ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ պէտք է մարդոց օգնել, որպէսզի անդրադառնան, թէ ամուսնական սուրբ խորհուրդը միայն որոշ պահի մը համար չէ, կամ լոկ ձեւակերպութիւն մը եւ կամ պարզապէս աւանդական պարտաւորութիւն մը՝ որմէ ետք ան անցեալ եւ յիշատակ մը միայն կը դառնայ, քանի որ ան իր ազդեցութիւնը կը գործէ մշտատեւօրէն ամբողջ ամուսնական կեանքի տեւողութեան։ Մարմնի լեզուն եւ ամուսնութեան մը պատմութեան ընթացքին ապրուած ճշմարիտ եւ անմահ սէրը կը դառնան «ծիսական լեզու»ին մշտատեւ շարունակութիւն մը։ Հաւատարմութիւնը, ուրախութիւնը, համբերատարութիւնը եւ իրերհասկացողութիւնը միանալով անկեղծ սիրոյ մէջ կը ստեղծեն կատարեալ եւ յարատեւ ամուսնական երջանիկ կեանք մը։
Կարելի է մտածական ընել՝ նաեւ մեկնելով սուրբգրային ընթերցումներէն եւ փոխանակուած մատանիներէն կամ ծիսակատարութեան մաս կազմող միւս նշաններէն…
Բայց լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ անոնք ամուսնութեան չհասնին՝ առանց որ իրարու համար միասին աղօթեն, իրարու հաւատարիմ եւ առատաձեռն ըլլալու համար՝ Աստուծոյ օգնութիւնը եւ օրհնութիւնը հայցեն, միատեղ հարց տան, թէ Ան իրենցմէ ի՛նչ կ՚ակնկալէ եւ միանգամայն Աստուածամօր առջեւ՝ իրենց սէրը նուիրականացնեն։
Արդարեւ, ասիկա կարելի է ամուսնական սուրբ պսակի խորհուրդին կարեւորութեանը եւ կենսականութեանը գիտակցութիւնը ունենալով։ Եւ այս կը նշանակէ գիտնա՛լ, թէ ամուսնական խորհուրդի ծիսակատարումը երբեք պարզ ձեւակատարում մը չէ՛, այլ՝ խորհո՛ւրդ մը…
Ամուսնութեան ծէսը իւրայատուկ հոգեւոր դէպք մըն է՝ որ կ՚ապրուի ընտանեկան եւ ընկերային տօնի մը մթնոլորտին մէջ։ Յիսուսի առաջին հրաշքը կատարուեցաւ Կանայի հարսանիքի խնջոյքին ընթացքին։ Նոր ընտանիքի մը հիմնումը ուրախացնող Տիրոջ հրաշքին համեղ գինին՝ բոլոր ժամանակներու այր-մարդոց եւ կին-մարդոց հետ Քրիստոսի Ուխտին «նոր գինի»ն է։ Պսակողը յաճախ պատեհութիւնը ունի իր խօսքը ուղղելու այնպիսի հասարակութեան մը՝ որ եկեղեցական կեանքին քիչ կը մասնակցի…
Մարդիկ պէտք է հասկնան, թէ ամուսնութիւնը սիրո՛յ հարց է եւ թէ միայն անոնք կրնան ամուսնանալ՝ որոնք զիրար ազատօրէն կ՚ընտրեն եւ կը սիրեն։ Սակայն, երբ սէրը սոսկ հրապոյր մը կամ անորոշ զգացում մը դառնայ, այն ատեն ամուսնացեալները մեծ դիւրաբեկութենէ մը կը տառապին, երբ սէրը տագնապ կ՚անցընէ եւ անոնց միջեւ ֆիզիքական հրապոյրը կը նահանջէ։ Այս շփոթութիւնները յաճախակի ըլլալով, անհրաժեշտ կը դառնայ անոնց ընկերակցիլ ամուսնական առաջին տարիներուն, հարստացնելու եւ խորացնելու համար իրարու պատկանելու եւ ցվերջ իրար սիրելու գիտակից եւ ազատ որոշումը։
Յաճախ նշանտուքի շրջանը բաւարար չէ՛ կարգ մը պատճառներու համար, ինչպէս երբ ամուսնանալու որոշումը աճապարուած է, յատկապէս երբ երիտասարդներուն հասունացումը կ՚ուշանայ։ Ուստի, երիտասարդ ամուսնացեալները այս ընթացքը ամբողջացնելու են իրենց նշանտուքի շրջանին իսկ։ Մինչ ամուսնութիւնը ըմբռնուելու չէ՛ որպէս ինքնիրմով ամբողջացում։
Ամուսնութեան այս միութիւնը իրական է եւ անվերադարձ եւ ասիկա հաստատուեցաւ եւ օծուեցաւ ամուսնութեան խորհուրդին միջոցով։ Այսպէս իրարու միանալով՝ ամուսինները կը դառնան ռահվիրաներ, իրենց պատմութեան տէրերը եւ հեղինակները ծրագրի մը՝ զոր միասին աւարտելու են։
Ակնարկը կ՚ուղղուի դէպի այն ապագան՝ զոր ամէն օր իրականացնելու է Աստուծոյ շնորհքով եւ այս պատճառով ալ՝ կողակիցէն կատարեալ ըլլալ չի պահանջուիր։ Ցնորքները մէկ կողմ դնելու է եւ ընդունելու է թէեւ կիս-կատար, եւ սակայն աճելու եւ յեղաշրջուելու կոչուած իրականութիւնը։
Կողակցին վրայ սեւեռուած ակնարկը երբ միշտ քննադատական ըլլայ, ասիկա կը նշանակէ, թէ ամուսնութիւնը անոնց կողմէն չէ ստանձնուած նաեւ որպէս համբերութեամբ, իրերհասկացողութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ առատաձեռնօրէն միատեղ կերտելիք ծրագիր մը։ Ասիկա կը մղէ, որ սէրը տակաւ առ տակաւ փոխակերպուի հարցաքննող եւ անխնայ նայուածքի մը՝ որ իւրաքանչիւրին արժանիքները եւ իրաւունքները կը քննարկէ, մրցակցութեան եւ ինքնապաշտպանումի համար պահանջներ ներկայացնելով։ Ամուսնացեալներ այս կերպ՝ անկարող կը դառնան երկուքին հասունացման եւ միութեան աճումին մէջ իրարու օժանդակելու։ Ասիկա պէտք է իրենց ցոյց տալ իրապաշտ պայծառատեսութեամբ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 23, 2026, Իսթանպուլ