ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Ա.)

Երկար տարիներէ ի վեր մարդոց մեծամասնութեան մօտ տարածուած է հետեւեալ թիւր համոզումը. ան, որ հարստութեան մը տէր դառնալ կը յաջողի՝ խելացի ու բացառիկ տաղանդի տէր է, իսկ ան, որ կը շարունակէ մնալ իր միջին հարստութեան եւ կամ աղքատութեան մէջ, աւելի նուազ իմաստուն է։ Անշուշտ, այս համոզումը տրամաբանական կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ մարդիկ յաջողութիւնը ո՛չ թէ ձեռքբերումներով, խելացի ըլլալ չըլլալը ո՛չ թէ միտքի կարողութեամբ, այլ նիւթականով չափեն։ Սակայն, շատ մը ուսումնասիրութիւններ կու գան փաստելու, որ իրականութեան մէջ իմաստութիւնը հարստութեամբ կարելի չէ չափել։ Այսպէս, այսօր ունինք բազմաթի՜ւ համալսարանի դասախօսներ, որոնք մեծ գիտութեան, մեծ իմաստութեան տէր մարդիկ են, սակայն, շատ աւելի նուաստ ու տեղ մը «թշուառ» պայմաններու մէջ կ՚ապրին՝ քան բազմաթի՜ւ հարուստներ, որոնք անոնց ունեցած գիտութեան ու իմաստութեան քառորդն անգամ չունին, որովհետեւ հարստութիւնը իմաստութենէն աւելի նկարագիրի եւ ապրելակերպի հետ աղերս ունի։ Այս հակասութիւնը բացատրելու համար տանք իրական կեանքէ օրինակներ. 

Այսօր մեր բոլորին կողմէ ստեղծուած համացանցի ցրիչի (Wi-Fi) ստեղծիչը անկասկած, որ խելացի եւ իմաստուն մարդն էր ու իր հնարքը յաջողած էր զինք մեծ հարստութեան տէր դարձնել, սակայն, հակառակ գիտական իր իմաստութեան՝ նիւթականի մէջ այնքան ալ «խելացի» ու «իմաստուն» մարդ մը չէր։ Ան միշտ մեծ տրցակով գումարի կոյտ մը իր հետ կ՚ունենար։ Աջ ու ձախ ցուցադրութեան համար դրամ կը բաժնէր։ Շատ անգամ հաճոյքի համար գումարները ովկիանոսի ջուրերուն կը յանձնէր։ Զբաղումի համար հիւրանոցի մը լոյսը կոտրելով՝ 500 տոլարի փոխարէն 5 հազար տոլար կը վճարէր։ Կասկած չկայ, որ մի քանի հսկայական ընկերութիւններ հիմնած այս մարդը իմաստուն էր, պատահականօրէն չէր հարստացած. Սակայն, այս մարդու վախճանը իր ընկերութիւններուն նման դրական աւարտ մը չունեցաւ։ Տարիներ ետք սնանկացաւ ու բազմաթի՜ւ պարտքերու մէջ յայտնուեցաւ։ Ան ունէր իմաստութիւն, յաջողած էր ստեղծել նորարարութիւններ, զորս ուրիշներ չէին յաջողած, սակայն, հակառակ այս բոլորին՝ յայտնուած էր աղքատութեան մէջ։ Հետեւաբար իմաստուն էր, սակայն, իր վարքը, իր ապրելաձեւը զինք առաջնորդեցին աղքատութեան։ Անշուշտ, այս վարքագիծը կրնայ դիտուիլ որպէս «ոչ-իմաստուն» ընթացք, սակայն, յաջորդ օրինակը շատ աւելիով պիտի համոզէ, որ հարստութիւնը միշտ իմաստութենէն չի ծնիր: 

Կը պատմուի, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ անգրագէտ երիտասարդ մը՝ որ գրել կարդալ անգամ չի գիտեր, երկար տարիներ աշխատած է համեստ ընկերութեան մը մէջ՝ համեստ պայմաններով։ Երկար տարիներու խնայողութեամբ յաջողած է փոքր տուն մը գնել եւ բարեկամի մը պնդումներով մի քանի բաժնետոմսի տէր դառնալ: Իր անգրագիտութեան պատճառով երկար տարիներ մոռցած է ունեցած բաժնետոմսերուն մասին եւ երբ 92 տարեկանին մահացած է, իր զաւակներուն կտակած է մօտաւորապէս 8 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ բաժնետոմսեր: 

Այստեղ ունինք իմաստուն մարդ մը՝ որ բազմաթի՜ւ ընկերութիւններ ու նորարարութիւններ ստեղծելէ ետք յայտնուած է սնանկութեան եւ աղքատութեան մէջ, իսկ միւս կողմէ անձ մը՝ որ իր վախերուն ու անգրագիտութեան պատճառով սխալմամբ իր զաւակներուն ժառանգած է մեծ հարստութիւն մը։ Այս պարագային ո՞վ է ճշմարիտ իմաստունը. անգրագէտ համեստ աշխատո՞ղը՝ թէ իր իմաստութեամբ աշխարհը հարստացուցած նորարարը։ Այս կէտին կը տեսնենք, որ հարստութիւնը իմաստութենէն աւելի անով ինչպէս վարուելու հետ աղերս ունի։ Անգրագիտութիւնն ու վախը դրական երեւոյթներ չեն, սակայն, մարդը առաջնորդեցին անսպասելի «յաջողութեան» եւ եթէ իր ունեցած պատահական հարստութիւնը բաւարար է զինք «իմաստուն» կոչելու, ապա պէտք էր դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ իմաստութեան փոխարէն վախ ու անգրագիտութիւն փոխանցուէր նոր սերունդին: 

Այդ իսկ պատճառով պէտք է հասկնալ հետեւեալ ճշմարտութիւնները. 

ա. Շատ անգամ ամենէն իմաստուն մարդիկ եւս կրնան յայտնուիլ նիւթական անել վիճակի մէջ: 

բ. Հարստութեան տիրանալը «բնագիտութենէն» աւելի հոգեբանական օրէնքներուն կը հետեւի՝ որուն վերջնական արդիւնքը երաշխաւորուած չէ: 

գ. Կրնայ ըլլալը հարստութիւն մը պահելու բոլոր ձեւերը ծանօթ ըլլան ձեզի՝ պարտքերէն խուսափիլ, ներդրումներ կատարել, խնայել, սակայն, հակառակ այս բոլորը գիտնալուն՝ վախի, անինքնավստահութեան եւ անհամբերութեան պատճառով ձախողիլ: 

Անշուշտ, այս բոլորը իր մէջ ունին հակասութիւններ։ Տարիներ առաջ ամերիկացի մտաւորական մը կը գրէր, որ հարստութիւնը, յաջողութեան հասնիլը թուաբանական հաշուի ճշդութիւն ունի։ Երբ մարդ ամէն բան ճիշդ կատարէ՝ չի կրնար չյաջողիլ, սակայն, «ամէն բան ճիշդ» կատարելը ինքնին հարցական վիճակ մըն է, որովհետեւ այն բանը, որ ինծի համար ճիշդ է՝ ուրիշի մը համար կրնայ սխալ ըլլալ եւ հետեւաբար ամենէն ճիշդը գտնելը միշտ կը շարունակէ մնալ յարաբերական:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Դրամի, ինչքի, ընկերային մակարդակի արժէք տուողը, դո՛ւն ես, ո՛վ մարդ, եւ ո՛չ թէ քու հարստութիւնդ:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2026