ԱՄԵՐԻԿԱ ՎԵՐՋԻՆ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԴ ՉԷ
Այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս բազմաթի՜ւ երիտասարդներ կ՚ուզէին հասնիլ Ամերիկա։ Մէկ կողմէ զարգացած ըլլալը, միւս կողմէ նիւթական քաշողականութիւնը մագնիսի պէս կը քաշէր երիտասարդները։ Շատ մը ծնողներ մեծապէս ուրախ էին, որ իրենց զաւակը յաջողած էր հասնիլ «երազներու երկիր», սակայն, ուրիշներ մտահոգ, որովհետեւ օտարութեան մէջ՝ մանաւանդ Ամերիկայի նման երկիրի մը մէջ, հայ մնալը եւ հայ ապրիլը լուրջ պայքար կը պահանջէր եւ մինչեւ օրս կը պահանջէ: Շատ մը ծնողներ մտահոգ էին իրենց զաւակներով. անոնք որքանո՞վ պիտի կարենան հայ մնալ. որքանո՞վ պիտի կարենան իրենց դաստիարակութիւնը պահել եւ բարոյապէս դրական կեանք մը ապրիլ։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակ մշակոյթներու մէջ կային ծով տարբերութիւններ. այսօր արհեստագիտութեան ճամբով բազմաթիւ մշակոյթներ կամայ թէ ակամայ որոշ հասարակաց գիծեր ստեղծած են, սակայն, աւելի քան դար մը առաջ վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր էր եւ, բնականաբար, այդ մէկը շատ անգամ վախ կը պատճառէր։ Այսօր մեր ձեռքին տակ ունինք հօր մը խրատական նամակը՝ ուղղուած Ամերիկա մեկնող իր զաւկին։ Նամակը դարձեալ գրուած է 1914-1916 թուականներու միջեւ. սրտցաւ հայրը կը գրէ.
«Ամերիկա երթալու փափաք ունէիր։վ Ես եւ մայրդ թոյլ տուինք քեզ հեռանալ մենէ, որովհետեւ կը սիրէինք քեզ եւ կը սիրէինք քու ապագան, երկրորդ՝ վստահութիւն ունէինք քու տոկուն նկարագրի, գեղեցիկ բարքի եւ առողջ կազմուածքի վրայ: Առանց որեւէ վտանգի հասար, այդ մասին ամէնքս ալ ուրախացանք: Բայց յիշէ, որ Ամերիկա վերջին նպատակակէտդ չէ: Ամերիկայի մէջ նպատակիդ հասնելու միջոցը գտնել յուսացիր եւ այդ կէտին հասնելու համար շատ աւելի երկար եւ վտանգաւոր ճամբորդութիւններ պիտի անցընես: Ծովի եւ ցամաքի ճամբորդութեան արկածները մեր կամքէ անկախ են. այդպիսի արկածներուն զոհերը համակրանք եւ ցաւ կ՚ազդեն, բայց բարոյական ճամբորդութեան զոհերը ամէնուն արհամարհանքին եւ նախատինքին կ՚ենթարկուին: Թէեւ բարոյականով ու կամքով զօրաւոր ես, բայց փորձութիւններն ալ զօրաւոր են: Մարդ երբեք իր զօրութեան վրայ բացարձակ վստահութիւն ունենալու չէ, տկարութիւնը շատ անգամ անզգալաբար կը սողայ մեր մէջ եւ եթէ զգոյշ չըլլանք՝ օր մը յանկարծ մենք արդէն պարտուած կը գտնենք զմեզ»:
Այս նամակին մէջ կը գտնենք հետեւեալը. հօր համար զաւկին մարմնական մահը այնքան ցաւ չի պատճառեր՝ ինչքան բարոյականը, որովհետեւ մարմնականը շատ անգամ մեր կամքէն անկախ, «ճակատագրի» խաղով մը կրնայ պատահիլ, մինչ բարոյականը սեփական կամքի պակասութենէն կու գայ. սեւ ճակատագրով մը նաւը կրնայ խորտակուիլ եւ նման պարագաներու մէջ զաւակ մը կորսնցնելը հօր մը համար աւելի «ընդունելի» կը թուի, քան օտարութեան մէջ բարոյապէս կորսուիլը: Նամակին մէջ կը տեսնենք, որ հայրը իր զաւկին դաստիարակութեան հանդէպ վստահութիւն ունի, սակայն, կ՚ուզէ արթուն ըլլայ, որովհետեւ իր զաւակը ինչքան զօրաւոր, փորձութիւնները նոյնքան հզօր ու բազմատեսակ են. ամենէն զօրաւոր ու հաստատակամ մարդը եւս չսպասուած փորձութեան մը դիմաց կրնայ տկարանալ եւ սայթաքիլ:
Հայրը կը շարունակէ գրել.
