ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՍԱՀՄԱՆԱԿԻՑ

Կրօնական առումով Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւը ի՞նչ է… չե՛նք գիտեր. ոմանց համար ազատ կամքը, իսկ ուրիշներու համար սէրը՝ որուն մեծագոյն արտայայտութիւնն էր մարդանալն ու մարդոց մեղքերուն համար խաչ բարձրանալը։ Սակայն, ազգային կեանքի մէջ մեծագոյն պարգեւը մարդկային լեզուն ու խօսքն է, առանց որուն շատեր պիտի զրկուէին հայրենասէր ըլլալու իրենց «պաշտօն»էն։ Եթէ խօսքը չըլլար, մարդիկ ստիպուած պիտի ըլլային իրենց հայրենասիրութիւնը գործերով ապացուցել եւ այդ դժուարին ընթացքին մէջ բազմաթի՜ւ «զոհ»եր պիտի ունենայինք եւ հայրենասէրներու թիւը կտրուկ անկում մը պիտի ապրէր: 

Ազգային գործիչներ, կուսակցութեան ղեկավարներ, եկեղեցական գործիչներ, միութենականներ եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ շարունակ կը խօսին. մէկը խօսքով «ծովից ծով» Հայաստանը վերադարձնելու ուղեգիծը կը բացատրէ, իսկ ուրիշ մը ազգը դէպի լուսին առաջնորդել կը խոստանայ. մենք ալ կը խոստանանք Հայաստանը իր սահմաններով միացնել Ամերիկային… վերջապէս, խօսքով ամէ՛ն բան կարելի է ընել. ձրի է: Վաղը կրնայ մէկը Չինաստանը գրաւելու «փաստացի» ծրագիր ներկայացնել. խօսքով մինչեւ անգամ սատանան կրնանք դարձի բերել եւ իր նախկին հրեշտակի դիրքին արժանացնել: 

Անշուշտ, եթէ կան մարդիկ, որոնք կը շարունակեն խօսքի արժէքը կարեւորել, ապա կը հրաւիրենք կարճ հետազօտութիւն մը կատարելու. 

Մեր թուականէն եօթ տարիներ առաջ՝ 2019 թուականը յայտարարուեցաւ «Հայ մամուլի տարի»։ Յայտարարագրին մէջ կոչ ուղղուեցաւ հայ ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու տպագիր հայ մամուլին, հայ ունեւորներուն՝ յատուկ հիմնադրամներով սատարելու մամուլի գործունէութեան. գրեթէ բոլոր գաղութներու մէջ կատարուեցաւ մամուլի նուիրուած զանազան միջոցառումներ. հետաքրքրական է, թէ ի՞նչ եղաւ արդիւնքը այդ բոլորին… Հայ մամուլը բացի «սիրուած» ու «շոյուած» ըլլալէ ուրիշ ի՞նչ զգաց. քանի՞ տպագիր մամուլ իրապէս իր գոյութիւնը «փրկեց» ու ապահովեց ու ձերբազատեցաւ առ յաւէտ կորսուելու ճակատագիրէն: Մամուլի մասին ըսուածները խորհրդանշական են ու կարեւոր, սակայն, վերջաւորութեան բոլորը խօսք են։ Այդ արտայայտութիւններով մամուլի տնտեսական վիճակը աճ չապրեցաւ, հասարակութեան մէջ մամուլի հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն չզարգացաւ. այդ թուականէն այս կողմ մի քանի թերթեր վերջ տուին իրենց տպագրութեան. տակաւին կան շատ ուրիշնե՜ր, որոնք այս վիճակով ժամանակի ընթացքին վերջ պիտի տան իրենց գոյութեան:

Երկու տարի առաջ՝ 2024 թուականը յայտարարուեցաւ «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»։ Կա՞յ արդեօք հաշուետուութիւն մը, ուր յստակօրէն նշուած ըլլայ, թէ քանի՞ մարդուժ շահեցաւ հայ ժողովուրդը. քանի՞ գաղութ ունեցաւ իր ուսուցիչը, իր գործիչը. որոշ ղեկավարներու սխալ որոշումները քննադատելու պատճառով լուսանցքէ դուրս դրուած քանի՞ մտաւորական վերադարձաւ ազգային կեանք։ Այդ տարուան հռչակագրին մէջ կարդացինք. «Սփիւռքը անյետաձգելի կարիքը ունի մարդուժի. հետեւաբար, մարդուժի պատրաստութիւնը… պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն»։ Նոյն յայտարարութեան մէջ ըսուեցաւ. «Պէտք է լայն կարելիութիւններ ստեղծել մեր մարդուժին ներգրաւման համար». որպէսզի Հայաստանը իր սահմաններով Ամերիկային միացնելուն չնմանի այս բոլոր ըսուածները՝ գործնական գետնի վրայ ի՞նչ արդիւնքներ ապահովուեցաւ. օրինակի համար, ինչպիսի՞ մարդուժեր ծնունդ առին, դէմ դնելու Եւրոպայի զարգացած երկիրներէ ներս հայաթափութեան մէջ գտնուող երիտասարդները. այսօր Հայաստանի մէջ Հայագիտականը լաւագոյն արդիւնքներով աւարտած, սակայն հայագիտական ասպարէզէն դուրս գտնուող մարդուժեր շա՜տ կան. ո՞ւր են այն «լայն կարելիութիւն»ները։ Հռչակագիրը կ՚ըսէր. «Մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ կը պահանջէ նիւթական յանձնառութիւն». արդեօք այս բոլորին իրականութիւն չդառնալուն պատճառը նիւթական պակա՞սն է:

Այս նոյն տրամաբանութեամբ մենք եւս կը յայտարարենք. 2027 թուականը «Հայ բանաստեղծութեան», 2028-ը՝ «Հայ հողագործներու», 2029-ը՝ «Հայ կուսակցութիւններու», 2030-ը՝ «Հայ աստղագուշակներու», իսկ 2031 թուականը՝ «Հայ ծաղրածուներու» տարի… Եթէ ուզեն՝ մինչեւ 2100 թուականը կրնանք հայ «բան»ի մը տարին գտնել. օրինակ՝ ինչո՞ւ չկոչել «հայ ժամագործի տարի»… Վերջապէս տարիները տակաւին շա՜տ շատ են. 2100-էն ետք ալ մինչեւ 2200 թուականը «բան»ի մը թուական հռչակելու առիթը կայ, անշուշտ, եթէ աշխարհի երեսին հայ ժողովուրդը շարունակէ գոյութիւն ունենալ: 

Այս տարի «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման» տարի է. որպէս նորոգութեան հետեւանք պետութիւնը կը հալածէ եկեղեցին, իսկ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը անտարբերութեամբ ականատես կ՚ըլլայ այդ բոլորին։ Պատարագէն կը զեղչուի այս կամ այն մասը՝ մի քանի անձերու քմահաճոյքէն կախուած, եկեղեցական ծէսերու ընթացքին կը բարձրանան քաղաքական արտայայտութիւններ ու կռիւներ կը ծագին… իսկ անդին, խօսքով մեր հոգեւոր կեանքը վերանորոգման ընթացքէ մը կ՚անցնի… 

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամէն էակ իր ինքնութիւնն ունի: Ամէն ժողովուրդ իր եսի ու նկարագրի տէրն է, իր սեփական խօսքն ու երգը ունի: Ամէն միջավայր իր առանձին համն ու հոտն ունի: Մէկը հարազատ է ու սիրելի քու մտքին ու հոգիին, քուկդ է: Միւսը օտար է, խորթ, պաղ ու անսիրելի:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026