ԲԱՐԿԱՆԱԼՈՒ ՃԻՇԴ ՁԵՒԸ

Յայտնի փիլիսոփայ Արիստոտէլ խօսելով մարդկային բնաւորութեան եւ յոյզերուն մասին կ՚ըսէ. «Բարկանալը դիւրին է. դժուարը ճիշդ մարդու վրայ, ճիշդ չափով, ճիշդ ժամանակին, ճիշդ նպատակով եւ ճիշդ ձեւով բարկանալն է»։ Իր այս աշխատութեան մէջ Արիստոտէլ չի յորդորեր չբարկանալ, այլ անոր «ճիշդ» կողմերը ցոյց տալ կ՚ուզէ, որովհետեւ ան կը հաւատայ, որ ամէն առաքինութիւն երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ գտնուող միջինն է։ Օրինակի համար, կը բացատրէ, թէ քաջութիւնը յանդգնութեան եւ վախկոտութեան միջինն է, բարկութեան միջինն ալ «ճիշդ չափը», «ճիշդ տեղը», «ճիշդ ժամանակ»ը գտնելն է։ Միասնաբար քննենք այդ ճիշդը. 

Ճիշդ մարդու վրայ.- Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ մարդ կը բարկանայ, կը ջղայնանայ այն անձերուն վրայ՝ որոնց աւելի մօտիկ ու հարազատ կը զգայ։ Օրինակը տանք հետեւեալ ձեւով. կայ մարդ, որ իր գործատեղը եղածներէն կը նեղանայ եւ ջղայնութիւնը գործատեղը դուրս հանելու փոխարէն տունը կը բարկանայ: Օրինակի համար, ղեկավարը կը վիրաւորէ, սակայն, մարդ պատասխան չի կրնար տալ։ Այդ դէպքը այդտեղ սկիզբ առնելով այդտեղ վերջ չի գտներ։ Մարդուն մէջ կը ստեղծուի անզօրութեան զգացում մը, որ կը մնայ չլուծուած եւ հետեւաբար այդ ժամանակին մէջ չի սահմանափակուիր։ Նոյնիսկ պատահարէն ժամեր ետք, նոյնիսկ օրեր ետք մարդ կը շարունակէ մտածել նոյն իրադարձութեան մասին եւ բան մը չկարենալ ընելու իրավիճակը բարկութիւնը աւելիով կը զօրացնէ։ Այնպէս չէ, որ զսպելով պահի բարկութիւնը հարցը ամբողջութեամբ լուծուած ըլլայ: Այս բոլորին մէջ տան անդամները ո՛չ մէկ մեղք ունին, սակայն, բարկութիւնը բաժին կը հասնի իրենց, որովհետեւ իրականութեան մէջ մարդ ո՛չ թէ իրենց վրայ կը բարկանայ, այլ այդ անզօր վիճակին ձգած հետեւանքներու հիման տակ ինքն իր անձին վրայ կը բարկանայ, նոյնիսկ ուրիշին՝ հարազատներուն վրայ բարկանալը այդ ներքին տագնապը չի մեղմեր։ Այդ իսկ պատճառով Արիստոտէլ կ՚առաջարկէ բարկանալ ճի՛շդ անձին վրայ։ Ճիշդ անձին վրայ բարկանալը մարդուն կը վերադարձնէ իրավիճակին նկատմամբ ունեցած վերահսկողութիւնը։ Ուրիշի մը վրայ բարկանալը այդ խնդիրը կը ձգէ այնպէս, ինչպէս որ է եւ հետեւաբար ճիշդ անձին հետ պէտք է լուծել։ Ճիշդ անձի վրայ բարկանալով է, որ մարդ դուրս կու գայ անզօր ըլլալու իր զգացումէն: 

