«ՀՈ ՔՈ՞Ռ ՉԵՄ»
Գրեթէ ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն ժամանակաշրջան ատած է իր եկեղեցականները եւ անոնց հակառակ՝ համակրանք ունեցած է օտար եկեղեցականներու հանդէպ։ Այս հիւանդութիւնը միայն հայ ազգին մօտ չէ, որ գոյութիւն ունի։ Համամարդկային հիւանդութիւն մըն է. պատճառը պարզ ու յստակ է. ամէն մարդ շատ աւելի պարզ ու յստակ կը տեսնէ թերութիւններն ու սայթաքումները այն համակարգին, որուն մէջ կ՚ապրի. օրինակի համար, հայը արաբական կամ յունական եկեղեցին կը տեսնէ ու կը դատէ իր արտաքինով եւ ինքնաբերաբար այնտեղ տեղի ունեցող թերութիւններէն անտեղեակ ըլլալով զանոնք աւելի «սուրբ» ու «բարձր» կը նկատէ՝ քան իր սեփականը։ Այդ անգիտութիւնը ինքնաբերաբար մարդուն մօտ կը յառաջացնեն այն համոզումը, որ օտարինը աւելի կարգաւորուած, համակարգ է եւ անոնց եկեղեցականները շատ աւելի սրբակենցաղ՝ քան մերոնք:
Այս մէկը ամէն ժամանակներուն ալ եղած է նոյնը, որովհետեւ մարդ իր սեփական եկեղեցիէն, իր ազգին պատկանող եկեղեցականներէն մի՛շտ աւելի լաւը կ՚ակնկալէ։ Միւս կողմէ, այս դժբախտ երեւոյթին կը նպաստէ ցաւոտ այն հանքամանքը, որ մեր ազգին մէջ դրական գործերը այնքան գնահատանք ու տարածում չեն գտներ՝ ինչքան վատ թերութիւնները եւ հետեւաբար մի քանի տասնեակ սրբակենցաղ եկեղեցականներու գործունէութիւնը մէկէն ի մէկ շուքի տակ կրնայ կորսուիլ: Ատելութեան պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ մարդիկ իրենց եկեղեցականներէն ունին շատ բարձր սպասում եւ տրամաբանութեան համաձայն ինչքան բարձր ու շատ ըլլայ սպասումը՝ այնքան շատ կ՚ըլլայ նաեւ մարդու հիասթափութիւնը եւ այս մէկը բնականաբար կ՚առաջնորդէ օտարներու հանդէպ համակրանքի։ Մենք կը տեսնենք օտարին կարգապահութիւնը, ծիսակատարութիւնը, այս կամ այն հաւաքը, սակայն, մէջը չըլլալով այդտեղ տեղի ունեցող «անցուդարձ»ը մեզի կը մնայ անծանօթ։ Եւրոպայի ամենէն զարգացած երկիրներու մէջ նոյնիսկ կարելի է գտնել անհատներ (թիւով ո՛չ փոքր), որոնք կը քննադատեն իրենց ղեկավարութիւնը. օրինակի համար, Միջին Արեւելքի մէջ ապրողը «երանի՜» կու տայ, որպէսզի հասնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, հասնի Ֆրանսա կամ Գերմանիա, մինչ այդ երկիրներու մէջ ապրող քաղաքացին բազմաթի՜ւ բողոքներ ունի գործող իշխանութեանց հանդէպ՝ այնպէս ինչպէս այսօր մենք ունինք մեր երկիրը ղեկավարողներուն հանդէպ. իրենց համար մեր ապրած կեանքը «երանելի» է, իսկ մեզի համար՝ իրենցը:
Գուցէ մարդիկ մտածեն, որ այդ բոլորը յատուկ է մերօրեայ եւ կամ առաւելաբար վերջին տասնամեակներուն ապրող եկեղեցականներուն, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ. եթէ շատեր կ՚ըսեն «անցեալի եկեղեցականները աւելի մաքուր, աւելի սրբակենցաղ» էին՝ կը սխալին, որովհետեւ ամէ՛ն ժամանակաշրջան միշտ ալ «երանի՜» տուած է իր ժամանակաշրջանը կանխող եկեղեցականներուն. փա՞ստ.- Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» աշխատութեան սկբզնամասերուն մէջ կը կարդանք.
