ՀԱՅ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ
Բաբգէն Կաթողիկոսէն ետք (Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի. 490-516) ժամանակակից պատմիչներ գրեթէ կը լռեն։ Արդէն Զ. դարու հայ ազգային եւ եկեղեցական պատմութիւնը շատ շփոթ է, որովհետեւ կանոնաւոր աղբիւրներ կը պակսին։ Բաբգէն Կաթողիկոսէն ետք կը յիշուին միայն հինգ կաթողիկոսի անուններ, որոնք են.-
ա) Սամուէլ Ա. Արծկեցի. (516-526),
բ) Մուշէ Ա. Այլաբերցի. (526-534),
գ) Սահակ Բ. Ուղկեցի. (534-539),
դ) Քրիստափոր Ա. Տիրառիջցի. (539-545),
ե) Ղեւոնդ Ա. Եռաստեցի. (545-548)։
Այս կաթողիկոսներու կեանքին եւ գործունէութեան մասին որեւէ բան չեն գրեր հայ պատմիչները։ Ասոնցմէ առաջինը՝ Սամուէլ կը կարծուի, թէ Բզնունեաց գաւառի եպիսկոպոսն էր եւ Մանազկերտացիներու կամ Աղբիանոսներու ընտանիքէն։ Իսկ ամենէն նշանաւոր անձնաւորութիւնն է Քրիստափոր։ Անոր մասին օտար պատմիչներ, մասնաւորապէս ասորիներ, բաւական տեղեկութիւններ կու տան։ Քրիստափորի օրով բոլոր քրիստոնեայ ասորիները մէկ քանի խումբի բաժնուծ էին։ Անոնցմէ շատերը Նեստորական էին եւ կը քարոզէին իրենց դաւանանքը, կը հալածէին իրենց հակառակորդները, իսկ մնացեալ ասորիները սկսած էին բաժնուիլ ուրիշ կրօնական կուսակցութիւններու։
Հայոց կաթողիկոսը նամակներ կը գրէ ասորի «ուղղափառներուն», որպէսզի զգուշանան Նեստորականներէն. ապա անձամբ կը ճամբորդէ դէպի Պարսկաստան, Միջագետք, Վերին Ասորիք, եւ այդ տեղերուն մէջ ասորի եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրէ։ Հայոց Եկեղեցիին ազդեցութիւնը հետզհետէ աւելի կ՚աճի Արեւելքի մէջ։
Զ. դարուն նշանաւոր եկեղեցականներէն եւ կաթողիկոսներէն մէկը կ՚ըլլայ Ներսէս Բ. (Ներսէս Բ. Բագրեւանդցի. 548-557), որ Բագրեւանդ (=Ալաշկերտ) գաւառի Աշտարակ գիւղէն էր։ Ան կը ներկայանայ որպէս «բարեկարգիչ» եւ «կազմակերպիչ» անձնաւորութիւն մը։ Կաթողիկոսական աթոռը կը բարձրանայ շուրջ 548-ին։ Իրեն օրով հայերը՝ պարսից իշխանութեան տակ՝ կը կառավարուէին պարսիկ մարզպաններով, որոնք շատ անգամ հալածանք կը հանէին։
Այդ հալածանքներու միջոցին նահատակուած են Մանաճիհր Ռաժիկ (մկրտութեան անունն էր Գրիգոր) պարսիկը 548-ին, եւ Յեգտիրուզտ (Աստուածատուր), որուն հին անունն էր Մախոժ, որ կը մարտիրոսանայ Դուինի մէջ՝ Վշնաս Վահրամ մարզպանին հրամանով։
Ներսէս Բ. Կաթողիկոսի ժամանակ 554-ին գումարուած է Դուինի Բ. ժողովը՝ անոր նախագահութեան ներքեւ։
Այդ ժողովին մէջ կը կատարուին.
ա) Տոմարի կարգադրութիւնը։ 552 թուականին բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները իրենց առջեւ կ՚ունենան Զատիկի խնդիրը։ Իրենց տոմարները մինչեւ այդ թուականը շինուած ըլլալով, անկէ ետք կը խանգարուին կարգերը։ Նոյն բանը կը պատահի հայերուն համար։ Ուստի, 554-ին գումարուած այդ ժողովին մէջ՝ առժամանակեայ, 15 տարուան կարգադրումը կ՚ընեն, որպէսզի բոլոր հայ եկեղեցիները միասին՝ մէկ օր եւ կանոնաւոր կերպով տօնեն Ս. Զատիկը։
բ) Նոյնպէս Դուինի ժողովին մէջ կը դնեն նաեւ կարգ մը բարեկարգական կանոններ, թիւով 38։ Այդ կանոններով կ՚արգիլեն վանականներուն՝ վաճառականութիւն կամ առեւտուր ընել, քահանաներուն՝ շահախնդրութեամբ անչափահասներու պսակադրութիւն կատարել, իրենց պարտականութիւններէն թերանալ եւ այլն։
38 կանոններուն վերջինը կը տրամադրէ ամիսը շաբաթ մը պահք պահել։ Ասոնք կը գործադրուին եւ սովորական են անոնք՝ որ շաբաթ օրը տօնուող սուրբին անունով կը կոչուին շատ անգամ։ Ասոնք են. 1) «Եղիական պահք», 2) «Ս. Լուսաւորչի կամ Ամարայնոյ պահք», 3) Վարդավառի՝ Պայծառակերպութեան, 4) Ս. Աստուածածնի Վերափոխման, 5) Խաչվերացի, 6) Վարագայ Ս. Խաչի, 7) Յիսնակաց, 8) Ձմերայնոյ կամ Ս. Յակոբ Մծբնայի, 9) Յայտնութեան, 10) Առաջաւորաց կամ ընդհանրապէս Ս. Սարգիսի պահքերը։
Իսկ 11-րդ եւ 12-րդ շաբաթապահքերը «Քառասնորդական» կամ «Մեծ պահք»ին հետ միացած են…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 28, 2026, Իսթանպուլ