ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑԸ

Տասնամեակներ շարունակ մարդ արարածը փնտռած է հետեւեալ հարցին պատասխանը. մարդիկ բախտաւոր կը ծնի՞ն, թէ բախտաւոր կը դառնան։ Բոլոր անոնք, որոնք կեանքի մէջ յաջողակ են, ի սկզբանէ յաջողակ ըլլալո՞ւ կոչուած էին. այս հարցը կու տանք, որովհետեւ այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր շատեր կը հաւատան, որ այդ մէկը ի ծնէ որպէս պարգեւ տրուած կ՚ըլլայ մարդուն։ Հին ժամանակ կար նման համոզում մը. «Աշխարհի կեանքի մէջ յաջողութեան նշան է դպրոցական կեանքի յաջողութիւնը»։ Մարդիկ կը հաւատային, որ աշխատասէր ու իմաստուն աշակերտ մը ապագայ կեանքին մէջ եւս յաջողութիւն ձեռք կը բերէ։ Գուցէ մարդիկ այս մտածումը ունէին, որովհետեւ չարագործութիւններու, գողութիւններու եւ ոճրագործութիւններու մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս կատարուած են նախնական կրթութիւն չստացած, անգրագէտ անհատներու կողմէ:  

Անշուշտ, չարագործ դառնալը ինչքանո՞վ պայմանաւորուած է ուսման պակասով՝ կը շարունակէ մնալ կասկածելի, որովհետեւ աշխարհի մեծագոյն չարագործները շատ անգամ ամենէն բարձր կրթութեան տէր մարդիկ եղած են, սակայն, այս համոզումը յառաջացած է հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ կրթութիւնը կը ձեւաւորէ մարդու մտածողութիւնը, կը զարգացնէ անոր կարողութիւնները եւ զայն կը պատրաստէ կեանքի մարտահրաւէրներուն. այդ իսկ պատճառով մարդիկ դպրոցական յաջողութիւնը կեանքի յաջողութեան հետ միաձուլած են: Ի տարբերութիւն այս համոզումին՝ մենք կը հաւատանք, որ չարագործութիւնը մարդու նկարագրին մաս կը կազմէ եւ թէեւ ուսումն ու կրթութիւնը այդ մէկը կրնայ որոշ չափով ուղղել, սակայն, շատ անգամ այդ մէկը կրթութենէն անկախ կրնայ տեղի ունենալ: 

Երկար տարիներ լսած ենք «Յաջողութեան գաղտնիք» արտայայտութիւնը, սակայն, երբեւէ չենք կրցած հասկնալ, թէ ո՞րն է այդ գաղտնիքը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդու համար յաջողութեան հասկացողութիւնը տարբեր կրնայ ըլլալ։ Անշուշտ, որպէս բանաձեւ յաջողութեան գաղտնիքը ունի շա՜տ վերացական շեշտ։ Նպատակասլաց նկարագիր, կարգապահութիւն, աշխատասիրութիւն, առողջ ու ճկուն մտածողութիւն, որոնք յաջողութեան բանալիներն են: Սակայն, յաջողութեան մէջ դպրոցը ինչքանո՞վ դեր ունի՝ քննենք: 

Եթէ օրինակը վերցնենք հայ գրականութենէն՝ պիտի տեսնենք, որ ունեցած ենք բազմաթի՜ւ իմաստուն ու յաջող գրողներ, որոնք կեանքի ոչ-արդար պայմաններով հեռու մնացած են դպրոցական կրթութենէն. անդին բազմաթի՜ւ ուրիշներ բարձրագոյն համալսարանները աւարտելով հանդերձ չեն կրցած իրենց անունը դպրոցական կրթութիւն չստացած մտաւորականներու կողքին անմահացնել։ Եթէ յաջողութիւն ըսելով նիւթականը պիտի հասկնանք, ապա նոյնպէս յայտնենք, որ հայ մեծատուներէն շատ շատեր նախնական կրթութիւն անգամ ստացած չեն. բազմաթի՜ւ հայ վաճառականներ առանց նախնական կրթութիւն ունենալով եղած են յաջողակներ: Այսօր եթէ նկատի առնենք աշխարհի վրայ գործող մեծագոյն ընկերութիւնները եւ փորձենք զանոնք հիմնողներուն կեանքը ուսումնասիրել, պիտի տեսնենք, որ մեծամասնութիւնը եղած է դպրոցական կրթութենէ հեռու։ Անշուշտ, այս մէկը ըսելով չենք թերագնահատէր դպրոցի տեղն ու արժէքը, որովհետեւ դպրոցական կրթութիւնը մարդկային կեանքի հիմքն է։ Անշուշտ, այստեղ տեղին է ըսել, որ շատ անգամ դպրոցական կրթական ծրագրերը ունին մեծ թերութիւններ. դպրոցներու մէջ սկզբունքով պատանին կը պատրաստուի ապագայ կեանքին՝ իր գիտելիքներով, սակայն, ապագայի համար մարդ պատրաստելու կանչուած դպրոցները կը թերանան ճշմարիտ կեանքի ինչութիւնը սորվեցնելու մէջ. վերացական ու սկզբունքային հիմքերու վրայ պատանին կը սորվի կեանքի «ինչութիւն»ը, սակայն, իրական գետնի վրայ հեռու է ճշմարիտ պատկերէն: Այս կապակցութեամբ մի քանի տարիներ առաջ սկիզբ առաւ պայքար մը. մեր օրերուն «յաջողակ» նկատուող մարդիկ սկսան քաջալերել «դպրոց մի՛ երթաք»ի գաղափարը, դիտել տալով, որ դպրոցը չի սորվեցներ այն բոլորը՝ որ մարդ արարած պէտք ունի իր կեանքի ընթացքին՝ նիւթականի կառավարումէն սկսեալ մինչեւ մարդկային յարաբերութիւններ:  

Յաջողակ դառնալը ճակատագիր մը չէ. լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքի մը արդար ու միակ արդիւնքն է յաջողութիւնը։ Դպրոցի դերը, սակայն, այդ յաջողութեան հասնելու ճամբուն մէջ որոշ դաստիարակութիւն տալ է.

ա. Յստակ նպատակ.- Դպրոցը կ՚օգնէ, որպէսզի մանուկ-պատանին զանազան նիւթերու միջոցով գտնէ իր նախասիրութիւնը եւ անոր հիման վրայ որոշ նպատակներ ճշդէ. լաւապէս գիտենք, որ դպրոցի կրթական ծրագրին մէջ գտնուող նիւթերու մէկ մասը «աւելորդ» կը նկատուի. իրականութեան մէջ աւելորդ չեն, որովհետեւ մին թուաբանութիւնը կը սիրէ՝ իսկ միւսը կ՚’ատէ եւ այդ տարբերութիւններն են, որ մարդկային անհատականութիւնը կը կերտեն:

բ. Աշխատանք եւ կարգապահութիւն.- Դպրոցը յաջողութեան հասնելու համար մարդուն կը սորվեցնէ կարգապահութիւն ու աշխատասիրութիւն. մեր մանուկ-պատանիները այս կամ այն օրը իրենց պարտականութիւնները վերջացնելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուին. այդ մէկը «պատիժ» կամ բռնութեան մէկ տեսակ չէ. այդպիսով աշակերտներ կը սորվին կարգապահ ըլլալ: 

գ. Սորվելու կարողութիւն.- Դպրոցին մէջ աշակերտը շատ մը նոր երեւոյթներու եւ գիտելիքներու դիմաց կը գտնուի. դասարանին մէջ է, որ կը սորվի, թէ ինչպէս պէտք է սորվիլ. կեանքը լեցուն է անակնկալներով եւ անկանխատեսելի դէպքերով. արագ կողմնորոշուիլը դպրոցին մէջ կը սորվին:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ապրիլը սնանիլ չի  նշանակեր, ապրելու համար նախ հոգին պէտք է կերակրել: Իմ հոգիիս սնունդը գրականութիւնն է. առէք գրիչը ձեռքէս՝ ես կը մեռնիմ:

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2026