ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՌԻՒ

Մեր իրականութեան մէջ վիճաբանութիւնը շատ աւելի օգտակար ու շինիչ պիտի ըլլար այն ժամանակ, երբ մարդիկ ըլլային աւելի ազնիւ ու արդար։ Եթէ վիճաբանութեան նպատակը միայն ճշմարտութիւնը բացայայտել ըլլար, ապա կռիւի պիտի չվերածուէր: Եթէ մարդիկ ըլլային արդար, ապա ամէն վիճաբանութիւն մարդկային կեանքին մէջ միայն ու միայն բարիք պիտի բերէր, որովհետեւ սխալը պիտի վերածուէր ճիշդի եւ մարդ անդադար սրբագրուելով պիտի կատարելագործուէր, սակայն, այդ մէկը անհնար է, որովհետեւ մարդ արարածը սնափառ է՝ մեծամիտ ու փառամոլ եւ ճշմարտութենէն աւելի առաջնահերթ է իր ճիշդ ըլլալը։ Մարդ իր սխալը չ՚ուզեր ընդունիլ, որովհետեւ կը կարծէ, թէ այդպէս ընելով իր մտային անկարողութիւնն է, որ «բացայայտած» կ՚ըլլայ։ Դիմացինը ճիշդ հանելը սեփական կարողութիւնն ու իմաստութիւնը թերագնահատել կը թուի։ Այս թիւր համոզումը պատճառ կը դառնայ, որ մարդ չկարենայ դիւրութեամբ ընդունիլ իր սխալը: Եթէ այդտեղ մարդկային ԵՍ-ի փոխարէն լոկ բանականութիւնը գործէր, ապա վիճաբանութիւնը մերօրեայ վատ իմաստը պիտի չունենար: 

Երբ նոր սկիզբ կ՚առնէ վիճաբանութիւնը, ուր ճիշդ ու սխալ գոյութիւն չունի, որովհետեւ իւրաքանչիւր կողմ ինքնաբերաբար իր ճիշդ ըլլալուն համոզումը ունի։ Եթէ այդ համոզումը գոյութիւն չունենար, ապա վիճաբանութեան ընդհանրապէս կարիք չէր ըլլար: Սակայն, շատ անգամ խնդիրը ճիշդ կամ սխալ ըլլալը չէ։ Շատ մը մտաւորականներ կը հաւատան, որ վիճաբանութիւնը խօսելու արուեստ է եւ շատ անգամ եթէ մարդ այդ արուեստին չի տիրապետեր, նոյնիսկ ճիշդ ըլլալով հանդերձ՝ կրնայ սխալ երեւալ կամ հասկցուիլ։ Շատ անգամ ունկնդիրները վիճաբանութեան ընթացքը կը դատեն պահի տպաւորութեամբ եւ ո՛չ թէ առարկայական ճշմարտութեամբ։ Օրինակի համար, անձ մը կրնայ ճշմարտութիւն մը բարձրաձայնել, իսկ հակառակորդը այդ ճշմարտութեան հերքումով մը պատասխանէ։ Այդ հերքումը ամբողջապէս ճիշդ է թէ սխալ՝ կարեւոր չէ։ Այդ կէտին կարեւորը անոր հերքում ունենալու ճշմարտութիւնն է։ Եթէ լաւապէս հետեւինք Հայաստանի Ազգային ժողովի ելոյթներուն, այդ իրավիճակը շատ աւելի յստակ ձեւով պիտի հասկնանք։ Ընդդիմադիր կողմը կատարուած խայտառակութիւն մը կը բարձրաձայնէ, իշխող կուսակցութիւնը այդ բարձրաձայնուած խայտառակութեան մասին մտածելու, անոր ճիշդ կամ սխալ ըլլաը քննելու փոխարէն՝ անմիջապէս անցեալին կատարուած այլ խայտառակութիւններ կը սկսի յիշել՝ ինչ որ վիճաբանութեան եւ ճշմարտութեան փնտռտուքի գաղափարէն շատ հեռու է։ Եթէ կատարուած է սխալ մը եւ անձ մը այդ մէկը կը բարձրացնէ, պէտք չէ անմիջապէս պաշտպանելու ձգտիլ։ Պէտք է քննել երեւոյթը, քննել պատահարը եւ արդար դատաստան կատարել։ Այս մէկն է, որ մարդոց աչքին բարձր հեղինակութեան տէր ըլլալը ցոյց կու տայ եւ ո՛չ թէ հակառակը։ Վիճաբանութեան նպատակը մէկը միւսին սխալը բացայայտել չի կրնար ըլլալ։ Այդ է պատճառը, որ Ազգային ժողովին մէջ բանավէճ ու քննադատութիւն տեղի չ՚ունենար եւ վերջաւորութեան այս շաբթուան ամօթալի եղելութեան նման զիրար կը ծեծեն: Մարդոց համար այդտեղ փաստն ու իրողութիւնը կարեւոր չէ. մարդիկ պատրաստ չեն լսել բացատրութիւններ, պարզապէս պէտք է պաշտպանեն: 

