ՔՐԻՍՏՈՍԸ ԱՊՐԻԼ
«Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստո՛ս է, որ կ՚ապրի իմ մէջս», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ իր նամակին մէջ. (ԳԱՂՏ. Բ 20)։
Մխիթար Հերացի (1120-1200), ԺԲ. դարուն ապրած հայ մեծանուն գիտնական, բժիշկ, բնագէտ եւ փիլիսոփան՝ հայկական դասական բժշկութեան հիմնադիրը՝ իրական իմաստով ճշմարիտ «մարդասէ՛ր» մըն էր։ Անոր տան դուռը միշտ բաց էր կարօտեալին եւ հիւանդին առջեւ, անոր լոյսը անմար կը մնար մինչեւ առաւօտ իր գրասեղանին վրայ։ Արդարեւ, ան հայ ժողովուրդի համար, հոգեւոր մշակոյթի համար «լուսաւոր դէմք» մըն էր։ Ուստի, ան հայկական բժշկագիտութեան ի նպաստ մեծ ծառայութիւններ մատուցած է։
Կան ծառայութիւններ՝ որոնք կոչումի կը կարօտին եւ ո՛չ թէ ապրուստի միջոց, այլ՝ նուիրում են. ո՛չ թէ արհեստ, այլ՝ արուեստ են անոնք։ Անոնք կը պահանջեն սիրել մարդոց հոգիները եւ ծառայել անոնց առանց ակնկալութեան։ Եւ մարդուն կատարելութիւնը այդ սիրոյն մէջ կը կայանայ։ Սէրը կ՚արտայայտուի անձնուրացութիւնով միայն։
Գիշեր մը, երբ Մխիթար Հերացի իր սենեակին մէջ՝ առանձնութեան պահերուն ինքնամոռացութեամբ կ՚ուսումնասիրէր զանազան բոյսեր, որոնց օգտագործումը բժշկութեան մէջ կենսակա՛ն կը համարուէր, յանկարծ դուռը թակուեցաւ։
Հերացին անմիջապէս կանթեղը առաւ եւ բացաւ դուռը։
Դրան առջեւ, սեմին օտարական մը կանգնած էր։ Ան ըսաւ մեծ բժիշկին.- Ներէ՛, բժի՛շկ, որ այսպիսի անպատեհ, անյարմար ժամու մը քեզ կ՚անհանգստացնեմ։ Հեռուներէն կու գամ եւ քու բարի օգտաշատ խորհուրդիդ կը կարօտիմ։
Հերացին կը կարծէ, թէ օտարականը սովորական հիւանդ մըն է եւ ներս կը հրաւիրէ զայն։
Երբ օտարականը կը նստի, Հերացին կը սկսի հարցուփորձել անոր առողջութեան մասին։
-Ես հիւանդ չե՛մ, բժի՛շկ, ես մօտդ եկած եմ քեզի երեք հարցում ուղղելու համար։ Եթէ թոյլ տաս՝ կ՚ըսեմ։
-Պատրաստ եմ քեզ լսելու, կը պատասխանէ Հերացի եւ կը շարունակէ.- խօսէ՛։
-Նախ, ըսէ՛ ինծի, բժի՛շկ. ինչի՞ մէջ կը կայանայ քու բժշկութեան գաղտնիքը։
-Իմ բժշկութիւս ո՛չ մէկ գաղտնիք ունի, կը պատասխանէ Հերացին։
-Իմ բժշկութիւնս ՍԷՐ է, ՍԷ՛Ր՝ մարդոց հանդէպ։
-Ըսէ՛ ինծի. դժուա՞ր է բժիշկի մը պարտականութիւնը։
-Բժիշկներուն աշխատանքը դժուա՛ր է, երբեմն չափազանց դժուար, բայց բժշկութիւնը պարտականութիւն չէ՛, զաւա՛կս, բժշկութիւնը ամենէն առաջ կոչո՛ւմ է եւ խի՛ղճ, կը պատասխանէ Հերացի։
-Վերջին հարցում մըն ալ, բժի՛շկ, ըսաւ օտարականը.- Զիս քովդ չե՞ս առներ որպէս աշակերտ։
-Քու այս երրորդ հարցումիդ ես չեմ կրնար պատասխանել, մինչեւ որ դուն չպատասխանես իմ սա հարցումիս, ըսաւ Հերացի.
-Ըսէ՛ ինծի, հիւանդի մը համար դուն կրնա՞ս ամէն ինչէ զրկել ինքզինքդ։ Կրնա՞ս հանապազօրեայ հացի փոխարէն հիւանդի մը համար դեղ գնել, կրնա՞ս անքուն գիշերներ անցընել անոր անկողնին քով՝ մոռնալով քու մերձաւորդ։ Եւ վերջապէս, դուն կրնա՞ս միանգամ ընդմիշտ ընդունիլ, թէ բժիշկի մը աշխատանքը միա՛յն պարտականութիւն չէ, այլ անհո՛ւն սէր մարդոց հանդէպ, համակ նուիրում եւ սրբազան գործ։ Եթէ ազնիւ եւ ուղղամիտ մարդ ես, ըսէ՛ ինծի ճշմարտութիւնը՝ որուն կը հաւատաս։
Օտարականը շփոթեցաւ, տարակուսանքի մատնուեցաւ.- Ես… ես ազնիւ մարդ եմ, բժիշկ, ըսաւ ան ծամծմելով,- ես չեմ կրնար քեզ խաբել։ Աւելի լա՛ւ է, որ ես շարունակեմ զբաղիլ իմ արհեստովս՝ տակառագործութեամբ…
Մխիթար Հերացի՝ մեծ բժիշկը մօտեցաւ եւ գրկեց օտարականը՝ ճշմարտախօս տակառագործը եւ ըսաւ.- Ապրի՛ս, զաւակս, դուն այս վայրկեանիս փաստեցիր, որ խղճամիտ մարդ ես, հրաժարեցար ապագային յանցագործ դառնալէ, պարտազանց մէկը ըլլալէ։
Օտարականը ներողութիւն խնդրեց եւ մեկնեցաւ։ Իսկ Մխիթար Հերացին՝ որ իրապէս ամբողջ նուիրում եւ սէ՛ր էր մարդոց նկատմամբ, դարձեալ խորասուզուեցաւ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ։
Կը պատմուի, թէ աստուածաբանական ուսանողի մը կը հարցնեն.- Աստուծոյ ծառայութիւնը որպէս դաշտ եւ ասպարէզ ընտրած ես դուն քեզի. կրնա՞ս մեզի ըսել, թէ զայն ինչո՞ւ ընտրեցիր։
Ուսանողը կը պատասխանէ.- Զայն ընտրեցի, որպէսզի բարձր եւ լաւ դիրք վայելեմ ընկերութեան մէջ…
Մխիթար Հերացիի այցելող տակառագործը շատ աւելի՛ ազնիւ եւ խղճամիտ է, քան այդ ուսանողը։ Այլապէս, կարելի է մտածել, թէ իր կարգին, այդ ուսանողն ալ ճշմարտախօս էր, քանի որ իր բուն նպատակը անկեղծօրէն ըսաւ։ Բայց կարեւորը նպատակին ի՛նչ ըլլալը չէ, այլ այդ նպատակին ի՛նչպէս հասնիլն է։ Եւ կան տակաւին ի՜նչ ծառայութիւններ՝ որոնք անկեղծութիւն, անձնուիրութիւն, զոհաբերութիւն կը պահանջեն եւ կոչումի կը կարօտին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 22, 2026, Իսթանպուլ