ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ
Ընտանիքը ընկերային կեանքին առաջին վայրն է, որովհետեւ ան նաեւ առաջին տեղն է, ուր մարդ ինքզինք ուրիշին դիմաց դիրքորոշել, զայն մտիկ ընել, անոր բաժնեկցիլ, համբերել, յարգել, օգնել, կենակցիլ կը սորվի։ Դաստիարակութեան պարտականութիւնն է արթնցնել այն զգացումը, թէ աշխարհը եւ հասարակութիւնը ակութ մը՝ օճախ մըն են, դաստիարակութիւն մըն են սորվելու համար՝ ինչպէս «բնակիլ» իր տան սահմաններէն անդին։
Ընտանեկան շրջանակին մէջ, մարդ կը սորվի վերարժեւորել մերձաւորները, ուշադիր ըլլալ եւ իրար ողջունել։ Հո՛ն է, որ կը փշրենք մահաբեր եսասիրութեան առաջին պարիսպը, անդրադառնալու համար, թէ մենք կ՚ապրինք ուրիշներուն կողքին եւ հետ, որոնք մեր ուշադրութեան, մեր սիրակամութեան, մեր գուրգուրանքին արժանի են։ Ընկերային զօդ գոյութիւն չունի առանց այս առօրեային գրեթէ մանրէական տարածքին, ուր կայ միասին եւ իրարու մօտ ըլլալու իրականութիւնը, օրուան զանազան պահերուն հանդիպիլը, բոլոր հետաքրքրող հարցերով իրարմով մտահոգուիլը, օրուան մանր հարցերուն մէջ իրարու օգնելը։
Ընտանիքը ամէն օր փոխադարձ երախտապարտութեան զգացումը հրահրելու նորանոր կերպեր եւ միջոցներ հնարելու է։
Կարելի է նաեւ ընտանիքին մէջ սպառողական սովորութիւնները վերատեսել, հասարակաց տունը միատեղ պահպանելու համար։ Ընտանիքը ամբողջական սննդականոնի մը ռահվիրան է, քանի որ ան ընկերական առաջնահերթ ենթական է, որ իր ծոցին մէջ կը կրէ աշխարհիս մարդկային քաղաքակրթութեան հիմնական երկու հիմերը, հաղորդակցութեան եւ բեղմնաւորումի երկու սկզբունքները։ Ընտանեկան կեանքին դժուար եւ կարծր պահերն եւս կրնան շատ դաստիարակիչ ըլլալ, օրինակի համար՝ հիւանդութեան մը պարագային, նոյնիսկ ընտանիքին մէջ հիւանդութեան դիմաց դժուարութիւններ կը յայտնուին, մարդկային տկարութեան պատճառով, դաստիարակութիւն մը՝ որ մարդկային հիւանդութեան դիմաց զգայնութենէն կը պահպանէ, սիրտը անզգայ կը դարձնէ եւ այնպէս կ՚ընէ, որ երիտասարդները «կ՚անզգայանան» ի դիմաց ուրիշներու չարչարանքներուն, անկարող կը դառնան տառապանք դիմակալելու եւ սահմանափակուածութեան փորձառութիւնը ապրելու։
Ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ դաստիարակիչ հանդիպումը կրնայ հաղորդակցութեան եւ զուարճութիւններուն միշտ աւելի զարգացող արհեստագիտութեան կողմէ դիւրացուիլ կամ ազդուիլ, անոնք երբ տեղին գործածուին, կրնան օգտակար ըլլալ ընտանիքին անդամները իրարու միացնելու, հակառակ հեռաւորութիւններուն։ Հանդիպումները կրնան յաճախակի ըլլալ եւ դժուարութիւնները լուծել։ Սակայն, յստակ կը մնայ, թէ անոնք աւելի անձնական եւ խորունկ երկխօսութեան կարիքը ո՛չ կը կայացնեն եւ ո՛չ ալ կը փոխարինեն, քանի որ ասիկա ֆիզիքական յարաբերութիւն կամ առնուազն միւսին ձայնը լսել կը պահանջէ։
Գիտենք նաեւ, թէ այս միջոցները, փոխանակ իրարու մօտեցնելու՝ երբեմն իրարմէ կը հեռացնեն, ինչպէս երբ ճաշի ժամանակ՝ ամէն մէկը իր բջիջային հեռաձայնին կառչած, կեդրոնացած կ՚ըլլայ կամ երբ ամուսիններէն մին՝ այրը կամ կինը կը քնանայ՝ միւսին սպասելով, մինչդեռ անիկա ժամե՜ր կ՚անցընէ ելեկտրոնական գործիքի մը հետ խաղալով։ Այս ամէնը պէտք է ընտանիքին մէջ նաեւ երկխօսութեան եւ համաձայնութեան նիւթ դառնայ եւ նախասիրութիւնը իր անդամներուն հանդիպումին տայ, առանց իյնալու անտրամաբանական արգելքներու մէջ։
Յամենայնդէպս, կարելի չէ անգիտանալ նոր հաղորդամիջոցներուն մանուկներուն եւ պատանիներուն նկատմամբ վտանգները, զանոնք դարձնելով կամազուրկ եւ խզուած՝ աշխարհիս իրականութիւններէն։
Այս «թեքնիքական ինքնաբաւութիւն»ը զանոնք աւելի՛ դիւրաւ կ՚ենթարկէ չար օգտագործումին ա՛յն մարդոց՝ որոնք կ՚ուզեն իրենց եսասէր շահերուն համար անոնց հետ մտերմանալ։
Նոյնպէս անյարմար է, որ ծնողները իրենց զաւակներուն աչքին ամենազօր էակներ դառնան, մինչ զաւակները անոնց հանդէպ արդէն վստահութիւն ունին, որովհետեւ այսպէս՝ զաւակներուն ընկերային եւ զգացական հասունութիւնը կը խափանեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 27, 2026, Իսթանպուլ