ՏՈԼԱՐՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԲԱՐԴԵԼ

Ազգային մշակոյթն ու աւանդութիւնները այսօր մեր կեանքին վրայ ինչքանո՞վ ազդեցութիւն ունին եւ կ՚ունենան՝ կը կարծենք անորոշ է, որովհետեւ կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մշակոյթներն ու աւանդութիւնները տեղի կու տան «ընդհանրական» քաղաքակրթութեան մը, որ լաւապէս գիտէ վերացնել տոհմիկ բարքերն ու սովորութիւնները: Գրեթէ բոլո՛ր պետութիւնները սեփական ինքնութիւնը պահելու եւ փրկելու պայքար կը մղեն. կը պայքարին՝ որովհետեւ անցեալին ազգային արժէքները սերունդէ սերունդ կը փոխանցուէր եւ հակառակ փոքր փոփոխութիւններու՝ հիմնական ազգային մասը կը մնար անփոփոխ, սակայն, այսօր հասակ առնող նոր սերունդը իր արժէքները կ՚ուսանի ո՛չ թէ նախկին սերունդէն, այլ ընդհանրացած մշակոյթէն, ինչ որ իր իսկութեամբ ի վիճակի է ազգայինը կործանել: 

Տարօրինակ է, սակայն, որ մարդ մի՛շտ ալ հակումը ունեցած է բացասականը ընդօրինակելու. օրինակի համար, մեր թուականէն աւլէի քան հարիւր տարի առաջ Խրիմեան Հայրիկ իր աշխատութիւններուն մէջ կը յորդորէր, որպէսզի հայը Եւրոպայէն ուսման հանդէպ սէրը ընդօրինակէ եւ ո՛չ «նորաձեւութիւն» կոչուած շռայլութիւնը։ Սակայն, եկուր տես, որ մարդիկ այդ շռայլութիւնը շատ աւելի շուտ ու դիւրաւ կ՚ընդօրինակէին՝ քան կենսական ու դրական երեւոյթները: Անցեալի Եւրոպան ունէր երկու հիմնական երեւոյթներ. անոնցմէ առաջինն էր ուսման հանդէպ սէրը. աշխարհի չորս կողմէն ուսումնատենչ երիտասարդներ կը մեկնէին Եւրոպա՝ իրենց ուսումը կատարելագործելու եւ այդ ուսման լոյսով իրենց միջավայրը, իրենց մշակոյթը լուսաւորելու համար, սակայն, անոր միւս կողմը՝ երկրորդ երեւոյթը եսապաշտութիւն, դրամասիրութիւն, շռայլ կեանք ու զեխութիւնն էր. քիչերու համար առաջինն էր կարեւորը, սակայն շատերու համար՝ երկրորդը: 

Արեւելքը մի՛շտ ալ Արեւմուտքէն վատն ու բացասականը ընդօրինակեց եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ այդ մէկը ընել։ Աւելի հասկնալի ըլլալու համար բացատրենք. անցեալին, մա՛նաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ մարդիկ աշխատասէր էին. կ՚աշխատէին, որպէսզի իրենց կեանքը կառուցեն, մասամբ գաղութին օգտակար դառնան, դպրոց, եկեղեցի ակումբ կառուցեն. հին ժամանակ ապրող մարդը աշխատասէր էր՝ սակայն Ամերիկայի մէջ վիճակը այդպէս չէր. մարդիկ ի սկզբանէ դրամասէր էին. փա՞ստ՝ 1914 թուականին գաղթական հայու մը նամակներուն մէջ կը կարդանք. «Քեզի գրած էի, թէ Ամերիկան սոսկալի նիւթապաշտ երկիր մըն է, ուր ամբողջ եռուզեռը, վազվռտուքը միայն մէկ նպատակ ունի, այն է ամենակարող տոլարներու թիւը բարդել»։ Այդ թուականներուն արդէն իսկ Ամերիկայի մէջ դրամը միջոց ըլլալէ դադրած էր. Միջին Արեւելքի մէջ էր, որ որպէս միջոց կ՚օգտագործուէր։ Այդ երեւոյթը, սակայն, ժամանակի ընթացքին տարածուեցաւ եւ հասաւ Միջին Արեւելք։ Այդ «հասնել»ու ընթացքը քիչ մը կաղաց՝ որովհետեւ գոյութիւն չունէին արհեստականութեան «բարիք»ները։ Անցեալին եթէ յոռի երեւոյթ մը մի քանի տասնամեակներու վրայ երկարելով տարածում կը գտնէր, ապա այսօր այդ «մի քանի տասնամեակ»ը վերածուած է գրեթէ վայրկեաններու։ Շատ մը ազգեր կը կարծեն, որ ազգապահպանումը իրենց երիտասարդները մայրենի լեզուին վարժեցնելն է, աւանդութիւնները յիշեցնելն ու պարտադրելն է, սակայն չենք նկատեր, որ անոնք օրական դրութեամբ օտարինը կ՚իւրացնեն։ Եթէ մենք մէկ սորվեցնենք հայ երիտասարդին, ան օտարէն քսան սորված պիտի ըլլայ: 

