ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՐԵՑ - ՄԵՆՔ ՉԵՆՔ ՆԵՐԵՐ

Կ՚ապրինք այնպիսի ապականած հասարակութեան մը մէջ, ուր խիղճը, բարութիւնը եւ նման ազնիւ արժէքներ անհետացած եւ անոնց տեղ եկած են նորերը՝ աւելի յոռի, ստորին ու չար: Գուցէ այս մէկը միայն այս ժամանակաշրջանի յատուկ իրականութիւն մը չէ, որովհետեւ մարդկութիւնը ինչքան ալ յառաջդիմէ, կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ բոլոր այն չար ու վնասակար սովորութիւններուն, ինչ որ մարդ արարած ունեցած է հազարաւոր տարիներու պատմութեան ընթացքին: Այս մէկը փաստելու համար բաւարար է աչքէ անցընել փիլիսոփայական պատմութեան ամենէն ազդեցիկ դէմքերէն մէկը հանդիսացող յոյն փիլիսոփայ Դեմոկրիտի մտածումները (Ք.Ա. 460-370 թուականներ)։ Ան պատմութեան մէջ յիշուած է «ծիծաղող փիլիսոփայ»՝ պարզ այն պատճառով, որ յաջողած է մատնանշել եւ ծաղրի վերածել մարդկային բոլոր թերութիւնները: 

Վերոյիշեալ փիլիսոփան իր մտածումներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ հետեւեալ պարզ, սակայն, անհերքելի ճշմարտութիւնը. «Մեր սխալներն ու մեղքերը աւելի դիւրին կը յիշուին՝ քան մեր բարի գործերը»։ Այսպէս էր հազարաւոր տարիներ առաջ, նոյնն է այսօր: Մարդկութիւնը մի՛շտ ալ (չես գիտեր ինչո՞ւ) բացասականը աւելի կարեւորած է՝ քան դրականը. օրինակի համար, համեստութեամբ ու հեզութեամբ ըսուած խօսք մը կրնայ նշանակութիւն չունենալ ու մոռցուիլ, սակայն, բարկութեամբ ըսուած խօսք մը իր հետքը դիւրին չի կորսնցներ կա՛մ, օրինակ, անձի մը յաջողութիւնը այնքան տարածում չի գտներ՝ ինչքան ձախողութիւնը։ Այս մէկը երեւոյթով ճիշդ կրնայ չթուիլ, սակայն, մարդկային միտքին յատուկ վիճակ մըն է, որովհետեւ մարդկային միտքը բացասականը աւելի շուտ կ՚ընկալէ՝ քան դրականը եւ պատճառը այն է, որ մարդկային միտքը միշտ ինքզինք բացասականէն հեռու պահելու ընթացքի մը մէջ է եւ իւրաքանչիւր բացասական երեւոյթ որպէս «դաս» կը փորձէ վերլուծել ու հասկնալ։ Մարդկային միտքը մի՛շտ ալ ձախողելու վախին դէմ բնազդային հակամարտութիւն մը ունի եւ հետեւաբար բացասականը շատ աւելի կարեւոր կը նկատէ՝ քան դրականը եւ այդ է պատճառը, որ մարդ բացասականը շատ աւելի շուտ կը յիշէ: Մարդկային հոգեբանութեան վրայ բացասականը շատ աւելի խոր ազդեցութիւն կը ձգէ, քան դրականին բերած յաղթանակը: 

Օրինակը վերցնենք այսպէս. մեր ծնողները հազար ու մէկ դրական բան կրնան ըսած ըլլալ, սակայն, տարօրինակ ձեւով տարիներ ետք անոնց մէկ բարկութիւնը մեր միտքին մէջ աւելի տպաւորուած կ՚ըլլայ՝ քան գովասանքը: Անշուշտ, այս բոլորը տեղ մը կը շարունակեն մարդկային մնալ եւ որոշ պարագաներու մարդկայինէն դուրս, որովհետեւ ընկերութիւնը այդ մէկը բնազդային վիճակէն դուրս բերելով բնաւորութեան, հասարակութեան մէջ հակառակութեան ու թշնամանքի գործիքի կը վերածեն եւ հազար ու մէկ լաւ բան ըրած մարդու համբաւը կատարուած սխալի մը համար ոտնակոխ ընելով անոր բարոյական գոյութիւնը վերացնել կը փորձեն։ Այս մէկը կարելի չէ արդարացնել մարդկային բնազդով։ Այս մէկը հասարակութեան թերութիւններէն մէկն է պարզապէս: Այսօր մեր ընկերութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ մարդիկ, որոնք իրենց կատարած լաւ գործերուն կողքին ունին նաեւ բազմաթի՜ւ թերութիւններ եւ մեր ընկերութիւնը տարօրինակ ձեւով հազար ու մէկ լաւը մոռցած այդ վատը խոշորացոյցով կը փորձէ տեսնել եւ ինքզինքին իրաւունք կու տայ սեփական սխալները մոռնալով այլոց սխալները բարձրաձայնել: 

