ԴԱՄՈԿԼԵԱՆ ՍՈՒՐԸ՝ ՊԱՏԻԺԸ Ե՛Ւ ԽԻՂՃԸ
Պատիժի, անպատուութեան եւ նախատինքի վախը բարերար թումբ մըն է ընկերային զեղծումի եւ օրինազանցութեան դէմ։ Վերցո՛ւր այդ Դամոկլեան սուրը եւ զսպուած որքա՜ն կիրքեր, անիրաւ ի՜նչ արարքներ ոտնակոխ պիտի ընեն ամէն օրէնք, կանոն եւ սահման։
Վախը, այս տեսկէտով, կարեւոր ազդակ մըն է։ Գաւազանը շատ անգամ անհրաժեշտ գործիք մըն է դարձած անցեալի մէջ ծնողքին կամ դաստիարակին ձեռքին մէջ։ Բնազդով միայն ապրող կենդանիներու, տրամաբանութեան ձայնին չանսացողներուն, կամ անհաւասարակշիռ միտքերու համար կարեւոր զսպանակ մըն է ան եւ ապաւէն մը։ Հարկաւ ատկէ աւելի լաւագոյն ուրիշ միջոց ալ կայ. բանաւոր ընթացքով ապրիլ, գործել, շարժիլ եւ զոհել սորվելու համար, եւ այդ կը սպասուի ճշմարիտ դաս-դաստիարակութենէն, որ նկարագիրը կերտելու պաշտօնը ունի։
Բայց վախի մտրակէն եւ կրթութեան համոզկեր ձայնէն զատ մարդուն մէջ կայ ուրիշ ձայն մըն ալ, որ իբր հակակշիռ դրուած է բարոյական էակին կեանքին մէջ, եւ «խիղճ» կ՚անուանենք զայն, ինչ որ ոմանք «իմացական կարողութիւն» մը եւ ուրիշներ «բարոյական զգացում» մը կը համարին։ Ներքին ա՛չքդ է այն, որ ուղիղը եւ սխալը, բարին եւ չարը ցուցնելու պաշտօն ունի։
Մարդուն մէջ, իր դարուն եւ ստացած դաստիարակութեան համեմատ՝ բարոյական օրէնքին չափանիշն է այն, որ ասունը անասունէն՝ բանաւորը անբանէն կը զանազանէ։ Անաչառ դատաւոր մը՝ որ իր լուսաւորուած վիճակին մէջ, մարդկային եւ պետական օրէքներէն ալ արդա՛ր է, եւ կը դատապարտէ յաճախ ի՛նչ որ օրէնքը անմեղ հռչակած է, եւ օրէնքով դատապարտուած անմեղին սրտի հանգստութիւն կը պարգեւէ։ Այս անաչառ դատաւորին սաստը եւ պատիժը ենթակային հետ կ՚երթան, եթէ ան Կայէնի պէս երկրէ երկիր ալ թափառի։ Առողջ եւ արթուն խղճի մը խայթը՝ Վ. Հիւկոյի նկարագրած մեծաբաց չքին պէս՝ կը թափանցէ երկաթեայ հաստաբեստ պարիսպներէն ալ ներս, եւ շեշտակի եւ անողոք կերպով կը նայի ոճրապարտ Կայէնէն։
Յանցաւորին խիղճը ուրիշ կերպով մըն ալ կը պատժէ մարդը. աննպաստ եւ թշնամական նշանակութիւն կու տայ ամենէն պարզ երեւոյթներուն ալ։ Անմեղ ժպիտը հեգնական ակնարկութիւն մը կը նկատէ եւ անտարբեր եւ անգիտակ մարդոց դէմքին վրայ արհամարհանք կը տեսնէ. անվնաս պարզ բառ մը իր երեսին նետուած դատավճիռ մը ըլլալ կը կարծէ, իր ծանօթ բարեկամներուն մէջ իսկ «թշնամիներ» կը տեսնէ։
Հնօրեայ իմաստունին խօսքին պէս «Ամբարիշտը առանց մէկու մը հալածելուն կը փախչի»։ Մէկ խօսքով, առողջ խղճին խայթը դժո՛խք մըն է երկրի վրայ։ Բայց այս դժոխքը միեւնոյն ատեն բանական էակին մէջ ուղղութեան եւ արդարութեան աստուածային սկզբունքներուն գոյութիւնը կը շեշտէ։ Եւ աւելի երանելի՜ է խղճի խայթին չարչարանքը կրող անձը, քան մեռած խիղճերու պարգեւած խաղաղութիւնը եւ երկինքը վայելողը, որովհետեւ այս վերջինին մէջ բարոյական մարդը նեխած դիակ մըն է միայն։
Անհատին խիղճը, որ ո՛չ թէ միայն մարդուն ուղիղ եւ պատուաւոր կեանքի մը առաջնորդը, այլ նաեւ համայնքին բարձրագոյն օգուտին ծառայող ուժեղ ազդակ մըն է. կրնայ յաճախ քունի եւ թմրութեան վիճակի մը, նոյնիսկ բոլորովին մահացումի ենթարկուիլ։ Խղճի դէմ գործուած արարքի մը մասին մարդուն թոյլատու եւ ներողամիտ ընթացքը դէպի վար քայլ մըն է, եւ եթէ ենթական չանդրադառնայ այս ցաւագին սայթաքումին, վայրէջքը հետզհետէ աւելի ուժգին եւ ահաւոր կը դառնայ։ Եւ ոչինչ աւելի ողբալի է քան մեռած եւ թաղուած խղճի մը գերեզմանը։ Անձնական շահերու, հաճոյքներու, կիրքի եւ փառքի հարուածներուն ներքեւ խիղճը օրէ օր կը շշմի, կ՚անգիտակցի եւ վարջապէս կը մահանայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 31, 2026, Իսթանպուլ