ՍԷՐԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻ՛ՒՆ Է

Սէրը քանի որ ուրախութիւն է եւ քանի որ ընտանիքը սիրոյ վրայ հիմնուած միութիւն մըն է, ապա ուրեմն ընտանիքը ուրախութեան օճախ մըն է։

Բայց եւ այնպէս, կեանքին երկարումը մարդս կը տանի բանի մը՝ որ միւս ժամանակաշրջաններուն մէջ յաճախակի չէր. այժմ հարկ է մտերիմ յարաբերութիւնը եւ իրարու պատկանելիութիւնը չորս, հինգ կամ վեց տասնամեակներուն ընթացքին պահպանել. բան մը՝ որ կը վերածուի զիրար անդադար ընտրելու պահանջքի մը։ Անոնք փոխադարձ պատկանելիութեան հաճոյքը կը վայելեն՝ գիտնալով, որ իրենք՝ ամէն մէկը առանձին չէ՛, այլ ունի իրեն «մեղսակից» մը, որ իր կեանքին եւ իր պատմութեան մասին ամէն ինչ գիտէ եւ զայն կը բաժնէ։ Այն անձը իր կեանքի ճանապարհին ընկերն է՝ իր իսկական իմաստով ընկերը՝ որուն հետ կարելի է դժուարութիւններուն միասին ճակատիլ եւ լաւ բաներն ալ միասին վայելել։ Ասիկա նաեւ ամուսնական անկեղծ սիրոյն յատուկ քաղցրութեան ընկերակցող գոհացում մըն ալ կու տայ։

Կարող չենք մենք մեզի խոստանալ, թէ մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին՝ նո՛յն զգացումները պիտի ունենանք, բայց փոխադարձաբար՝ պիտի ունենանք հասարակաց մնայուն ծրագիր մը, իրար սիրելու յանձնառու պիտի դառնանք, միասին ապրելով միշտ ճոխ մտերմութեան մը մէջ, մինչեւ որ մահը մեզ իրարմէ բաժնէ։ Բայց կը հաւատանք, որ քանի որ սէրը երբեք չի՛ վերջանար, ապա ուրեմն մահով ալ իրարմէ բաժնուելու մասին անգամ մը եւս մտածել։ Ուստի, մեր իրարու խոստացած սէրը կը գերազանցէ ամէն յուզում, ամէն զգացում եւ ամէն հոգեվիճակ, անգա՛մ եթէ կրնայ զանոնք ներառել։ Ասիկա աւելի խորունկ գուրգուրանք մըն է. ամբողջ գոյութեանդ համար սրտի յանձնառութեամբ։

Զոր օրինակ, չլուծուած վէճի մը պարագային, թէեւ սիրելու, իրարու պատկանելու խառնակ զգացումներ կը բարդուին սրտին մէջ, սակայն, ամբողջ կեանքը միատեղ բաժնելու, իրար սիրել եւ իրարու ներելը շարունակելու որոշումը ամէն օր կենդանի կը մնայ։ Ամուսիններուն իւրաքանչիւրը աճումի եւ անձնական կերպարանափոխումի նոյն ճանապարհով կ՚ընթանայ՝ ուր սէրը ամէն օր ամէն մէկ քայլին հետ նոր հանգրուան մը կը նուաճէ։

Ամուսնութեան մը պատմութեան մէջ, ֆիզիքական կերպարանքը կը փոխուի, բայց ասիկա սիրային հրապոյրին տկարանալու պատճառ չէ՛։ Մարդ կը սիրահարուի ամբողջ անձի մը ո՛չ միայն մարմնին, այլ անոր հարազատ ինքնութեան, նոյնիսկ եթէ այս մարմինը, հակառակ ժամանակին հիւծումին, չդադրի որեւէ կերպով մը արտայայտելէ իր այն յատուկ էութիւնը՝ որ հրապուրեց միւսին սիրտը։

Մինչ ուրիշներ այլեւս այս էութեան գեղեցկութիւնը չեն տեսներ, բայց սիրահար ամուսինը կարող կը մնայ իր սիրոյ բնազդով զայն ճանչնալու եւ այսպէս՝ սէրը վերջ չ՚ունենար։ Ան կը վերահաստատէ այդ անձին պատկանելու իր որոշումը, զայն կրկին կ՚ընտրէ եւ իր այս ընտրանքը կ՚արտայայտէ հաւատարիմ եւ քաղցրալի մօտիկութեամբ։ Զինք ընտրելու ազնուութիւնը, հզօր եւ խորունկ ըլլալով, նոր յոյզեր կ՚արթնցնէ ամուսնական իր պարտականութեան կատարումին մէջ։ Արդարեւ, ուրիշ մարդկային անձի մը որպէս անձ պատճառած յուզումը ինքնին ամուսնական արարքին չի՛ ձգտիր։ Այլ ան զգացական տարբեր զգայնութիւններ կը ստանայ եւ կապակցութիւնը նոր կերպեր կը գտնէ, որովհետեւ սէրը մէկ իրականութիւն է, սակայն, տարբեր տարածութիւններով, հերթաբար որոնցմէ մին կամ միւսը կրնայ աւելի կարեւոր կերպարանքի տակ յայտնուիլ։

Կապը նոր ձեւակերպումներ կը գտնէ եւ զանոնք շարունակաբար ձեւափոխել կը պահանջէ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 21, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026