ձայնը բարձրացնել, տեսակէտները խեղաթիւրել եւ ճշմարտութեան սիրոյն պայքարին վերջ տալու փոխարէն՝ թէժացնել պայքարը։ Մեծագոյն սխալը այն է, որ վիճաբանութեան ժամանակ մարդ նիւթին եւ ճշմարտութեան վրայ կեդրոնանալու փոխարէն՝ իր միտքին մէջ կ՚ունենայ գաղափար մը. յարձակում։ Ան կը կարծէ, թէ դիմացինը յարձակում կը գործէ իր վրայ եւ հետեւաբար ինք պէտք է պաշտպանուի։ «Պէտք է յաղթեմ»ի սխալ մտածումն է, որ վիճաբանութիւնները կ՚երկարէ եւ յաճախ մինչեւ իսկ կռիւի ու բռնութեան կը տանի:
Վիճաբանութեան ընթացքին սխալ կողմը կը դժուարանայ իր սխալը ընդունիլ, որովհետեւ ինքնապաշտպանութեան համար իր բացատրութիւններն ու փաստերը համոզիչ կը գտնէ. ո՛չ թէ կը ձեւացնէ, այլ իրապէս կ՚ընդունի որպէս ճիշդ։ Այդ վիճակն է, որ առանց լսելու խօսակիցը՝ պատասխանելու պատրաստութեան մէջ կը դնէ, որովհետեւ այդտեղ դիմացինի ըսուածին ճշմարտութենէն աւելի իր սեփական պատասխանին զօրաւոր ու յաղթող ըլլալն է կարեւորը: Հետեւաբար, մարդը հակառակ կողմը կը լսէ ո՛չ թէ տրամաբանական ձեւով հասկնալու, այլ հերքելու եւ հակադարձելու համար: Մարդ գրեթէ ամէն երեւոյթի համար ունի դիրքորոշում մը եւ առաջին իսկ պահուն՝ մանաւանդ եթէ այդտեղ «ճիշդ» կամ «սխալ» դուրս գալու հաւանականութիւն կայ, կը սկսի դուրս գալ չէզոք վիճակէ:
Երբ դիմացինը ներկայացնէ փաստ մը՝ որ հակառակ է մեր համոզումներուն եւ տրամաբանական է միաժամանակ, ապա ինքնաբերաբար մեր մէջ կը ստեղծէ ներքին անհանգստութիւն մը։ Նման պարագաներու մարդ իր սխալը ընդունելու եւ իր կարծիքը փոխելու փոխարէն՝ կը փորձէ հակադարձել։ Կեանքի մէջ միշտ ալ այդպէս եղած է. օրինակի համար, մենք մեր պարտականութիւնը չընելով համոզիչ կը գտնենք «յոգնած էի» բացատրութիւնը, սակայն, նոյնը երբ ուրիշը ըսէ ու ընէ՝ նոյն մտածումը չենք ունենար։ Ուրիշը միշտ սխալ հանելը մարդկային բնազդին մաս կը կազմէ: Այդ իսկ պատճառով վիճաբանութեան ժամանակ իմաստուն մարդը պէտք է նախ հասկնայ իր վիճաբանելու պատճառը. կ՚ուզէ ճի՞շդ դուրս գալ, կամ կ՚ուզէ տրամաբանական ու ճշմարիտ կէտի մը հասնիլ: Եթէ նպատակը վերջինն է, ապա հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ հետեւեալները կ՚առաջարկեն. երբ վիճաբանութեան ժամանակ մարդ կը զգայ, թէ տրամաբանութենէն աւելի բարկութիւնն է, որ կը խօսի, ապա պէտք է կարճ դադար մը առնէ՝ աւելի խոր մտածելու համար։ Հակադարձելէ առաջ պէտք է լսել դիմացինը։ Լսելը կը կարեւորենք, որովհետեւ յաճախ վիճաբանութեան մէջ պատահած է, որ մարդիկ նոյն կարծիքը յայտնելով հանդերձ հակառակին, որովհետեւ իրապէս կարեւորութիւն չեն տար, թէ ինչ կ՚ըսէ դիմացինը. իրենք իրենց համոզումը պաշտպանելու կեդրոնացած կ՚ըլլան: Մարդ վիճաբանութեան ժամանակ կ՚ուզէ ամէն գնով իր կարծիքները արդարացնել, այդ իսկ պատճառով կը գործածէ «բոլորը գիտեն», «մենք բոլորս կը հաւատանք» եւ նման այլ արտայայտութիւններ, դիմացինին համոզելու եւ ազդելու համար, որ այդ գաղափարը լոկ ինք չունի։ Բազմաթի՜ւ ուրիշներու նոյն կարծիք ունենալը սեփական գաղափարը պաշտպանելու լաւագոյն փորձերէն մէկն է:
Փիլիսոփայութեան մեծագոյն ներկայացուցիչներէն Սոկրատէս կը հաւատայ, որ վիճաբանութեան մէջ «պարտուած» դուրս գալը շատ աւելի դրական է՝ քան բացասական, որովհետեւ պարտուած դուրս գալ կը նշանակէ սխալ համոզումն ու գաղափարը սրբագրել։ Վիճաբանութեան նպատակը յաղթելը չէ, այլ ճշմարտութիւնը գտնելն է։
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Բանաստեղծութիւնը, սիրելի՛ս, այն անտեսանելի, դիւթական ձեռքն է, որ մշուշապատ հաւանականութիւններու, նոր, ցնորական, բայց հնարաւոր հորիզոններու վրայէն ետ կը քաշէ խաւարի քօղը եւ առաջխաղացութեան տենչերը կը մտրակէ:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան