ՀԱՄՈԶՈՒՄ ԵՒ Ո՛Չ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Վերջերս մեր ուշադրութիւնը գրաւեց համացանցի մէջ կատարուած հոգեբանական ուսումնասիրութիւն մը՝ որ հետաքրքրական արդիւնք ունի։ Կին մը կը պնդէր, թէ «Coca-Cola» ըմպելիքի համը շատ աւելի լաւ է՝ քան «Pepsi»ին։ Ամուսինը իրողութիւն մը փաստելու համար կը փոխէ ըմպելիքներու շիշերը եւ «Coca-Cola»ի շիշով «Pepsi» կը հիւրասիրէ կնոջ եւ «Pepsi»ի շիշով «Coca-Cola»։ Կինը «Pepsi»ի շիշի մէջ դրուած «Coca-Cola»ն խմելով «անախորժ» համ մը կը զգայ, որովհետեւ ինք «Coca-Cola» կը սիրէ եւ սիրելով կը խմէ «Coca-Cola»ի շիշի մէջ դրուած «Pepsi»ին։ Այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդ արարած շատ անգամ արդար դատողութիւն կատարելու փոխարէն՝ կ՚ենթարկուի իր համոզումներուն։ Մարդ շատ մը իրողութիւններ կը գնահատէ նախապէս կազմած համոզումներուն, ակնկալութիւններուն եւ զգացական կապերուն հիման վրայ։ Մարդ կրնայ համոզուած ըլլալ, թէ «Coca-Cola»ն շատ աւելի լաւ համ ունի՝ նոյնիսկ եթէ «Coca-Cola»ի շիշի մէջ «Pepsi» կը խմէ։ Ի դէպ, ըմպելիքի հետ կատարուած այս ուսումնասիրութիւնը տեղի կ՚ունենայ գրեթէ մեր առօրեայ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Օրինակի համար, կրնանք համոզուած ըլլալ, որ այս ինչ անձը խելացի է եւ շատ անգամ անոր անտրամաբանական արտայայտութիւնները եւս կ՚ուզենք արդարացնել, որովհետեւ հիմնուելով մեր համոզումներուն վրայ՚ չենք ուզեր անոր խելացի չըլլալու իրողութիւնը ընդունիլ։ Կայ նաեւ հակառակ կողմը. եթէ անձ մը չենք սիրեր, նոյնիսկ անոր ըսած ճշմարտութիւններն ու խելացի խօսքերը կ՚ուզենք մերժել ու հակադարձել։ Պատճառը պարզ է. մենք մեր դատողութիւնը կը կատարենք մեր համոզումներուն հիման վրայ եւ ո՛չ ճշմարտութեան:

Այս բոլորը հոգեբանութեան մէջ ունին իրենց բացատրութիւնները։ Մարդիկ կարեւորութիւն կու տան այն զգացումներուն, այն համոզումներուն, որոնք նախապէս հաստատուած է իրենց մէջ եւ նուազ ուշադրութիւն կը դարձնեն ճշմարտութեան։ Այս մէկը սեփական կարծիքը պաշտպանելու փորձ մըն է, որովհետեւ մարդ կ՚ուզէ իր համոզումներուն իրականութիւն ըլլալը փաստել եւ հետեւաբար իրեն համար իր կարծիքը միշտ ճիշդ, իսկ հակառակը սխալ կը նկատէ: Եթէ ճշմարտութիւնը մարդուն համոզումներուն հակառակ ըլլայ, մարդ կը դժուարանայ ընդունիլ, որովհետեւ այդ մէկը անոր մէջ ներքին անհանգստութիւն մը կը ստեղծէ եւ այդ անհանգստութիւնն է պատճառը, որ շատ անգամ ճշմարտութիւնը ընդունելու փոխարէն կը փորձէ արդարացնել: Պատճառը պարզ է. մարդ կը դժուարանայ իր սխալ ըլլալը ընդունիլ, որովհետեւ մարդ ճշմարտութիւնը ընդունելէ առաջ կը փորձէ արդարացնել իր ընտրութիւններն ու համոզումները:

Նոյն օրինակը վերցնենք մարդկային յարաբերութիւններու մէջ։ Զիրար սիրողներ իրարու թերութիւնները այնքան չեն տեսներ՝ ինչքան շրջապատը, որովհետեւ հոգեբանականօրէն մարդ չ՚ուզեր ընդունիլ, որ իր կատարած ընտրութիւնը ունի թերութիւններ։ Այդ է պատճառը, որ յաճախ կը տեսնենք, թէ սիրողը ինչպէս կը պաշտպանէ հակառակ կողմը եւ արդարացի փաստեր գտնել կը փորձէ։ Պատճառը այն է, որ մարդ իր սիրածը չի գնահատեր լոկ իր յատկութիւններուն հիման վրայ։ Այդտեղ դեր ու տեղ ունին նաեւ զգացումները, ակնկալութիւններն ու անոր մասին կազմած պատկերացումները:

Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ մարդ իրականութենէն անդին զգացումներուն եւ համոզումներուն հիման վրայ դատողութիւն կը կատարէ։ Այս կապակցութեամբ աշխարհի մէջ կատարուած են բազմաթի՜ւ հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ, որոնք տուած են հետաքրքրական արդիւնքներ։ Օրինակի համար, 2008 թուականին գերմանացի հոգեբան մը կատարեց հետեւեալ փորձը. երկու տարբեր գաւաթներու մէջ լեցուց նոյն գինին եւ ներկաներուն ներկայացուց առաջինը որպէս աժան եւ երկրորդը՝ սուղ գինի։ Հակառակ նոյն գինին ըլլալուն, շատեր «սուղ» գինին շատ աւելի համով նկատեցին՝ քան աժանը։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ նոյն գինին խմելով մարդ մէկը աւելի համով նկատէ։ Հոգեբանութիւնը ունի պատասխան. մարդ ունի ակնկալութիւն եւ կ՚ուզէ ամէն կերպով արդարացնել իր սպասումները։ Հոգեբանութեան մէջ այս մէկը կը կոչուի «ակնկալութեան ազդեցութիւն» (expectancy effect)։ Երբ մարդ կը լսէ, որ գինին սուղ է, ինքնաբերաբար բարձր որակ կ՚ակնկալէ։ Ի դէպ, մարդ այս պարագային չի ստեր. ուղղակի կը հաւատայ, որ սուղ գինին աւելի համով էր՝ քան աժանը։ Մեր կեանքին մէջ մենք եւս շատ անգամ կ՚առաջնորդուինք «սուղը աւելի որակով է» նշանաբանով՝ նոյնիսկ եթէ ճշմարտութիւնը իրական չըլլայ։ Շատերու համար «աժան» գինին սիրելը պարզապէս որոշ համոզումներու դէմ հակառակիլ պիտի ըլլար:

Այս բոլորին հիման վրայ պէտք է լրջօրէն մտածել. մեր համոզումներէն քանի՞ն իրականութեան համապատասխան են. մեր բարի կարծած անձերէն քանի՞ն իրապէս բարի են. մեր ընտրութիւնները ինչքանո՞վ ազդուած են մեր սխալ համոզումներէն։ Մարդկութեան մէջ այս մէկը նոր երեւոյթ չէ. յոյն փիլիսոփայ Տեմոսթենէս իր ուսուցումներէն մէկուն մէջ կը բացատրէ, թէ ինքնախաբէութենէն դիւրին բան չկայ, որովհետեւ մարդ ո՛չ թէ կը տեսնէ ճշմարտութիւնը, այլ ճշմարտութիւն կը նկատէ բոլոր այն երեւոյթները՝ որոնք իր համոզումին համապատասխան են:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ծնողք մը իր զաւակներուն համար ցոյց տուած բարեսրտութեանը եւ անշահախնդրութեանը չափին համեմատ անոնցմէ յարգուելու է եւ զոհողութիւն յուսալու: Աղջիկ մը յանցանք կը գործէ վշտացնելով իր մայրը. բայց միթէ նուա՞զ յանցաւոր է, մինչեւ իսկ որճրագործ մը չէ՞ մայրը, երբ իր աղջիկը դժբախտ կ՚ընէ, մինչեւ իսկ կը մեռցնէ իր անձնասիրութիւնը գոհացնելու համար:

ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2026