ՀԱՅԸ ՃԱՄԲՈՒՆ ԵԶԵՐՔԸ ՆՍՏԱՒ ՀԱՄՐԻՉ ՔԱՇԵԼՈՒ…

Ճիշդ է, որ յաճախ գրականութեան մէջ գրողներ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելու եւ զինք «կլանելու» համար զգայացունց տողերու կը դիմեն եւ այդ մէկը կ՚օգնէ շատ անգամ ոչ-հետաքրքրաշարժ յօդուած մը, արձակ մը աւելի գրաւիչ դարձնելու. այս մէկը գրողներու յատուկ հնարք մըն է: Շատերու մօտ այս մէկը կ՚ըլլայ, «բռնազբօսիկ» տեսք կ՚ունենայ. արհեստական ու կեղծ, սակայն, Շահնուրի մօտ վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է։ Շահնուր ունի բազմաթի՜ւ զգայացունց տողեր, սակայն, անոնք ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելու համար չեն գրուած. անոնք անկեղծ արտայայտութիւնն ու հայելին են Շահնուրի միտքերուն: Չկարծուի, թէ Շահնուր պարզապէս գրած է տողեր՝ մամուլի կամ մտաւորականութեան ուշադրութիւնը գրաւելու, որովհետեւ Շահնուրի զգայացունց տողերը ունին իրենց տրամաբանական հիմնաւորումները: Բնական է, որ մարդ կարծէ, թէ Շահնուր կ՚ատէ հայութիւնը, որովհետեւ կ՚ընէ այնպիսի քննադատութիւններ, որոնք մարդ շատ անգամ իր թշնամիին ընելէ կը խուսափի։ Շատեր կրնան հարց տալ, թէ ի՞նչ է այս մարդուն ուզածը: 

Ըսե՛նք: 

Շահնուր մտաւորական մարդ էր եւ այնպէս ինչպէս ճարտարապետը գիտէ, թէ ինչպէ՛ս կը բարձրանայ շէնքը, նոյնպէս Շահնուր գիտէր, թէ ինչպէ՛ս ազգ մը դէպի փայլուն ու պայծառ ապագայ կ՚առաջնորդուի, սակայն, այն իրականութիւնը, որ կը տիրէր իր ժամանակաշրջանին՝ բաւականի՜ն հեռու էր իր հաւատացածէն։ Օրինակի համար, իր ժամանակէն մինչեւ մեր օրերը հասած կուսակցական կռիւները։ Շահնուր խստիւ կը դատապարտէր այս մէկը, ըսելով, որ անոնք արտաքին թշնամին փնտռելու փոխարէն՝ ներքին թշնամիի մը ետեւէն ինկած են։ Այս մտածումը յայտնած են ժամանակի բազմաթի՜ւ մտաւորականներ, որոնցմէ մին նոյնիսկ ըսած է, թէ այդ ներքին թշնամին գտնելու ջանքը եթէ ի գործ դրուէր արտաքին թշնամիին դէմ՝ ապա այսօր ամբողջութեամբ տարբեր պատկեր կ՚ունենար Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ճակատագիրը: Միւս հիմնական քննադատութիւնը՝ որ ըստ մեր կարծիքին՝ մինչեւ օրս հայ ժողովուրդի մեծագոյն թերութիւնն ու անոր կործանումին հիմնական պատճառը եղած է ու պիտի ըլլայ՝ անտարբերութիւնն է։ Հայը կ՚ուզէ ո՛չ մէկ բան ընել, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կ՚ուզէ բարձրանալ, կ՚ուզէ զարգանալ ու յաղթանակած դուրս գալ: Շահնուր թէ՛ ցեղասպանութեան ժամանակ եւ թէ իր ժամանակաշրջանին գործող ղեկավարութիւնը կը նմանեցնէ մանուկներու, որոնք առանց վիճակին լրջութիւնը գնահատելու եւ հասկնալու՝ ոչ-մտածուած որոշումներ կը կայացնէին։ Շահնուր հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ անոնց «տգիտութիւն»ը. «Կը նմանէիք մանուկի մը, որ քնացող գազանի մը վրայ խճաքարեր կը նետէ՝ բարկացած եւ դժգոհ ըլլալուն համար»։ Ընդհանրապէս մանուկներ խճաքարեր կը նետեն իրենցմէ զօրաւորին վրայ ա՛յն պարագային, երբ ազատելու եւ պաշտպանուելու միջոց մը ունին։ Տակաւին հասունութենէն հեռու մանուկը անգամ իր միտքին մէջ ինքզինք պաշտպանելէ ետք որոշ ոտնձգութիւններ կը ձեռնարկէ: Այդ ժամանակուան ղեկավարները պարտութեան համար կը մեղադրէին Եւրոպան, կը մեղադրէին Անգլիան, սակայն, Շահնուր մէկ բանի կը հաւատայ. մենք չպարտուեցանք ուրիշներու պատճառով. մենք պարտուեցանք՝ որովհետեւ անտարբերութեամբ նստած պատրաստ չէինք ո՛չ մէկ դիմադրութեան, ո՛չ մէկ դիւանագիտական ձեռքբերումներու:

Շահնուրի բառերը պարզ ու յստակ են. «Եւ եղաւ հայը, որ պարտուեցաւ եւ որ թերեւս անհետանայ, որովհետեւ ծոյլ էր ան, որովհետեւ մեծ ճամբուն եզերքը նստաւ համրիչ քաշելու եւ թողուց որ ժամանակը անցնի։ Աստուած իմ, ի՜նչ անխնայ վատնում, ի՜նչ անխնայ սպառում ժամանակի, ի՜նչ ոճրային մեղկութիւն»։ Այս է, որ կը տանջէ Շահնուրը։ Ի՞նչ ըրինք մենք, ինչո՞ւ պատրաստ չէինք. Շահնուրի համար այս հարցերուն պատասխանը շատ աւելի կարեւոր է մեր ճակատագիրը որոշելու՝ քան Եւրոպայի կամ Անգլիոյ եւ այլ դաշնակիցներու աջակցութիւնը։ Անշուշտ, պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Վերջին մի քանի տարիներու պարտութիւնը շատեր կը բարդեն նախկին դաշնակից Ռուսաստանի վրայ. ինչո՞ւ համար ռուսը չօգնեց հայուն։ Այս մօտեցումն է, որ կը քննադատէ Շահնուր, որովհետեւ ազգ մը եթէ իր գոյութիւնը ամբողջութեամբ վստահած է ուրիշին՝ կը նշանակէ տէրը չէ իր գոյութեան: 

Շահնուր իր զգայացունց տողերով կ՚ուզէ, որ իր ժամանակուան նոր սերունդին մէջ արթննայ ինքնաքննադատութիւնը, որովհետեւ միայն այդպիսով կարելի է սրբագրութեան գործընթացը սկսիլ։ Սխալ մը սրբագրելու համար նախ եւ առաջ պէտք է ընդունիլ այդ սխալը, հասկնալ անոր ետին գտնուող թերի որոշումներն ու երեւոյթները։ Շահնուր այս մէկը կ՚ուզէր, որովհետեւ կը տեսնէր, որ յետցեղասպանութեան սրբագրութեան փոխարէն՝ կը զարգանար այլ երեւոյթ մը. հայհոյանքի եւ ողբի երեւոյթը։ Հայ ժողովուրդը կը հայհոյէր դաշնակիցներուն, կը հայհոյէր արտաքին թշնամիին, կ՚ողբար իր կորուստը, սակայն, դարձեալ կը մնար նոյն սխալին մէջ. չէ՛ր յառաջդիմեր, իր սխալներէն դասեր քաղելով դէպի աւելի պայծառ ապագայ չէր առաջնորդուեր։ Շահնուր կը հաւատար, որ հայհոյելը, մեղադրելն ու զոհի հոգեբանութեամբ ապրիլը հայ ազգին ո՛չ մէկ ձեւով օգուտ կրնայ ապահովել։ Միակ օգուտը, որ կարելի է ակնկալել՝ նոր սերունդն է, որ օտարանալու փոխարէն՝ պէտք է աւելիով կառչի իր արմատներուն, թշնամիներն ու դաշնակիցները մեղադրելու փոխարէն՝ պէտք է վստահի սեփական ուժերուն: Շահնուրի համար ինքնաճանաչողութիւնը ամենէն կարեւորն է, որովհետեւ անոր կարծիքով՝ մենք «պարտուեցանք նաեւ անոր համար, որ մենք չէինք կրնար մեր մէջը իջնել»:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մահուան արժանի է այն ժողովուրդը, որ զուրկ է գեղարուեստէ, որովհետեւ ժողովուրդ մը՝ որ գեղարուեստ չունի, կը նշանակէ, թէ զգալու կարողութիւն չունի: Եւ ինչ է ժողովուրդ մը՝ որ չի զգար:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2026