ԵԹԷ ՇԱՀՆՈՒՐ ՉՔԱՆԱՅ…

«Ձեր խիղճին չեմ կրնար ձգել հայ ժողովուրդի մտաւոր կարողութիւնները կասկածի տակ առնելու, հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութիւնը վիրաւորելու Ձեր վտանգաւոր փորձերը, որովհետեւ ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը այսօր սփիւռքահայութեան գոյատեւման ամենէն զօրաւոր ազդակներէն մէկն է». հայ բանաստեղծ, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Վահագն Դաւթեան իր այս տողերով կը քննադատէր Շահան Շահնուրը «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթի 21 յունուար 1970-ի թիւին մէջ հրատարակուած իր յօդուածով: Երկու գրողներու մէջ եղած «հակամարտութեան» հիմնական պատճառը պարզ էր.- Շահան Շահնուր ունէր սուր գրիչ եւ պատրաստ էր քննադատել ամէ՛ն երեւոյթ՝ որ կրնայ հայու ինքնութիւնը վտանգել։ Անշուշտ, Շահնուրի քննադատութեան ոճը ամբողջութեամբ տարբեր էր՝ շատ անգամ մինչեւ իսկ վիրաւորանքի հասնող. շատեր այդ ոճը կ՚որակէին որպէս «ատելութիւն», սակայն, Շահնուրի համար հայրենիքի հանդէպ կատարեալ սիրոյ արտայայտութիւն էր, որովհետեւ գոյութիւն ունի «սիրելու» երկու եղանակ. մին սխալները անտեսելով լաւատես կողմերը կը մեծարէ, իսկ ուրիշը՝ լաւատեսը ձգած բացասականը սրբագրելու կը ջանայ, որպէսզի յանկարծ չըլլայ, որ այդ բացասականը ժամանակի ընթացքին վերացնէ նաեւ դրականը: Շահան Շահնուր սիրոյ երկրորդ տեսակը ունէր իր մէջ, մինչ Վահագն Դաւթեան ամբողջութեամբ հակառակ՝ Խորհրդային Միութեան «թմբուկը զարնելով» լաւատեսութեան մէջ կը խեղդուէր: 

Դաւթեանի գրած բաց նամակէն կարելի է հասկնալ անոր լաւատես մօտեցումները։ Անոր համոզումով՝ երիտասարդութիւնը օր օրի աւելի գիտակից ու հայրենասէր կը դառնային։ Ահաւասի՛կ, անոր տողերը. «Աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած պատգամաւորները միաձայն կը հաւաստէին, որ Հայաստանի գոյութիւնը, անոր այսօրուան վիճակը, անոր տնտեսական եւ մշակութային նուաճումները, հայ ժողովուրդի համընդհանուր ճանաչում գտած ստեղծագործական կարողութիւնները նոր սերունդին մօտ աւելիով կը զօրացնեն ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը»։ Այս հաստատումին հակառակ, Շահան Շահնուր կը հաւատար, որ երիտասարդութիւնը օր օրի աւելիով կը հեռանայ ազգային ինքնութենէն՝ իր ինքնութիւնը խառնելով օտարինին:

Մեր իրականութեան մէջ տարածուած է այդ սխալ համոզումը, որ քննադատողը անպայմանօրէն պէտք է թշնամի կամ հակառակորդ ըլլայ, որովհետեւ մենք երբեւէ չենք կրցած տարբերել քննադատութիւնը զրպարտութենէն, քննադատութիւնը՝ ատելութեան խօսքերէն, որովհետեւ ինչպէս նախապէս ալ բազմիցս ըսած ենք, քննադատութիւնը իր խորքին մէջ դրական ու շինիչ արժէք մը ունի եւ ո՛չ հակառակը: Օրինակը վերցնենք ծնողներէն. կայ ծնողք, որ իր զաւկին յոռի երեւոյթները անտեսելով լաւերուն վրայ շեշտը կը դնէ՝ կարծելով, որ այդպիսով զաւակը լաւ կողմերը աւելիով կրնայ զարգացնել, իսկ կայ ծնողք, որ դրականը ձգած բացասականները սրբագրել կը ջանայ՝ մտածելով, որ դրականը արդէն իսկ դրական է. բացասականը պէտք է սրբագրել՝ այդ դրականներուն վրայ աւելցնելու համար նոր դրականները՝ ունենալու համար կատարեալ մարդը. Երկուքն ալ անսահման սէր ունին իրենց զաւակներուն հանդէպ, սակայն, անոնց մօտեցումը տարբեր է. թէեւ արդի մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ բացասականը բարձրաձայնելու փոխարէն դրականը պէտք է քաջալերել, սակայն, հին ընկերութիւնը այդ մօտեցումը չունէր:

