ԲԱԺԻՆ ՀԱՆԵԼ ԵՂԲՕՐ

Պահ մը խորհեցէք սիրելի բարեկամներ. ո՜րքան լուսաւոր եւ բարեբեր պիտի ըլլար ամբողջ աշխարհը եւ կեանքը՝ եթէ իւրաքանչիւր ոք իր ունեցած բարոյական կամ նիւթական ճոխութենէն բաժին մը հանէր իր եղբօրը։ Զոր գիտցածները ուրիշներու հետ բաշխէր, կարօտեալ մը գոհացնէր, վշտահար մը մխիթարէր կամ անօթի մը կշտացնէր…

Անասնական նայուծք մըն է կեանքին վրայ, երբ մէկը նկատէ զայն իբրեւ հաճոյքի անուշ ժամանց մը, ծաղիկի մը բոյրովը՝ ստուերի մը թեթեւ սահումովը ըմբռնուած։ Ապրելու արուեստը կարծուածէն շատ աւելի՛ լուրջ եւ դժուարին գործ մըն է՝ հաւատքի եւ սիրոյ գործ մը։ Երկրաւոր զօրութիւնները կը վրդովեն մարդը. կ՚արգիլեն անոր հոգեկան ամբարձումները՝ դէպի բարութեան Արարիչը։

Պէտք է տկարացնել մարդուն անձնասիրութիւնը գգուող վերոյիշեալ ուժերը՝ որոնք երկրաւորին տենչանքը կը շեշտեն եւ կ՚ուժաւորուին իր մէջ։ Չէ՞ որ որթատունկին կամ ծառին աւելորդ ճիւղերը կտրուած ատենը, հիւթը դուրս կը ծորի եւ ծառը կ՚արցունքոտի, բայց, աւելի զօրանալով գեղեցիկ եւ համեղ պտուղներ կու տայ։ Զոհողութիւնը գերազանցապէս սիրոյ օրէնքն է։ Ի՜նչ զոհեր կը ճենճերին, կ՚այրին սիրոյ աստուածային տաճարին մէջ, երբ սիրտերու խորաններու վրայ սուրբ զգացումներ կը բարձրանան խունկի բոյրերով դէպի Փրկիչը։

Քրիստոնէական սէրը անձին նուիրուած հատնող մոմին պէս՝ որ լոյս տալու համար կը սպառէ ինքզինք։

Ո՛չ մէկ սէր առանց զոհի, առանց անձնուիրութեան. Յիսուսի հետեւող մարտիրոսները խաչով բարձրացան երկնային գահերու, որոնց համար Փրկչին սէրը աւելի՛ հզօր էր քան մահը։ Իսկ անոնք, որոնք մեղքով սնած ըլլալով՝ համր՝ խուլ եւ կոյր են հաւատքին համար, եւ մարմնոյ հաճոյքովը՝ աչքին հաճոյքը՝ հպարտութիւնը եւ մեղքին ամբողջ արտադրութիւնը թունաւորած է իրենց սէրը՝ որոնք մահացու վէրք մը ընդունածի պէս գետին ինկած՝ տառապալից եւ վշտահար, չեն խնդրեր փրկարար ուժ մը Յիսուսէն, անոնց համար մահը հզօր է քան սէրը, որովհետեւ մեղքը կրծած թառամեցուցած է իրենց կեանքին ծաղիկը։

Հաւատքին աչքը սրտին վրայ է. բաւականութիւնը մասնական վայրկենական նուիրում մը ունի, սիրտը միայն ողջակէզներ ունի։ Առանց սիրոյ կեանքը դատարկ է եւ ապերջանիկ, մարդկային բոլոր կապերը թեթեւ երջանկութեամբ մը հիւսուած՝ անզօր եւ անստոյգ են, կեանքին փոթորկալից ալիքներու վրայ տարուբեր. մինչ անշահախնդիր սէրը յաւիտենական խարիսխի մը վրայ կը հանգչի։

Սէրը բարեացակամութիւն եւ ներողամտութիւն կը պահանջէ, ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, երբ չես կրնար թափանցել անոր ուղեղի եւ սրտի բոլոր գաղտնիքներուն։ Ի՛նչ որ քու մթագնած աչքիդ համար արատ կը թուի, Աստուծոյ մաքուր լոյսին առջեւ կրնայ սպի մը եղած ըլլալ այն՝ զոր դժնդակ եւ յաղթական կռիւ մը թողած է ճակտի մը վրայ։

Քրիստոնէական հաւատքը՝ աստուածային շունչով մը՝ հոգեկան բարեշրջմամբ մը կերպարանափոխեց աշխարհը, ազնուացուց մարդոց զգացումնեը, ստեղծեց բարձր բարոյականը, եւ սիրոյ լայնածաւալ շրջանակի մը մէջ մարդերու եղբայրութեան աւետիսը հնչեցուց։ Աւետարանը քարոզեց, թէ բոլոր մարդիկ նո՛յն ծագումը եւ նոյն բնութիւնը ունին։

Մեր բոլորին պարտականութիւնն է ուրեմն կեանքը ապրիլ Յիսուսի ոգիով։ Եւ ի՜նչ ուրախութիւն է ապրիլ Յիսուսի ոգիով երկրի վրայ…

Ո՛չ աշխատութեան, ո՛չ ստացուածքի, ո՛չ գիտութեան եւ ոչ արուեստի մէջ պէտք է փրկութիւն փնտռէ մարդ. աշխարհային բարիքները միջոցներ են Աստուծմէ ծնած բարձրագոյն կեանք մը շինելու համար մարդոց մէջ։

Կեանքի ներդաշնակ զարգացման անհրաժեշտ ո՛ւժն է հաւատքը՝ որ սիրոյ գործունէութեան մը մէջ փթթելով՝ կը վերածնի մարդս յաւիտենական կեանքի համար։ Արդարեւ, հաւատք եւ սէր մէկ աղբիւրէ կը հոսին, հաւատք եւ սէր՝ երկու զօրութիւններ՝ որով Ս. Հոգին կը վերաստեղծէ աշխարհը։ Հաւատքը մարդը աստուածային բարձունքներու կը հանէ, սէրը զԱստուած մարդկային խաւերու մէջ կ՚իջեցնէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 23, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2026