«Սիրելի զաւակս, պանդուխտ ես. միայնութիւնը քեզի ծանր կու գայ եւ այդ վիճակին մէջ կրնաս դիւրութեամբ խաբուիլ կեղծ ժպիտներէ: Ես լսած եմ, որ գէշ կիները յաճախ կ՚օգտուին պանդուխտներու այս տկարութենէն եւ կը սիրեն անոնց սրտին, մտքին եւ քսակին վրայ: Այդպիսի անկում մը ո՛չ մէկուն գութը կը շարժէ: Երբեք մի՛ ներեր քեզի այնպիսի տկարութիւն մը՝ որ որեւէ կերպով կրնայ աղարտ մը բերել մեզի: Այն յարգանքը, որ մենք կը վայելենք մեզ ճանչցողներու շրջանակին մէջ՝ տարիներու եւ սերունդներու զոհողութեամբ շահած ենք»:
Իրականութեան մէջ այս մէկը շատ շատերու համար դրական կը թուի, սակայն, մենք կ՚որակենք որպէս բացասական երեւոյթ. ապրիլ ուրիշներու համար, ապրիլ ուրիշներու կարծիքներուն համար։ Աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ հայրը իր այս նամակով կ՚ուզէ զաւկին կեանքի դաս մը տալ, սակայն, միւս կողմէ կը կարեւորէ մարդոց կարծիքը։ Իր զաւկին լաւութիւնը մտածելով մէկտեղ կը վախնայ, որ մարդիկ խօսին ու բամբասեն։ Այդ իսկ պատճառով կ՚ուզէ, որ զաւակը Ամերիկայի մէջ իր կեանքը ապրի նաեւ նման մարդիկ նկատի ունենալով։ Գալով «գէշ կիներ»ուն՝ ըսենք, որ մինակութեան մէջ խաբուիլն ու գայթակղիլը դիւրին է, որովհետեւ մարդ իր առանձնութեան մէջ ժպիտ ու գուրգուրանք կը փնտռէ՝ նոյնիսկ եթէ անոնք կեղծ ըլլան։ Մինակութեան մէջ մարդ կ՚ուզէ իր քովը տեսնել սրտակից մը՝ բաժնելու համար իր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։ Այդ ժամանակաշրջանին եւս քիչ չէին այն պանդուխտներուն թիւը, որոնք օտար ափեր երթալով իրենց սիրտը կապած էին օտար կիներու՝ ըլլան անոնք «գէշ» կամ «աղէկ», սակայն, այս բոլորէն շատ աւելի վեր ու կարեւոր էր հօր հետեւեալ խօսքերը.
«Օր մը փայփայած նպատակիդ հասնելով վերադառնաս մեր գիրկը եւ մեզի երջանիկ ծերութիւն մը բերես՝ ո՛չ թէ ոսկիներով, այլ բարձր նկարագրով, վարկով ու պատուով»։ Հայրը «Ամերիկա վերջին նպատակակէտդ չէ՛», կ՚ըսէր, որովհետեւ բոլորը կը հաւատային, որ հայրենիքի մէջ եղած դժուարութիւնները ժամանակաւոր են եւ չէին կրնար հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ հայ մը կարենայ իր ամբողջ կեանքը ապրիլ օտարութեան մէջ։ Անոնց համար ամերիկացի, եւրոպացի ըլլալու գաղափարը խորթ էր. մարդ աշխարհի ո՛ր կողմն ալ գտնուի հա՛յ եւ հետեւաբար իր վերջին հանգրուանը հայրենիքը պարտէր ըլլալ։ Նամակագիր հօր զաւակը երբեւէ վերադարձա՞ւ հայրենիք՝ չենք գիտեր, սակայն, բազմաթի՜ւ նման երիտասարդներ անվերադարձ գացին. այսօր իրենց յաջորդող սերունդներէն քանի՞ն մայր լեզուն, ազգային ինքնութիւնը կրցաւ պահել՝ կը մնայ հարցական:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Դժոխքի
որդիք, ձեզ ո՞վ ա ղրկել էս տեղ, ո՞ւմ վրայ էք էտպէս կատաղել, ասենք՝ թէ հայը ձեն չի՛ հանում, պէտք է նրան սաղ-սաղ ուտէ՞ք:
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան