ՍԻՐԵԼ ԵՒ ԲԱՂՁԱԼ
Մարդ ի՞նչ բանի մէջ կը նկատէ իր երջանկութիւնը։ Կամ ի՛նչ բան որ իր սիրոյն եւ բաղձանքին գլխաւոր առարկան է, իր սիրտը կամ բնութիւնն ալ նո՛յնն է։ Այո՛, սիրտ կամ բնութիւն մէ՛կ են։ Բարոյական ակը սի՛րտն է, բարոյական գործերու զսպանակը կամ շարժառիթը հո՛ն՝ սիրտին մէջ է։ Կամքը կը գործէ սրտին համեմատ։ Բարի կամ չար, բարձր կամ ցած, սուրբ կամ անսուրբ բաներու ցանկացողներ՝ ունին բնութիւն մը կամ բարոյական մը՝ հաստատուած, կազմուած եւ պատրաստուած նո՛յն ցանկութիւններով, ցանկացուած նո՛յն բաներով։
Եթէ մարդուս երջանկութիւնը կը կայանայ որոշ տարրերու ներկայութեամբ, կամ մարդոց սիրոյն եւ բաղձանքին գլխաւոր առարկայ իրերն են աշխարհային, երկրային եւ մարդեղէն իրեր, իրենց սիրտը կամ բնութիւնն ալ նման են անոնց, այսինքն ունայն են՝ ստորին եւ չա՛ր։ Իսկ եթէ սիրուած կամ բաղձացուած իրերն են երկնային՝ հոգեւոր եւ աստուածային իրեր, մարդուս սիրտերն ալ նման են անոնց, այսինքն բարձր են՝ սուրբ եւ կատարեա՛լ։
Սէրը եւ բաղձանքը մարդուս սիրտը կը կապեն, կը միացնեն արտաքին առարկաներու, եւ հաղորդ կը դարձնեն զանոնք անոնց յատկութիւններուն կամ բնաւորութեան։
«Եւ ոգի Յովնաթանու կապեցաւ ընդ որդւոյն Դաւթի». (Ա ԹԱԳ.)։ Ուստի, սէրը եւ բաղձանքը կապած էր Յովնաթանի սիրտը Դաւիթի հետ։ Բայց այս կապակցութիւնը բերած էր Յովնաթանի սրտին՝ Դաւիթի սրտին նմանութիւնը. սիրտ մը՝ որ Աստուծոյ ուզածին պէս էր։ Արդարեւ, Յովնաթանի գործերը դիտող մը պիտի ըսէր, թէ անիկա ուրիշ Դաւիթ մըն էր. Դաւիթի սիրտը ներգործած էր անոր սրտին։ Եւ ա՛յսպէս ահա, մեր սիրած առարկաները, իրերը կը ներգործեն մեզի, կու տան մեզի՝ մեր սրտին կամ բնութեան իրենց նմանութիւնը, աւելին՝ նոյնութի՛ւնը։
Սիրել կամ բաղձալ… ուրիշ բացատրութեամբ, մեր սրտին կամ բարոյականութեան ուտել կամ խմելն է։ Ի՛նչ որ կը սիրենք, որպէս թէ կ՚ուտենք եւ կը խառնենք զայն մեր բնութեան։ Ինչպէս բնական սնունդը կը կազմէ մեր մարմինը՝ նոյնպէս ալ մեր սիրած բաները կը կազմեն մեր սիրտը կամ բարոյականը։ Այն՝ ի՛նչ որ կը սիրենք եւ կը բաղձանք, ա՛յն է մեր բնութիւնը եւ նկարագիրը։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնները ցոյց կու տան եւ կը համոզեն մեզ. Աստուած ուզեց, որ մարդը ազնիւ ընէ՝ բարի եւ կատարեալ, բայց ի՞նչ կերպով ըրաւ զայն։ Նոյն այս կերպով. բարութեան, ազնուութեան եւ կատարելութեան ծայրագոյն աստիճանին վրայ դրաւ մարդուն սիրտը. զԻնք տուաւ անոր իբրեւ առարկայ սիրոյ եւ բաղձանքի։ Անհո՜ւն խնամք, անհո՜ւն հոգածութիւն՝ գորով եւ սէր ցուցուց մարդուն, անհո՜ւն բարիք՝ երջանկութիւն եւ երախտիք պարգեւեց, եւ խոստումներ ըրաւ անոր, եւ այսպէս Իր մասին մարդուն մէջ սէր եւ բաղձանք զետեղեց, եւ մարդ յենլով Անոր եւ անոր ցոյց տուած առարկաներուն, սիրելով զԱյն եւ բաղձալով Անոր եւ անոր խոստումներուն, ազնուացաւ՝ սրբացաւ եւ կատարելագործուեցաւ։
Հաւատացեալին Քրիստոսի հետ միութեան խորհուրդը կը բացատրուի սա սկզբունքով, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ կը սիրէ զիս, կը պահէ իմ պատուէրներս». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 15), եւ կ՚ըսէ դարձեալ. «Ես եմ կեանքի հացը, որ երկինքէն իջած է, ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ». (ՅՈՎՀ. Զ 51)։ Արդարեւ, զԻնք սիրելը եւ զԻնք ուտելը՝ ճաշակելը, հաւատալն է Իրեն. կը բերէ նմանութիւն կամ նոյնութիւն եւ կամ հաղորդութիւն, այսինքն՝ միութի՛ւն։ Միութիւն՝ Անոր բնութիւնը, սրբութիւնը եւ կատարելութիւնը կը խոյանայ մարդուն սրտին մէջ։
Նոյն գործելակերպը գործածեց «Չար»ը՝ Սատանան, երբ մարդը ապստամբեցուց Աստուծոյ դէմ։ Եւ նոյն գործելակերպը կը գործածեն ամէն ատեն. չար մարդ մը չի կրնար ուրիշներ գլխէ հանել՝ եթէ անոնց իր չարութիւններուն փափաքովը եւ սիրովը չոգեւորէ։
Բարի մարդ մը ուրիշները ճամբու բերելու համար ալ նոյնը կ՚ընէ. բարութեան բաղձանքը կը մտածէ անոնց մէջ վառել, հրահրել զանոնք Աստուծոյ սիրովը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 25, 2026, Իսթանպուլ