ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՅԱՅՏՆՈՒԻ ՄԱՐԴՈՒՆ
Մարդուս բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ արարածներուն։ Պօղոս առաքեալ «հաւատքի հնազանդութեան». (ՀՌՈՎՄ. Ա 5, ԺԶ 26) մասին կը խօսի իբրեւ «առաջին պարտաւորութեան» մասին։ Ան բարոյական բոլոր շեղումներուն սկիզբը եւ բացատրութիւնը կը բացայայտէ «Աստուծոյ անճանաչողութեան» մէջ. (ՀՌՈՎՄ. Ա 18-32)։
Աստուծոյ հանդէպ մարդուն պարտականութիւնն է հաւատալ եւ վկայել Անոր։
Արդարեւ, առաջին պատուիրանը կը սպասէ մարդէն իր հաւատքը աճեցնել, սնուցանել եւ պահպանել խոհեմութեամբ եւ արթնութեամբ եւ մերժել, ի՛նչ որ կը հակառակի անոր։
Այս իմաստով, մարդ կրնայ մեղանչել հաւատքին դէմ զանազան կերպերով։ Հաւատքին մասին «կամովին տարակոյս»ը կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը՝ զոր Եկեղեցին կ՚առաջնորդէ մարդուն, որ հաւատայ։ «Ակամայ տարակոյս»ը ցոյց կու տայ հաւատալու վարանումը նաեւ հաւատքին դէմ առարկութիւններուն յաղթահարելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անձկութիւնը հաւատքին յարուած մթութեան դիմաց։
Եթէ տարակոյսը կամովին մշակուած է, կրնայ տանիլ մտքի կուրացումին։ Թերահաւատութիւնը յայտնեալ հաւատքին հանդէպ անհոգութիւնն է կամ կամովին մերժումն է զայն ընդունելու։ Հերետիկոսութիւնը Մկրտութեան ընկալումէն ետք կատարուած կամաւոր ժխտումն է ճշմարտութեան մը՝ որուն պէտք է հաւատա՛լ աստուածային եւ ուղղափառ հաւատքով, կամ կամաւոր տարակոյսն է այս ճշմարտութեան մասին։ Իսկ ուրացումը ամբողջական մերժո՛ւմն է քրիստոնեայ հաւատքին։ Հերձուածը մերժո՛ւմն է հպատակութեան եկեղեցական նուիրապետութեան եւ կամ մերժումն է հաղորդութեան՝ անոր հպատակող Եկեղեցւոյ անդամներուն հետ։
Աստուած երբ մարդուն կը յայտնուի եւ կը կանչէ զայն, մարդը չի՛ կրնար իր սեփական ուժերով լիօրէն պատասխանել աստուածային սիրոյն։ Ուստի, ան պէտք է յուսայ, թէ Աստուած իրեն կարելիութիւնը պիտի տայ զԻնք փոխադարձաբար սիրելու եւ գործելու սիրոյ պատուէրներուն համաձայն։
Յոյսը՝ վստահութեամբ սպասումն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։
Յոյսը, նաեւ, երկիւղն է Աստուծոյ սէրը վիրաւորելու եւ պատիժը գրգռելու։ Արդարեւ, առաջին պատուիրանը իբրեւ թիրախ ունի նաեւ յոյսին դէմ գործուող մեղքերը՝ որոնք են՝ յուսահատութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը։
Յուսահատութեամբ, մարդը կը դադրի Աստուծմէ յուսալէ իր անձնական փրկութիւնը, հոն հասնելու օգնութիւնները կամ իր մեղքերուն ներումը։ Ան կ՚ընդդիմանայ Աստուծոյ Բարութեան, Անոր Արդարութեան -որովհետեւ Տէրը հաւատարիմ է Իր խոստումներուն մէջ- եւ Իր Ողորմութեան։
Կայ երկու տեսակ ինքնահաւանութիւն։ Մարդը կա՛մ յանձնապաստան կ՚ըլլայ իր կարողութիւններուն վրայ (յուսալով կարենալ փրկուիլ առանց ի վերուստ օգնութեան) կա՛մ հաշիւ կ՚ընէ աստուածային ամենակարողութեան եւ ողորմածութեան վրայ (յուսալով իր ներումը ընդունիլ առանց դարձի, փառքն ալ՝ առանց արժանիքի)։
Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ հաւատքը իր մէջ կ՚ընդգրկէ կոչը եւ պարտաւորութիւնը պատասխանելու աստուածային սիրոյն՝ անկեղծաւոր սիրով։ Առաջին պատուիրանը կը հրամայէ մեզի սիրե՛լ Աստուած ամէն բանէ վե՛ր. (Բ ՕՐ. Զ 4-5), իսկ բոլոր արարածներն ալ՝ Անոր համար եւ Անոր պատճառով։
Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել. անտարբերութեամբ, ապերախտութեամբ, գաղջութեամբ, հեղգութեամբ, Աստուծոյ դէմ ատելութեամբ՝ որոնք կը հակառակին Աստուծոյ սիրոյն, Անոր Բարութիւնը կը ժխտեն՝ որ կ՚արգիլէ մեղքերը եւ կը սահմանէ պատիժները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 20, 2026, Իսթանպուլ