ՆԵՐՈՒՄ ՇՆՈՐՀԵԼ…
Դատապարտուած եւ բանտարկուած անձ մը բանտէն արձակելու համար «ներում շնորհել»ը կրնայ պաշտօնական բացատրութիւնը ըլլալ. բայց դատական պոռացող սխալմունք մը այդ անիմաստ եւ անտեղի բացատրութեամբ պարտկելու ձեւականութիւնը նոյնքան պոռացող ծիծաղաշարժութիւն մը չէ՞։
Աւա՜ղ, աշխարհ հակառակ գիտութիւններու, արուեստներու եւ ուրիշ շատ մարզերու մէջ ըրած հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններու, շատ դանդաղօրէն կ՚առնէ բարոյական այս քայլափոխը, այնքան բազմապիսի, բարդ եւ խորախորհուրդ են պաշտօնականութեան մտածումները։ Ընդհանուր մարդկութեան պատկանող՝ սիրտը մարդասիրութեամբ լեցուած մարդը՝ իր երիտասարդութեան կ՚աշխատի, կը յոգնի, կ՚ուսանի, փորձառութիւն ձեռք կը բերէ, կեանքը կը սորվի, որպէսզի իր կեանքը իրեն, իրեններուն եւ իր նմաններուն՝ ուրիշներուն օգտակարութեան եւ երջանկութեան նուիրէ. եւ կը յաջողի իր սկզբնաւորութեան մէջ։ Մարդասէր մարդուն դիրքը եւ պատիւը օրէ օր կը բարձրանայ, իր գործունէութիւնը կ՚ընդարձակի. նիւթական վիճակը շարունակ կը զարգանայ. իր ընտանիքը իրմով եւ ինք իր ընտանիքով գոհ եւ երջանիկ կ՚ըլլան։ Ընդարձակ շրջանակ մըն ալ կը սիրէ զինք իր արուեստին եւ բարեսրտութեան համար, իսկ ինք կը մնայ միշտ «մարդասէ՛ր» եւ ան կը սիրէ, «մա՛րդ»ը առանց խտրութեան եւ մանաւանդ անշահախնդիր։ Մա՛րդ է ան, քանի ան մարդասէ՛ր է։
Բայց կեանքը լեցուն է անակնկալներով եւ սէրը կրնայ անիրաւութիւններու զոհ երթալ։ Դժբախտ օր մը, պահ մը կը բաւէ անիրաւութեան մը, անդարմանալի անիրաւութեան մը հանդիպելու համար։ Ասիկա կրնայ ըլլալ բնութեան անիրաւութիւնը՝ իր դիրքին, իր առողջութեան, իր երջանկութեան, իր յաջողութեան, որոնք կեանքը ջարդուփշուր կրնան ընել։ Ո՞վ կրնայ չափել կամ կշռել այս անիրաւուած կեանքին զգացած դառնութիւնը. ո՞վ կրնայ ըմբռնել անոր յոռետեսութիւնը, յուսալքութիւնը եւ արդարութեան եւ իրաւունքի վրայ իր հաւատքին կրած ցնցումը, մանաւանդ ո՞վ կրնայ այպանել զինք իր այս զգացումներուն համար։
Անծանօթ «մարդասէր»ի մը կրածը եւ անոր ամբողջ կեանքին խորտակումը ամէն օր եւ ամէն մարդու պատահելիք դժբախտութիւններէն չեն. անորը այնքա՜ն հսկայ եւ այնքա՜ն ահաւոր է։ Եւ սակայն կեանքին մէջ հոգին խորտակող, դառնացնող պարագաներ կրնան գտնուիլ ամէն կողմ։ Լաւ նպատակներ ունեցող տգէտ անխոհեմ բարեկամներու սխալմունքին կամ սեւ սիրտ կրող չարակամ թշնամիներուն, կամ որեւէ անարժան մարդու փոքրոգութիւններուն եւ չարութիւններուն հետեւանքով սրտի եւ հոգիի դառնութիւն ունեցող անմեղ մարդիկ պակաս չեն ամէն շրջանակի մէջ. անիրաւուած, զոհուած, ծանր վիշտերու եւ դժբախտութիւններու հանդիպած հոգիներ՝ որոնք ո՛չ դատարան կը գտնեն բողոքելու, եւ ոչ իսկ գտած ատեն ամէն անգամ կը յօժարին իբր դատախազ ներկայանալ։ Կեանքի ծանր եւ դաժան բաներ՝ զորս մարդ ստիպուած է յաճախ առանձին կրել։ Հոգիի խորերէն դառնացած մարդեր կան, տառապանքի եւ յուսահատութեան եւ երբեմն յուսալքման ներքեւ կքած հոգիներ, որոնք Շէյքսփիրի «Համլէթ»ին նման «լինե՞լ թէ չլինել»ը նժարին մէջ դնելով երկար կը կշռեն զայն, եւ աւա՜ղ, երբեմն նոյնիսկ ազատումը «կամաւոր մահուան» մէջ կը ջանան գտնել։
Բայց իրապէս, չկա՞յ ուժ մը՝ զոր այսպէս դառնացած հոգիներ կարենան գտնել. ո՛ւժ մը, որ կորով, կամք եւ քաջութիւն պարգեւէ կրելու բեռներ, զորս տանիլը մարդկօրէն անկարելի կը թուի։ Չկա՞յ լոյս մը, որ քակէ անլուծելի նկատուած հանգոյցները, եւ բալասան մը՝ որ վիրաւոր եւ արիւնոտ սիրտերը սպիացնէ։ Աշխարհ ա՛յսքան մութ եւ տիեզերքը այսքան պարա՞պ է։
Ասիկա հաստատելը սնանկութիւնը պիտի ըլլար բարոյական ամէն ուժի, լոյսի եւ ճշմարտութեա՛ն։
Ուղիղ նպատակի եւ պարտականութեան գիտակցութիւնը «ԵՍ»ին մէջ, եւ անշեղ արդարութեան մը, անըմբռնելի իմաստութեան մը եւ անսպառ անվերջ սիրոյ մը գոյութիւնը «ԵՍ»էն վեր՝ մարդկային անզօրութեան եւ անկարութեան մէջ ուժ եւ զօրութիւն եւ տիրող աղջամուղջային մթնոլորտի մը մէջ սփոփարար լո՛յս են։ Եւ այս անգին ուժը եւ լոյսը ամէն հաւատաւորի սուրբ հաւատքին պտուղը եւ գա՛նձը կը կազմեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 22, 2026, Իսթանպուլ