«Իմ դուշմանս նրանց (եկեղեցականներու) ձեռքը չընկնի. Սաղ-սաղ կ՚ուտեն մարդի: Ինչ ասես՝ նրանցից դուս չի գալիս: Աւետարանը իրենք են կարդում, ժամ ու պատարագ իրենք են անում, մեզ ասում են, թէ մեր ասածն արէք, մեր գործին մեք նայիլ. Ախր ինչպէ՞ս չնայեմ, հո քոռ չեմ…»։ Աւելի քան 160 տարիներ առաջ վիճակը նոյնն էր. վաղը նոյնը պիտի ըլլայ. այնպէս ինչպէս գրականութեան ու մշակոյթի մէջ, նոյնպէս գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ օտարինը աւելի գրաւիչ ու ազդեցիկ պիտի նկատենք՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրենք մերը այդպէս կը տեսնեն ու կը նկատեն։ Այս տարօրինակ երեւոյթը աւելի հասկնալու համար տանք հետեւեալ օրինակը. մօտաւորապէս տասը տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ արաբ բժիշկ մը այս արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Ինչքա՜ն կը սիրեմ հայերդ. իրարու հետ հաշտ ու համերաշխ կ՚ապրիք, զիրար կը պաշտպանէք ու կը պայքարիք. մերիններուն պէս չէք…»։ Այս արաբ բժիշկը ուրկէ՞ գիտնար… որ գուցէ կարելի չէ գտնել ազգ մը, որ այնքան պառակտուած ապրի իրարու միջեւ՝ ինչքան հայերս։ Օտարներ նոյն կարծիքը ունին նաեւ մեր եկեղեցականներուն հանդէպ՝ ո՛չ թէ անոր համար, որ մերոնք սրբակենցաղ են՝ այլ պարզ այն պատճառով, որ անոնք լաւապէս գիտեն իրենց սեփական եկեղեցւոյ թերութիւններն ու բացթողումները:
Խաչատուր Աբովեան այս առումով իր յայտնի վէպին մէջ բազմաթի՜ւ անգամներ կ՚անդրադառնայ հայ եկեղեցականին եւ կտրուկ շեշտով կ՚ըսէ. «Դու դուզ գնա՛, որ ես էլ դուզ գնամ, է՜. զոռի բան չի՛ հո. Տո՛, դու խեցգետնի պէս ծուռն ես եռում, ինձանից պահանջում ես, թէ ծուռը մի գնար». այլ խօսքով՝ Աբովեան կ՚ուզէր, որ եկեղեցականը ապրի այնպէս՝ ինչպէս կը քարոզէ ու կը խօսի։ Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ մերօրեայ իշխանութեան եկեղեցւոյ դէմ ի գործ դրած հալածանքը իրականութեան մէջ վարքի կամ բարոյական սկզբունքներու հետ երբեւէ կապ չունի։ Կաթողիկոսը սրբակենցաղ է կամ չէի հարց մը չէ։ Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք, անցեալին ապրող սուրբերուն մասին եւս կրնանք բացասական արտայայտութիւններ գտնել։ Ժամանակը այնպէս ինչպէս մի քանի տասնեակ դարեր այս հարցին լուծում չկրցաւ տալ, նոյն ընթացքով ապագային եւս լուծումի պիտի չհասնի, որովհետեւ ամէ՛ն ժամանակաշրջան մօտէն պիտի տեսնէ իր շուրջ կատարուող թերութիւնները։ Նոյնն է կուսակցութիւններու պարագային, նոյնն է կազմակերպութիւններու եւ նոյնիսկ աշխատատեղերու պարագային. օտարինը մի՛շտ աւելի դիւթիչ հմայք մը ունի:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Բարձր
ու ազնիւ նկարագրի տէր անձերն են, որ կրնան բարձր ու ազնիւ մթնոլորտ ստեղծել իրենցմէ ճառագայթող հեղինակութեան եւ հրապոյրին ազդեցութեամբ: Դաստիարակութիւնը իմացում ըլլալէ աւելի շունչ է եւ ոգի, որոնք կը փոխանցուին առօրեայ շփումներով եւ անզգալաբար:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան