«ՄԻ ԲԱՆ Է՛Ն ՉԻ»

Հայաստանի մէջ դարձեալ նախընտրական պայքարի շրջան մըն է. հասարակ ժողովուրդի միջոցով մեծատուն դարձողները դարձեալ ժողովուրդին մէջ են՝ շատ աւելին յափշտակելու համար առիթ խնդրելու։ Ի դէպ, այս մէկը կը վերաբերի բոլո՛ր քաղաքական ուժերուն, որովհետեւ մեր օրերուն իրապէս ամբողջովին ժողովուրդի շահերուն համար գործող ուժ դժուար թէ գտնուի թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ այլուր: Հրապարակ դուրս եկած բոլո՛ր խմբաւորումներն ալ նո՛յն ցեխին մէջ կը գտնուին, որովհետեւ աղքատ ժողովուրդ մը եթէ ունի հարուստ նախարարներ, նիւթապէս ապահով քաղաքական գործիչներ՝ ապա արեւելահայերու խօսքով «Մի բան է՛ն չի»։ Իր շքեղ դղեակին մէջ իր հանգիստը վայելող, իր զաւակներուն ապագան Եւրոպայի եւ կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ զարգացնող ո՞ր նախարարը արթննալով պիտի մտածէ գաւառներու մէջ ապրող հայորդիներուն մասին. հեռու մարզի մը մէջ մանուկի մը դպրոց երթալ-չերթալը, բուժում ստանալ-չստանալը առանձնապէս ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ստեղծէ անոնց կեանքին մէջ. ո՛չ մէկ: 

Կը զարմանանք, թէ տակաւին մարդիկ ինչպէ՞ս կուրութեամբ կը մասնակցին նախընտրական քարոզարշաւին. կը զարմանանք, որովհետեւ նոյն բաներն է, որ կը լսենք գրեթէ ամէ՛ն ընտրութիւններու ժամանակ. խոստումները կը մնան նոյնը, կը փոխուի կուսակցութեան եւ կամ քաղաքական դէմքին կամ դէմքերուն անունն ու անունները։ Յանկարծ արդէն իսկ երկար տարիներ իշխանութեան վրայ գտնուողներ կը յիշեն, որ պէտք է «բարձրացնեն» ու «բարելաւեն» ժողովուրդի ապրելակերպը եւ ժողովուրդէն մէկը տարօրինակ ձեւով հարց չի տար, թէ անցնող եօթ-ութ տարիներու ընթացքին ինչո՞ւ տեղի չունեցաւ այդ «բարելաւում»ը։ Անոնցմէ մէկը հարց չի տար, թէ ո՞ւր մնացին նախորդ նախընտրական քարոզարշաւին բարձրաձայնուած խոստումները: Այս բոլորը աւելորդ ու ցաւալի կը նկատենք, որովհետեւ թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ ընդդիմութիւնը իր պայքարը գաղափարախօսութեան շուրջ չէ՛, որ կը մղէ։ Այսօր այս անձը թշնամի նկատող մը վաղը կրնայ նոյն անձին ամենէն մտերիմն ու մօտիկը ներկայանալ, որովհետեւ անոնց մէջ գաղափարներու հակասութիւն չէ՛, որ գոյութիւն ունի, որովհետեւ գաղափարախօսութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չունի։ Մէկը միւսին վրայ յենլով կը փորձէ իր դիրքը ամրացնել։ Դրամ ունեցող մեծահարուստները նոր կուսակցութիւններ կը հիմնեն՝ փոխանակ իրենց ամենէն լաւ բանը՝ երկրի տնտեսութիւնը աւելիով զարգացնելու յատկացնելու: 