Այս բոլորը մտածել կու տայ հետեւեալի մասին. Այսօր ամերիկայի մէջ, ինչպէս նաեւ շատ մը «զարգացած» երկիրներու մէջ, գոյութիւն ունին երեւոյթներ, որոնք (բարեբախտաբար) տակաւին մուտք չգործեցին Միջին Արեւելք, սակայն, մուտք չգործելը ըսել չէ՛, թէ անոնք մուտք պիտի չգործեն։ Այնպէս ինչպէս Եւրոպան շռայլութիւն սորվեցուց աշխարհին, նոյնպէս Ամերիկան պիտի սորվեցնէ այնպիսի արժէքներ՝ որոնք հակառակ են մեր արժէքներուն ու համոզումներուն. օրինակի համար, Միջին Արեւելքի մէջ (թէեւ կիսամեռ) տակաւին գոյութիւն ունի ծնողքը յարգելը, մեծը պատուելը, սակայն, օրէ օր անոնք եւս կը նահանջեն. «ընդհանրացած» այդ քաղաքակրթութիւնը՝ որ շատեր համաշխարհայնացում կ՚անուանեն, յաջողած է նահանջի մատնել ո՛չ միայն ազգային, այլ նոյնիսկ հոգեւոր արժէքները։ Կան շատ մը երեւոյթներ, որոնց դիմաց մեր արտայայտութիւնը այսպէս կ՚ըլլայ. «Չի՛ կրնար ըլլալ…»։ Սակայն, ժամանակ մը ետք կը տեսնենք, որ այդ «չի կրնար ըլլալ»ը՝ անկարելին կամաց կամաց սկսած է դառնալ իրականութիւն եւ մենք այլեւս ո՛չ թէ այդ դժբախտ իրականութեան հանդիսատեսներն ենք, այլ մասնակիցները: 

Ազգային ինքնութիւն, մշակոյթ ու բարքեր. այս բոլորը նոր սերունդին համար արդէն թանգարանային բառեր են. քիչեր են, որ իրապէս կը հասկնան այդ բոլորին արժէքը, սակայն, այդ փոքրամասնութիւնը միւս կորսուած ոսկեանին մօտ ոչնչութիւն է: 

Աւելի քան հարիւր տարի առաջ գաղթական հայը Ամերիկայի մասին նամակ կը գրէր, կը խօսէր նիւթապաշտութեան մասին՝ որովհետեւ այդ տարողութեամբ նիւթապաշտութիւնը նորութիւն էր իրեն համար, սակայն, եթէ մեր օրերուն հակառակը ապրուի եւ ամերիկացի մը Հայաստանի կամ այլ երկիրի մը մասին գրելու ըլլայ, ապա անպայման պիտի գրէ. «Հո՛ս ալ նիւթապաշտութիւն է. Ամերիկայէն բանով մը չի տարբերիր»:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մինչեւ որ, տան մը հարազատ բնակիչը չդառնաս, չես կրնար այդ տան ներքին կեանքը ճանչնալ՝ հարազատօրէն, մանրամասնօրէն, ամէն կողմէ դիտուած:

ՍԻՄՈՆ ՀՈՎԻՒԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2026