Օրինակը շարունակենք Հայաստանի քաղաքական կեանքէն. մեր բոլոր կուսակցութիւնները այնքան կատարեա՞լ են, որ ներքին խնդիրներ ու սխալներ չունենան։ Չէ՞ որ ներքին սխալները բարձրաձայնելն ու զանոնք սրբագրելը ժողովուրդին մօտ աւելի դրական տպաւորութիւն կը ձգէ։ Ինչո՞ւ համար հայրենասիրութեամբ առաջնորդուած մարդ իր կուսակցութեան սխալները տեսնել ու լուծելու փոխարէն՝ այլ կուսակցութեան սխալները կը փորձէ խոշորացոյցով տեսնել։ Ազգային ժողովէն ելոյթ ունեցող մեր քաղաքական գործիչները ո՛չ հայրենիքը զարգացնելու եւ ծաղկեցնելու եւ ո՛չ ալ ճշմարտութիւնը բացայայտելու միտքով կ՚առաջնորդուին։ Անոնց հիմնական նպատակն է հակառակորդը բարկացնել, գործածել բացասական ազդեցութիւն ունեցող բառեր, բարձրաձայնուած հարցը շեղել եւ որպէս վերջին լուծում դիմել անձնական վիրաւորանքներու: 

Հոգեբանութիւնը վիճաբանութեան պարագային նման կարծիք կը յայտնէ. երբ կողմ մը կը զգայ, որ կը պարտուի, բուն նիւթէն հրաժարելով կը սկսի հակառակորդին վրայ յարձակիլ։ Գուցէ այդ է պատճառը, որ բարձրաձայնուած խայտառակութիւններէն ո՛չ մէկը իր վերջնական պատասխանն ու արդար արդիւնքը կը ստանայ:

Շատ մը մտաւորականներ կը հաւատան, որ վիճաբանութիւնը ինքնին գիտութեան ճիւղ մըն է, որովհետեւ այդտեղ միտքերն կը մենամարտին։ Գիտութիւնը կը հիմնուի փաստարկներու վրայ եւ վիճաբանութիւնը եւս պէտք է հիմնուած ըլլայ փաստերու վրայ, որոնք ճշմարտութիւն կը ներկայացնեն։ Այնպէս, ինչպէս գիտութիւնը ամէն պարագաներու տրամաբանական բացատրութիւններ կը պահանջէ, նոյնն է նաեւ պարագան վիճաբանութեան: 

Այս յօդուածը կ՚ուզենք աւարտել գերմանացի փիլիսոփայ Արթուր Շոփենհաուըրի «Վիճելու արուեստը» աշխատութեան մէջ գրած մէկ խօսքով. «Եթէ մարդկային բնութիւնը ստոր չըլլար, իւրաքանչիւր վիճաբանութեան միակ նպատակը ճշմարտութեան բացայայտումը պիտի ըլլար»։ Սակայն, այդ մէկը երբեք իրականութիւն պիտի չդառնայ, որովհետեւ մարդիկ կը խօսին նախքան մտածելը եւ ապա պայքար կը մղեն այդ չմտածուած գաղափարները պաշտպանելու:

•​վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Կ՚ըսեն, թէ երկարատեւ հիւանդութիւն մը՝ ենթական եսամոլ, անհանդուրժելի, կրքոտ կը դարձնէ:

ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2026