Օրինակի համար, այսօր կը քննադատուի կաթողիկոսը՝ որպէս թէ զաւակ ունենալու մեղադրանքով՝ որ եկեղեցական կանոններու համաձայն մեղք է եւ անյարիր։ Այդ մէկը իրականութիւն է թէ ոչ՝ կաթողիկոսի եւ Աստուծոյ միջեւ տեղի ունենալիք հաշուեյարդարի հարց է, սակայն, այստեղ նիւթը կաթողիկոսը չէ. անոր օրինակով իւրաքանչիւրս ալ առաւել կամ նուազ չափով մեր կեանքին մէջ ունինք թերութիւններ, որոնք գուցէ թիւով աւելի քիչ են՝ քան մեր առաւելութիւնները, սակայն, բաւարար են մոռացութեան տալու այդ բոլորը: Այս երեւոյթը ուսումնասիրելու համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրել Աստուածաշունչը. պէտք է դուրս բերել երեք երեւոյթ. 

ա. Քրիստոսի աջակողմը խաչուողը՝ որ Քրիստոսի հետ դրախտ մտնելու բախտին արժանացաւ, աւազակ մըն էր. ո՜վ գիտէ իր կեանքի ընթացքին քանի՜ մեղք գործած, քանի՜ անմեղներ դժբախտութեան մատնած էր. գուցէ մարդասպան էր, գող ու կողոպտիչ էր, սակայն, իր վերջին վայրկեանուան զղջումով երկինքի արքայութիւն մտնելու բախտին արժանացաւ: 

բ. Մովսէս մարգարէ.- Աստուածաշունչի ամենէն յայտնի եւ Աստուծոյ կողմէ սիրելի նկատուող Մովսէս մարգարէն Եգիպտոսի մէջ մարդասպանութիւն գործեց (Ելից 2:11), սակայն հակառակ անոր, Աստուած զինք ընտրեց որպէս մարգարէ։ Մովսէս սպաննեց, դիակը պահեց եւ ապա փորձեց խոյս տալ, սակայն, Աստուած զինք պատժելու փոխարէն կանչեց, դարձի բերաւ, առաքելութիւն տուաւ։ Մովսէս մարդ սպաննեց իր մարդկային թոյլ կամքով, սակայն, Աստուծոյ հրամանը զինք դարձի բերաւ, որովհետեւ Աստուած կատարեալ մարդ չի՛ փնտռեր՝ որովհետեւ կատարեալ մարդ գոյութիւն չունի. վկայ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները՝ որոնք պարզ ու սովորական մարդիկ էին: 

գ. Դաւիթ թագաւոր.- Աստուածաշունչի ամենէն կարեւոր դէմքերէն մէկը հանդիսացող Դաւիթ թագաւոր եւս ունէր մեղքեր. օրինակի համար, անոր շնութիւնը (Բ. Թագաւորաց 11)։ Դաւիթ թագաւոր շնաց ամուսնացած կնոջ հետ. կինը յղիացաւ եւ Դաւիթ թագաւոր փորձեց մեղքը ծածկել եւ պատերազմի դաշտէն տուն կանչեց կնոջ ամուսինը՝ որպէսզի իր մեղքը չբացայայտուի եւ երբ տղամարդը մերժեց տուն վերադառնալ, զինք պատերազմի ամենէն վտանգաւոր անկիւնը ղրկելով՝ մահուանը պատճառ դարձաւ։ Այս բոլորը ընելէ ետք սրտով ապաշխարեց եւ ըսաւ. «Ես մեղանչեցի Տիրոջ դէմ» եւ դարձաւ անոր ամենէն հաւատարիմ ծառաներէն մին: 

Աստուած ներեց աւազակը, ներեց մարդասպանը, ներեց շնացողն ու չարութեան մէջ ապրողը, սակայն, մենք՝ որպէս մարդ արարածներ, չենք կրնար ներել նուազագոյն մարդկային այս կամ այն սխալը։ Աստուած այդ բոլոր չարութիւնները տեսնելով մարդուն մէջէն դուրս բերաւ բարին, իսկ մենք հազար ու մէկ բարութեան մէջէն կը յաջողինք դուրս բերել այդ մէկ չարը. այս է մարդկութեան այսօրուան վիճակը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Իսկական առաքինութիւնը կը ցոլայ ներումին մէջ: Չարին սլաքները երբ խոցեն սիրտը, հոգին երբ թշնամանքի նետէն արիւնի եւ միտքը մտածում մը միայն երկնէ -վրէ՜ժ- ի՜նչ ազնուարար բառ է ներո՛ւմը: Խաւար դիմող մտածումին վերջին լոյսն է. բո՛ցն է յետին մայրամուտի շառայլին կամ մռայլ մտքին ճամբուն հսկող աստղիկն է կապտաշող ներո՛ւմն ազնիւ, աննենգ սիրով մը եղբայրացած յանցանքին, որ անազնիւն է, սե՛ւ կողմն է սպիտակին: 

ՆԵՎՐԻԿ Մ. ՍԵՊՈՒՀԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2026