Ճիշդ չափով.- Բարկութեան չափը կարեւոր է, որովհետեւ տրամաբանականօրէն մարդու բարկութիւնը պէտք է համապատասխան ըլլայ տեղի ունեցած դէպքի լրջութեան, սակայն, սահմանուած չափ մը գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որովհետեւ բարկութեան չափը իւրաքանչիւր մարդու համար կրնայ տարբերիլ, որովհետեւ բարկանալու մէջ դեր ունի մարդու դաստիարակութիւնը, համոզումներն ու արժէքները։ Հետեւաբար, նոյն դէպքին համար երկու տարբեր անձեր երկու տարբեր արձագանգներ կրնան ունենալ. մարդ կայ փոքր սխալի համար չափէն դուրս կը բարկանայ, իսկ շատ լուրջ խնդրի մը դիմաց ուրիշը անտարբեր կը մնայ։ Արիստոտէլի համար բարկութեան ճիշդ չափը ո՛չ ամէն բանի համար բարկանալն է եւ ո՛չ ալ ամէն բան հանդուրժելը։ Պէտք է բարկանալ առանց ջղային զգացումներու գերին դառնալու եւ առանց սեփական դատողութիւնը կորսնցնելու։ Աշխարհի մեծագոյն չարագործութիւնները բարկութեան եւ ջղայնութեան պահերուն կը կատարուին եւ ամբողջ կեանք մը զղջում կը յառաջացնեն։ Այսօր բանտերու մէջ մարդոց թիւը շատ աւելի պակաս պիտի ըլլար՝ եթէ կարենային իրենց զգացումներն ու բարկութիւնը զսպել ու ճիշդ չափերու մէջ պահել: Բարկութեան չափը կրնայ նախորդ զգացումներուն հետեւանքն ալ ըլլալ. օրինակի համար, մարդ երբ ամբողջութեամբ տարբեր նիւթի մը համար ջղային է եւ այլ դէպք մը կը պատահի, կրկնակի արձագանգ կու տայ՝ քան տարբեր պարագաներու, որովհետեւ այդ բարկութեան մէջ բաժին ունի նաեւ նախորդ չլուծուած հարցը։ Չափը փորձառութեան, պահի եւ զգացումներու հիման վրայ լուրջ փոփոխութիւն կրնայ կրել: 

Ճիշդ ժամանակին.- Իրականութեան մէջ, ճիշդ ժամանակին բարկանալը ճիշդ անձի վրայ բարկանալէն տարբեր իրողութիւն մը չէ։ Պէտք է բարկութիւնը նոյն յառաջացած պահուն բարձրաձայնել եւ հարցը լուծել, որովհետեւ աւելի ուշ պահելը պարզապէս կը դժուարացնէ այդ գործընթացը։ Մարդ կը սկսի աւելի խոր մտածել դէպքին ու պատահարին շուրջ եւ այդ մէկը երկու տարբեր ուղղութիւններ կ՚առաջնորդէ մարդը. կա՛մ բարկութիւնը կը մեղմանայ կամ հակառակը՝ կը բորբոքի։ Մարդ կայ երբեմն կը բարկանայ եղելութենէ մը առաջ։ Ան կրնայ իր մտքին մէջ թիւրիմացութեան զոհ ըլլալ եւ ճշմարտութենէն ամբողջութեամբ հեռու բարկանալ՝ երբ տակաւին վերջնական ու յստակ բան գոյութիւն չունի։ Հետեւաբար, կանուխ բարկանալը պարզապէս ներքին տագնապ է եւ վատառողջ երեւոյթ, որովհետեւ այդտեղ մարդ կը բարկանայ իր իսկ ստեղծած թիւրիմացութեան վրայ եւ ո՛չ թէ ճշմարիտ պատահածի։ Հետեւաբար, պէտք չէ կանուխ բարկանալ։ Պէտք չէ նաեւ ուշ բարկանալ, որովհետեւ զսպուած զայրոյթը կրնայ խնդիրը խորացնել. օրինակի համար, այդ պահուն խօսելով լուծուող հարց մը չբարձրաձայնելու պարագային մտածումներու մէջ շատ աւելի մեծ ու խոր վիճակ կը ստանայ եւ լուծելին շատ անգամ կը դառնայ անլուծելի։ Ճիշդ ժամանակին բարկանալը արդարութիւն հաստատելու փորձ մըն է։ Բարկութեան ճիշդ ժամանակը այն պահն է, որ մարդ կը տիրէ իր զգացումներուն եւ բարկութիւնը կը գործածէ որպէս նպատակի հասնելու միջոց։ Եթէ զգացումներով առաջնորդուի, ապա շատ աւելի խոր ու վիրաւորական վիճակներ կրնան ստեղծուիլ:

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մարդս ամենէն աւելի անիրաւ եղած ատենը կը բարկանայ:

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2026