ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՒԳԱՆԻՇԸ

Դիրքի, տիտղոսի, դասակարգի կամ հարստութեան մէջ միայն ազնուականութիւն փնտռելը եւ գտնելը պարզապէս նախապաշարում մը՝ կանխակալութիւն մըն է։ Ան, այս իմաստով, ախտաժէտ մտայնութիւն մը՝ որ ընկերային դասակարգերը ըմբոստացուցած է խորհուրդով եւ մանաւանդ գործո՛վ։ Անարդար, անիրաւ գերակայութեան փորձութիւն մըն է ան։ Մարդկային բնատուր հաւասարութեան դէմ ստեղծուած մտայնութեան արդիւնքն է ազնուականութիւնը փնտռել ստացական վիճակներու մէջ, քանի որ ամէն մարդ՝ իր կարգին ազնուական է եւ մարդկային արժանապատուութեան տէ՛ր։

Արդարեւ, ժողովրդապետութիւնը այդ «հինցած» մտայութեան հակազդեցութեամբ հասունցուցած պտուղն է եղած։ Ազնուութիւն, ազնուականութիւն եւ ազնուապետականութիւն, ամէնքն ալ կարեւոր արմատի մը ճիւղերը՝ ո՛չ արիւն է, որ ինչպէս կ՚ուզէին ոմանք համոզել, կը հոսի միայն որոշ դասակարգի մը երակներուն մէջ, եւ ոչ ալ մենաշնորհ մը՝ որուն կ՚երազեն մարդիկ տիրանալ՝ ոսկիի եւ ադամանդներու հարստութեամբ։

Ազնուականութիւնը՝ մասնաւոր գոր-ծողութիւններէ եւ փորձառութիւններէ անցնելէ վերջ գտնուած, ստացուած անձնական յատկութիւն մըն է, ապա ուրեմն, ազնուականութիւնը ստացական վիճակ մըն է։ Մարդ «մա՛րդ» կը ծնի եւ կեանքի ընթացքին մէջ, պարագաներու բերմամբ «ազնուական» կ՚ըլլայ եւ կամ պարզապէս «մարդ» կը մնայ…

Ազնուականութիւն կամ ազնուութիւն՝ միտքով, վարմունքով եւ նկարագրով շարունակ բարձր, ընտիր, վեհանձն եւ պատուաւոր ըլլալու հանգամանքն է՝ որ կը խորշի ամէն գձուձ, կոպիտ եւ ստորին ընթացքներէ։ Ազնուականութիւնը յատկութի՛ւն մըն է, որ ենթակային նայուածքէն, խօսուածքէն եւ շարժուձեւերէն, վարմունքէն, վարուելակերպէն կը ճառագայթէ, ան բարեկիրթ է՝ գեղեցիկ ծաղիկի մը նման իր անուշ բոյրովը կը լեցնէ իր շրջավայրը, եւ բոլորը կը գրաւէ եւ կը սիրաշահի։ Ան «տիպար» կը հանդիսանայ միջավայրի մէջ։ Եւ այս ուղղութեամբ, հարուստ մը կրնայ ազնուական ըլլալ անշուշտ, նաեւ կրնայ չըլլալ. աղքատ մը՝ կրնայ ազնուական ըլլալ, բայց նաեւ չըլլալ։ Գիտուն մը, դիրք եւ տիտղոս ունեցող մը, անշուշտ կրնայ ազնուական ըլլալ, բայց նաեւ չըլլալ։ Մէկը կրնայ բարձր դասակարգի պատկանիլ եւ ազնուական ըլլալ կամ չըլլալ։ Ուստի, ազնուականութիւնը անձնայատուկ ինքնութիւն մըն է, քանի որ ազնուականութիւնը ունի իր որոշ ազդակները։

Ո՛չ մէկ տարակոյս, թէ ոմանք ազնուական շրջանակի մը մէջ կը ծնին եւ ազնուականութիւնը բնատուր շնորհ մը կ՚ըլլայ իրեն համար։ Բայց այս չի նշանակեր, որ ազնուականութիւնը ստացական յատկութիւն մը չէ, քանի որ ոմանք ալ կոշտ կոպիտ շրջանակի մը մէջ կրնան ծնած ըլլալ, բայց յետոյ ազնուական դառնալ, որուն արդէն կը վկայէ մարդկային ընդհանուր պատմութիւնը։ Եւ ուրեմն, ազնուականութիւնը ընդոծին յատկութիւն մը ըլլալէ աւելի ստացական յատկութիւն մըն է։ Ազնուականութիւնը կրնայ հետզհետէ աճիլ, ուռճանալ ծաղիկի մը պէս՝ որ իր ստացած անհրաժեշտ սնունդին, ջերմութեան եւ միջավայրին չափովը կը սփռէ, կը տարածէ իր գեղեցկութիւնը եւ անուշ բուրումը։ Ազնուականութիւնը, արդարեւ, լաւ «խորք» մը կը պահանջէ իր սկզբնական վիճակին մէջ, որ կը նշանակէ մարդու մը անմիջական միջավայրը եւ անկէ ստացած իմացական եւ բարոյական սնունդը։ Ոմանք շատ բան կը պարտին այս «խորք»ին, իսկ ուրիշներ զրկուած են այս «խորք»էն։ Այս խորքին արժէքը չի կրնար չափազանցուիլ, եւ հազուադէպ է պարագան, որ պատուական եւ ընտիր խորք մը ունեցող մէկը չազդուի իր անմիջական միջավայրէն եւ աստիճանաբար չիւրացնէ ճոխ սնունդը իր անմիջական միջավայրին՝ ուր կը շնչէ եւ կ՚ապրի։

Իսկ անոնք, որոնք այս տեսակ խորք մը ունենալու պատեհութիւնը չեն ունեցած, իրենց այս կորուստին իսկ գիտակցութեան հետեւանքով հոգածու եւ յօժար պիտի ըլլան իրենց յաջորդող սերունդին հանդիսանալ այն անհրաժեշտ եւ ճոխ «խորք»ը՝ որմէ իրենք զրկուած էին…

Մարդ ազնուական է իրապէս, երբ ազնուականօրէն կը վարուի ամէն միջավայրի մէջ, քանի որ մարդ երբ ազնուականի յատկութիւնը կը ստանայ՝ այլեւս ան «ազնուական» է։ Իսկ ան՝ որ ազնուականօրէն չի վարուիր տարբեր միջավայրերու մէջ, ան արդէն «ազնուական» չէ, այլ կարծեցեալ, ինքնակոչ, սուտ ազնուական… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 24, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2026