ՀԱՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ իմաստասիրական միտքը իր առաջին ծիլերը տուաւ հեթանոսութեան շրջանին՝ էպիկուրեան, սոկրատեան, պղատոնեան, արիստոտելեան, ստոյիկեան կիկերոնական -Տիրան Հայկազն- դպրոցներ։ Որպէս բեղուն ազգային իմացական հոսանք այն ձեւաւորուեցաւ Հայ գիրերու գիւտէն յետոյ՝ որպէս արիստոտելական միտումով նորպղատոնականութիւն՝ «Aristotelian Neotomism»՝ Պարոյր Հայկազ, Եզնիկ Կողբացի, Եղիշէ, Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ, Անանիա Շիրակացի եւ այլն։
Ինչպէս Եւրոպա, այնպէս ալ Հայաստան «նորպղատոնականութիւն»ը դարձաւ նաեւ Վերածնունդի դարաշրջանի գաղափարական սիւներէն մէկը։ Հայաստանի վերածնունդի շրջանի նորպղատոնականութեան ջահակիրը դարձաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի՝ որ միաժամանակ էր ժամանակաշրջանի հոգեւոր զարթօնքի, քրիստոնէական հաւատքի, անհատապաշտութեան, հոգեղէնութեան, աստուածամերձման ռահվիրան եւ աստուածանուիրման եւ ապաշխարութեան կոչնակը։
Ուշագրաւ եւ հետաքրքրական է Նարեկացիի փրկութեան գործընթացի մեկնաբանութիւնը։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»՝ «Նարեկ» երկի հիմնական նպատակը՝ մարդու փրկութի՛ւնն է։ Այն իրականացնելու համար ան կը մատնացուցանէ, նոյն ինքն, նախ մարդուն դերը։
Մարդ պէտք է ցանկանայ փրկուիլ եւ այդ նպատակը իրականացնելու համար պէտք է ներհայեցողութեամբ բացայայտուի իր ներաշխարհի բովանդակութեանը։ Ներհայեցողութեամբ ան պէտք է բացայայտէ իր մեղքերը, գիտակցի եւ ընդունի իր մեղաւոր ըլլալը եւ Աստուծմէ խնդրէ՝ որ զինք իր մեղքերէն մաքրէ։ Այս պատճառով մարդ պէտք է աղօթէ Աստուծոյ եւ թողութիւն հայցէ։ «Ողբերգութեան Մատեան»ին մէջ Նարեկացին կը նկարագրէ մարդուն այն ինքնամաքրման գործընթացի ներքին ծալքերը, այդ ընթացքին մարդու հոգիին մէջ բարձրացող փոթորիկները եւ հակասութիւնները, հակադրութիւնները՝ մարդու ներաշխարհին ալեկոծումները։ Արդարեւ, Նարեկացին դժբախտ կը համարէ այդ մարդը՝ որ այդ ալեկոծութիւններէն, այդ երերումէն եւ հակասութիւններով հարուստ վիճակէն չի կրնար դուրս գալ։
Այդ վիճակէն դուրս գալու համար, մարդ պէտք է ապաշխարէ. ներհայեցողութեամբ ինքնազննութեան ենթարկէ ինքզինք։ Անիկա կ՚ենթադրէ ցաւ զգալ կատարուած սխալ արարքի համար, զղջալ, հրաժարիլ անցեալի սխալ միտքերէ, մտադրութիւններէ, վարքագծերէ։
Նարեկացին կը նկատէ, որ ասիկա անբաւարար է. ինքնախարազանումը, ինքնաքննութիւնը, ինքզինք դատելը անիմաստ են, եթէ չեն առաջնորդեր դէպի մեղքէ մաքրում, ազատում, փրկութիւն։ Այդ մէկը մարդու կարողութիւններէն վեր է։ Ան վերապահուած է Աստուծոյ։
«Ի՞նչ շահ անոնցմէ, կամ ինծի ի՞նչ օգուտ, որ արձակելով այսպէս շարունակ, ողբ եւ հեծութիւն՝ ինքս չհատուիմ»։ Մարդու բացասական խորքի բացայայտումը, ըստ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, եթէ սահմանափակուի լոկ ինքնապախարակմամբ, լացով եւ կոծով, միակողմանի եւ գերազանցուած զղջումով եւ մեղանչումով, կարող են ճզմել մարդու անհատականութիւնը, ստորացնել եւ յուսալքել զայն։
«Թէ՛ ուժգին զղջումը, թէ՛ անսանձ մեղանչումը, մոլագար, կորստաբեր են հաւասարապէս. թէպէտեւ անոնք օտարածին են եւ երեւոյթով իրարմէ տարբեր, բայց ըստ էութեան զուգադրելի կը նկատենք, որ երկուքն ալ մարդը կը մղեն, կը հասցնեն նոյն վհատութեան, քանի որ մէկը կը թերահաւատի հզօրի ձեռքին՝ իսկ միւսը՝ անբան եւ չորքոտանի անասունի պէս անզգայացած, յոյս առասանը կը կտրէ մինչեւ վերջ…»։
Ապաշխարութեան նման գործընթացի ուղղութիւնը փոխելու եւ մարդու աշխարհաընկալումը լաւատեսութեան ընթացքով առաջնորդելու համար, Նարեկացի կը ձգտի մէկ կողմէ առաւել առարկայօրէն նկարագրել մարդու ներաշխարհի ելեւէջները, այդ վիճակէն դուրս գալու, կատարելագործուելու համար տարուող մաքառումներու յուզական երանգաւորումները եւ միւս կողմէ՝ դեղ եւ ելք կ՚որոնէ բացասականի կողքին դրականը, կենսունակը նկատելու համար…
Եւ ասիկա կու գայ Աստուծմէ…
- Սկզբնաղբիւր. Տքթ. Գէորգ Խրլոպեան «Գրիգոր Նարեկացին մարդու փրկուեթան մասին», 2003:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 21, 2026, Իսթանպուլ