Ի դէպ, բաց նամակին մէջ Դաւթեան տեղ մը ինքզինք կը հակասէ։ Վերը կ՚ըսէ, թէ երիտասարդութեան մէջ օր օրի աւելիով կ՚ամրապնդուի ինքնութեան ու ազգասիրութեան գիտակցութիւնը, սակայն, մի քանի տող ետք խօսքը ուղղելով Շահնուրի կ՚ըսէ. «…սակայն դուք այսօր ի՞նչ կը մատուցէք ուծացման վտանգին դէմ առ դէմ կանգնած հայ երիտասարդութեան»։ Շահնուրի մատուցածը պարզ ու յստակ էր։ Դաւթեան կը հաւատար, որ երիտասարդութիւնը սիրաշահելով պէտք է մօտեցնել ինքնութեան, իսկ Շահնուր կը հաւատար, որ ինքնութեան մօտ ըլլալը, ինքնութիւն պահելը ո՛չ թէ բարիք է երիտասարդութեան կողմէ հայ ժողովուրդին կատարուած, այլ պարտաւորութիւն է եւ հետեւաբար ո՛չ թէ պէտք է խնդրել, այլ պէտք է պահանջել։ Բայց եւ այնպէս, Դաւթեանի գրիչը Շահնուրը քննադատելու մէջ սուր է. Դաւթեան իր բաց նամակը կը վերջացնէ հետեւեալ տողերով. «Կը խորհիմ, որ հայ գրականութիւնը բան մի չի կորսնցներ, եթէ իր մէջէն Շահան Շահնուր չքանայ, անհետանայ, կորսուի վերջապէս»։ Սակայն, հակառակելով այս տողերուն ըսենք. Շահան Շահնուր այն իմաստուն միտքերէն էր, որ տակաւին սփիւռքի մէջ հայերէն լեզուն չվտանգուած լաւապէս կը զգար ու կը գիտակցէր, որ այս ընթացքով սփիւռքի մէջ կարելի չէ ՛ հայութիւն պահել։ Շահնուր պաշտօն կամ փառք չէր ուզեր, այդ իսկ պատճառով իր խօսքը կշռելու եւ ասոր կամ անոր հաւանութիւնը շահելու հիւանդութեամբ չէր տառապեր։ Ան կ՚ըսէր այն՝ ինչ ճիշդ կը տեսնէր եւ Շահնուրի համար ճիշդը հայրենիքի եւ հայրենասիրութեան շահերն էր պարզապէս։ Շահնուր այն եզակի գրողներէն է, որ տակաւին վտանգը չմօտեցած կը բարձրաձայնէր վտանգը՝ որպէսզի հայ ազգը լուծում ու դարման գտնէ։ Մերօրեայ դժբախտ վիճակը՝ հայրենասիրութենէ, մայրենի լեզուէն հեռացած երիտասարդութեամբ, հայելին է այն վտանգին, որ Շահնուր կը փորձէր բարձրաձայնել։ Շահնուրի նպատակը իր ժամանակը քննադատել ու վատաբանել չէր. պարզապէս թուաբանական հաշիւներու ճշտութեամբ գիտէ՛ր, որ նման անտարբեր ընթացք մը միայն ու միայն դէպի կորուստ, դէպի նահանջ կ՚առաջնորդէ ազգ մը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամենէն առաջ պէտք է մեր սրտերը կրթենք, մինչեւ մեր սրտերը ընդունակ չդառնան բարձր ձգտումներու եւ ամբողջական նուիրման՝ մեզմէ ազգութիւն չի յառաջանար: Իսկ երաժշտութենէն, նկարչութենէն ու բանաստեղծութենէն աւելի ի՞նչը կրնայ նպաստել մեր հոգիներու ազնուացման…:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2026