Անցնող չորս տարիներուն ժողովուրդին մէջ թիկնապահներով շրջողները յանկարծ այսօր ժողովուրդի որպէս «խոնարհ» ծառան կը փորձեն ձեւանալ ու դուրս կու գան փողոց, կը փաթթուին հասարակ քաղաքացիներուն, անոնցմէ մէկը ըլլալ կը ձեւանան՝ մինչեւ ընտրութիւններու արդիւնքը. արդիւնքէն ետք՝ պարտուած թէ յաղթած, դարձեալ կը կորսուին ժողովուրդին մէջէն եւ կը դառնան ժողովուրդէն վեր ու բարձր՝ իրենց մտաշխարհին մէջ անշուշտ: 

Այժմ կը լսենք, որ շատեր կը քննադատեն այն քաղաքացիները, որոնք կը հրաժարին քուէարկելէ՝ համոզուած ըլլալով, որ վերջաւորութեան արդիւնքը մի՛շտ ալ պիտի ըլլայ նոյնը։ Նման «անտարբեր» քաղաքացիները քննադատելը տրամաբանական չենք տեսներ, որովհետեւ կայ ճշմարտութիւն մը, որ ժողովուրդը երկրին տէրը ըլլալով հանդերձ, ժողովրդավար պետութեան մէջ ապրելով հանդերձ իր իղձերն ու նպատակները երբեք պիտի չկարենայ իրականութիւն դարձնել՝ ո՛վ ալ գտնուի իշխանութեան գլուխը: Ինչքա՜ն երանելի պիտի ըլլար ունենալ համակարգ մը, որ գործող իշխանութիւնը պատասխանատուութեան կանչէ իր տուած, սակայն, չկատարած խոստումներուն համար։ Եթէ անցեալին եղած են չիրականացած խոստումներ, ապա ներկայիս տրուող խոստումներուն մեծ մասը եւս իրականութենէ հեռու մնալու վտանգը ունին իրենց մէջ. պէտք է ըլլալ թափանցիկ. պէտք է հաշուետու ըլլալ ժողովուրդին: 

Կը հաւատանք, որ ժողովուրդի մը թշուառութեան պատճառը երբե՛ք իշխանութիւնը չէ. թշուառութեան մեծագոյն մեղաւորը ժողովուրդը ի՛նքն է, որովհետեւ ժողովուրդը այս պարզ բանը կը դժուարանայ հասկնալու. երկիրը կը պատկանի ժողովուրդին եւ ո՛չ իշխանութեան։ Իրականութեան մէջ այնպէս կը կարծուի, որ ժողովուրդը հաշուետու է պետութեան, սակայն, ճիշդը հակառակն է. իշխանութիւնը ի՛նք հաշուետու է ժողովուրդին, որովհետեւ ժողովուրդն է, որ այդ պաշտօնն ու աթոռը կը յանձնէ իշխանութիւններուն՝ որպէսզի ծառայեն եւ ո՛չ թէ հարստանան՝ հարստացնելու փոխարէն: Այսօր կը տեսնենք, թէ ինչպէս ոստիկաններ՝ որոնք ժողովուրդի տուած հարկերով աշխատավարձ կը ստանան, պետական գործիչները կը պաշտպանեն նոյնինքն այդ ժողովուրդէն. պետական գործիչ՝ որ ժողովուրդին ճամբով պաշտօնի կը կոչուի, ինքզինք կը պաշտպանէ ժողովուրդէն՝ նոյն այդ ժողովուրդին հաշւոյն: Այնքան ատեն որ քաղաքականութեան մէջ կայ նման անտրամաբանական ընթացք՝ երկիրի վիճակը բարելաւել անկարելի է. երկիր մը՝ ուր օրէնքը ժողովուրդին համար է միայն եւ ո՛չ քաղաքական գործիչներուն, դատապարտուած է թշուառութեան: Քաղաքացին չէ՛, որ պետական գործիչին առջեւ պիտի խոնարհի. քաղաքական գործիչը ի՛նք պիտի խոնարհի ժողովուրդին դիմաց, որովհետեւ ան պաշտօնի կոչուած է ծառայելու եւ ո՛չ ծառայութիւն ընդունելու:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամէն ժողովուրդ, քաղաքակրթութեան ո՛ր աստիճանին վրայ ալ գտնուի, հերոսապաշտ է…:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 23, 2026