«ՊԷՏՔ Է ՁԵԶԻ ԳԹԱԼ, ԲԱՅՑ ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ ՍԻՐԵԼ ՁԵԶ»
«Եւ դուն, երէկի սերունդ, ջարդուած սերունդ, կ՚ուրանամ քեզ ալ… Դուք պէտք է որ ջարդուէիք, քանի որ ամէն բան ըրիք ատոր համար։ Կարելի է եւ պէտք է ձեզի գթալ, բայց չեմ կրնար սիրել ձեզ»: Շահնուրի այս խօսքերը ցնցիչ են, որովհետեւ մինչեւ այդ ժամանակ գրեթէ բոլոր մտաւորականները կը մեղադրէին թուրքը, սակայն Շահնուր կու գար մեղադրելու հայը. գրեթէ բոլորը ցեղասպանութիւնը ներկայացուցած են որպէս արտաքին չարիք, ուր գրեթէ հայ ժողովուրդը բացարձակապէս անմեղ է։ Աշխարհ կը հաւատայ, որ զոհը մեղադրելը սխալ է, սակայն, Շահնուրի համոզումով՝ հայ ժողովուրդը ի՛նքն իրեն պատրաստեց այդ դժբախտ օրուան՝ իր ներքին անհամաձայնութիւններով, միասնականութեան քակտումով եւ ամէ՛ն հնարաւոր առիթ գործածեց ի հեճուկս սեփական գոյութեան եւ ինքզինք դարձուց խոցելի: Հայ ժողովուրդը թէ՛ շօշափելի եւ բարոյական գետնի վրայ ինքզինք տկարացնելով ստեղծած էր մթնոլորտ դէպի պարտութիւն եւ դէպի խաչելութիւն առաջնորդուելու։ «…արդէն ամէ՛ն բան ըրիք ատոր համար», արտայայտութիւնը բողոք մըն է անոնց դէմ, որոնք հայ ժողովուրդը միացնելու փոխարէն իրարու միջեւ բաժնեցին: Շահնուր այս ոճը կ՚որդեգրէ, որովհետեւ զոհի հոգեբանութեամբ առաջնորդուելով հայը շատ անգամ կը մոռնար իր թերութիւնները եւ ամէն բան արտաքին պատճառաբանութիւններու հետ կը կապէր։ Շահնուր կ՚ուզէր, որ հայը օտարը մեղադրելէ առաջ ինքզինք վերատեսութեան ու քննութեան ենթարկէ ու լաւապէս սերտէ ու հասկնայ, թէ ինչպիսի սխալներու պատճառով արժանացաւ այդ բոլորին։ Այս մէկը հասկնալը շատ աւելի առաջնահերթ էր մեծ մտաւորականին համար, քան զոհի հոգեբանութեամբ «լալ»ն ու «ողորմութիւն» խնդրելը, որովհետեւ առաջինը ազգը հեռու կը պահէ ապագայի պատուհասներէն, մինչ երկրորդը շահի փոխարէն միայն վնաս ու պարտուածի հոգեբանութիւն կը սերմանէ:
Չսիրելը, հայութենէ հրաժարիլն ու թէ՛ իր եւ թէ իր նախկիններուն սերունդը մերժելը ինչքան ալ բացասական երեւոյթ թուի մեզմէ իւրաքանչիւրիս, ճշմարտութեամբ տարբեր է։ Այստեղ հեղինակը կ՚ապրի ինքնութեան ճգնաժամ։ Ապրելէ աւելի կը տեսնէ, թէ նոր սերունդը ի՜նչ անհոգութեամբ իր ինքնութեան կորուստը կը դիտէ, սակայն, ասոր մէջ ինչո՞ւ մեղադրել այն սերունդը, որ անապատներէն հազի՜ւ յաջողեցաւ փրկուիլ։ Շահնուր մեղադրելէ աւելի կ՚ուզէ մոռնալ այդ սերունդը, որովհետեւ անոնք «պարտութեան», «ողբի» ու «արցունքի» սերունդ մը եղան եւ պատահած դժբախտութենէն ետք իրենց ապագայ սերունդները պայքարելու ոգիով տոգորելու փոխարէն՝ բաւարարուեցան սուգով. պայքարելու փոխարէն՝ օտարութեան մէջ նախընտրեցին լուռ մնալ ու անցեալի ցաւերը լալ: Շահնուրի բառերը ծանր են. «…պէտք է որ ջարդուէիք»։ Այս մէկը հայ ազգին համար անէծք մը չէր, այլ Շահնուրի համար փրկութիւն, որովհետեւ շա՜տ աւելի նախընտրելի է ուրիշի ձեռքով զոհուիլ եւ նահատակուիլ, քան սեփական կամքով ինքնասպան ըլլալ։ Շահնուրի դիմաց գտնուող սերունդը ջարդէն ազատելով սպիտակ ջարդ էր, որ կը կատարէր։ Ինքնասպանութիւնը թէ՛ մարդկային եւ թէ հոգեւոր իմաստով շատ աւելի մեծ «մեղք» ու ամօթ է՝ քան զոհ ըլլալը եւ հետեւաբար Շահնուր պիտի նախընտրէր իր ազգը զոհի դիրքի մէջ տեսնէր՝ քան ինքնասպանութեան եւ Շահնուրի ամբողջ գրականութիւնը այս մէկ ցաւն է, որ կը բարձրաձայնէ: Շահնուր այդ սերունդը չի սիրեր, որովհետեւ այդ սերունդն է, որ իր արարքներով, իր կազմաւորուածութեամբ արժանացաւ այդ դժբախտութեան։ Այս տողերուն դիմաց յաճախ կը մտածենք. արդեօք մե՞նք եւս ատելի սերունդ մը պիտի ըլլանք ապագային համար՝ նկատի ունենալով, որ մեր օրերուն է, որ տեղի ունեցաւ վերջին տարիներու հայ ժողովուրդի ամօթալի պարտութիւնները. ղեկավարները, վստահաբար, որոշ չափով իրենց դերը ունին այդ դժբախտութեան մէջ, սակայն, ո՞ւր էր ժողովուրդը. չէ՞ որ վերջապէս ժողովուրդն է, որ կ՚ընտրէ իր ղեկավարը: Մեր օրերու մեծագոյն թշնամին մեր անտարբերութիւնն է։ Շահնուր եւս իր ժամանակաշրջանին կը տեսնէր այդ անտարբերութիւնը, որովհետեւ մարդիկ իրենց հայութեամբ հետաքրքրուելու, իրենց հայրենիքը երազելու եւ այդտեղ վերադառնալ երազելու փոխարէն՝ իրենց կարելին կ՚ընէին օտարութեան մէջ հաստատուելու եւ գաղթականի հոգեբանութենէն դուրս գալու համար: Նոյնը չէ՞ մերօրեայ վիճակը. շատ շատեր պայքարելու, հողին տէր կանգնելու փոխարէն՝ կը նախընտրեն գաղթել՝ կարծելով, որ քաղաքականութիւնը, հողի պաշտպանութիւնն ու հայու արժանապատուութիւնը պաշտպանելը տրուած է լոկ կառավարութեան, հայ զինուորին ու բանակին:
Շահան Շահնուր կը յայտնէ, թէ պէտք է այդ սերունդին գթալ։ Նման տողեր գրի առած ժամանակ Շահնուր վստահաբար կ՚անդրադառնար, որ իր ատած սերունդին մաս կը կազմէին նաեւ իր նախահայրերը, սակայն, Շահնուրի մօտ խառնուած է գութի եւ ջղայնութեան զգացումը։ Կը գթայ, որ նման դժբախտութեան մը զոհ գացին, սակայն, միւս կողմէ կը ջղայնանայ, որ անոնք չունեցան այդ հեռանկարն ու խելացիութիւնը դէմ դնելու այդ բոլորին։ Անշուշտ, մինչեւ օրս քննարկման նիւթ է, թէ հայ ժողովուրդը իրապէս կրնա՞ր խուսափիլ այդ դժբախտութենէն։ Շատեր կը հաւատան, որ եկեղեցին որպէս ազգին ներկայացուցիչը իր դիւանագիտական մօտեցումներով կրնար պաշտպանել հայուն շահը եւ կանխէր աղէտը եւ այս կարծիքին վերլուծումը այժմ դուրս կը մնայ մեր յօդուածի հիմնական նպատակէն:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Չկողոպտուելու միակ միջոցը գողին հետ բարեկամ ըլլալն է:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան