ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԸԼԼԱԼ

Կատարեալ ըլլալ, չի նշանակեր անսխալական ըլլալ, բայց, ամէն սխալ կարելի է սրբագրել պարագաներէն դաս առնելով։ Առակախօսը կը զգուշացնէ. «Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է». (ԱՌԱԿ. ԺԲ 1)։ Ուստի, մարդուս համար միշտ սորվելիք բան մը կայ այս աշխարհի վրայ եւ փորձառութեան համար ամէն օր նոր առիթ մըն է անոր առջեւ՝ բաւ է, որ անդրադառնայ առիթներու ընծայած բարիքներուն եւ երբեք անտարբեր չըլլայ անոնց նկատմամբ։ Արդարեւ, կեանքը փորձառութիւններու առիթներով լեցուն է եւ գիտութեան հորիզոնը՝ անսահման եւ անմատչելի՛։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, կեանքի փորձառութիւնը օգտակար դասեր կու տայ մեզի։ Մի քանի օգտակար դասեր ահաւասի՛կ.

- Ուրիշներու գաղտնիքները եթէ գիտնամ, կարելի է վնաս չունի. Չգիտնալս, սակայն, շատ աւելի օգուտ ունի։

- Չէ՞ որ երկու հոգիի գիտցածը «գաղտնիք» չէ՛։

Արդարեւ, որքան անիմաստ է մէկու մը բան մը ըսել եւ աւելցնել, թէ «գաղտնիք» է եւ պատուիրել չտարածել զայն…

Խօսք մը եթէ օգուտ չունի՝ զայն խօսիլ ո՛չ մէկ իմաստ ունի եւ երբեմն ալ վնասակար կրնայ ըլլալ։ Խուսափիլ պէտք է դատարկաբանութենէն, քանի որ դատապարտելի կրնայ ըլլալ։

- Ուրիշներուն գործերով ամենեւին հետաքրքիր պէտք չէ ըլլալ. չտալ բան մը՝ որ ձեզմէ չէ պահանջուած, չպատասխանել որեւէ հարցում՝ որ ձեզի չէ ուղղուած եւ վերջապէս չերթալ տեղ մը՝ ուր չէք հրաւիրուած…

- Կարելի է խօսիլ. խօսելու ազատութեան համաձայն որեւէ արգելք չկայ. բայց լռելու մէջ շատ շահ եւ օգուտ կայ։

- Բնական է, որ մարդ ուտելիքի շատ պէտք ունի՝ մարմնին բնական պահանջքն է ասիկա. բայց մարդ նաեւ գիտնայ, որ աւելորդ ուտելիքով կը վնասուի։

Ուստի, ամէն չափազանցութենէ եւ ծայրայեղութենէ պէտք է զգուշանալ։

- Մարդ հաւաքած է կեանքի փորձառութիւն տարիներու ընթացքին. պէ՞տք է արդեօք տառապի մարմաջէն, որ ամէնը սորվեցնէ ուրիշներուն…

Գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը կ՚աւելնայ եւ կը բազմապատկուի զանոնք ուրիշներու փոխանցելով եւ տարածելով։

- Լա՛ւ է, որ մարդ շատ ունենայ, բայց շատ աւելի լաւ է ունեցածով գոհանալ։ Ագահութիւնը՝ մարդը կը մաշեցնէ եւ կը սպառէ։

- Մա՛րդ պէտք չէ խորհի, թէ ինք երբեք չի սխալիր եւ կատարեալ է. պէտք է ընդունիլ սխալները եւ սրբագրել զանոնք, կատարեալին ձգտիլ եւ գիտնալ իր չափը եւ սահմանը, եւ ա՛յդպէս վարուիլ…

- Մարդ կրնայ ցաւեր, վիշտեր, նեղութիւններ ունենալ՝ որոնց մասին կ՚ուզէ պատմել ուրիշներուն եւ բնական է ասիկա… բայց պէտք է անդրադառնայ, որ ուրիշներ ալ ունին նոյնքան եւ աւելի ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւն եւ չեն ուզեր այդ մասին աւելի գանգատներ յաճախ լսել։

Գոնէ այդ գանգատներու յայտնումը փոխադարձ ըլլայ եւ գիտցուի, թէ ամէն մէկուն ցաւը իրեն համար որքան ծանր ըլլայ, ուրիշին ցաւը կրնայ աւելի ծանր եւ անտանելի ըլլալ։

Մարդիկ, այս մասին կարծեմ քիչ մը անձնակեդրոն են եւ եսամոլ…

- Պէտք չէ ուրիշներէն ծառայութիւն սպասել. ամէն մարդ իր բեռը ունի եւ ինչո՞ւ այդ բեռին վրայ ուրիշի մը բեռն ալ աւելցուի։ Բայց, ասիկա պէտք չէ՛ ներհակ համարուի իրերօգնութեան կոչումին, ինչ որ մարդուն սկզբնական կոչումն է։ Պէտք է օգնել ուրիշներուն, անշուշտ, բայց, ասիկա պէտք չէ երբեք շահագործումի առարկայ դառնայ։

- Հաճելի է մարդուն, որ գովուի, գնահատուի. բայց երբեք պէտք չէ՛ վրդովիլ, նեղանալ, երբ չգնահատուի եւ չգովուի։

Արդարեւ, սա յստա՛կ է, որ մարդու մը կամ գործի մը արժէքը ուրիշին գնահատանքէն եւ գովեստէն կախում չունի։ Եթէ արժէք մը չգնահատուիր, անիկա ո՛չ թէ արժէքին, այլ զայն չհասկցողին պակասն է։

Կեանք փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ իրական արժէքներ միշտ գոյատեւուած են, իսկ անոնք չգնահատողներ՝ կորսուած…

- Բայց երբ մարդ, ինք պէտք չէ հպարտանայ եւ պարծենայ իր արժէքով, քանի որ արժէք ունենալ Աստուծոյ մէկ շնորհն է, իրեն տրուած պարտականութիւնը միայն կատարած է որպէս «անպիտան ծառայ» մը… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 24, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026