ՍԻՐԵԼԻ՜ Է ԽՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

Սիրելի եւ փափաքելի է խնդութիւնը, ուրախութիւնը բոլորիս համար։ Բայց աշխարհիս վրայ կան պատահարներ՝ որոնք արգելք կը հանդիսանան ուրախութեան, քանի որ այս աշխարհի վրայ միշտ կան եւ պիտի ըլլան նեղութիւններ։ Աշխարհ երեւակայացուած դրախտը չէ՛ եւ երբեք պիտի չըլլայ։

Աշխարհի վրայ չեն պակսիր անհասկացողութեան զանազան հարցեր, արկածներ, հիւանդութիւններ, նիւթական դժուարութիւններ, ձախողութիւններ, անկումներ եւ այլն։ Բայց այս բոլորի կողքին պէտք չէ՛ մոռնալ, որ ո՛չ մէկ խաւար բոլորովին մութ է, հոն անպայմա՛ն կայ լոյսի շող մը։ Այսուհանդերձ հոգեվիճակ մը մեզ տեւապէս կը հարուածէ եւ միշտ մեզի հետ կ՚ընթանայ ամէն տեղ, ամէն ժամանակ։ Յուսահատութի՛ւնն է այդ հոգեվիճակը։

Յուսահատութիւնը, արդարեւ, կը խանգարէ մեր յարաբերութիւնները ընկերային շրջանակին մէջ եւ կ՚աւրէ մեր հոգեկան ներաշխարհը եւ կը հիւանդացնէ մեր միտքը՝ արգելք կ՚ըլլայ բանականութեան ուղիղ աշխատութեան։

Միայն Աստուած եւ Իր Խօսքը մեզ ազատ կ՚արձակեն տխուր եւ յոռի զգացումներէն եւ կ՚առաջնորդեն լաւատեսութեան, որ կը սնանի յոյսով…

Ուստի, Աստուած մեզի մեր աչքով՝ աշխարհի չափանիշով չի դիտեր եւ Իր հեռանկարով մենք բոլորս հաւասար, կարող եւ արժանի ենք Իր սիրոյն եւ օրհնութեան, քանի որ «մենք Անոր ձեռագործն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած բարի գործերու համար, Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ որպէսզի անոնց մէջ քալենք». (ԵՓ. Բ 10)։

Ուրախութիւնը, արդարեւ, արտաքին ջանքերով կարելի չէ ձեռք ձգել եւ կարելի չէ սպասել, որ ան ինքնաբերաբար երեւան գայ։ Ան մեր հոգեկան ներաշխարհէն բխած խնդալի զգացումի արդիւնքը եւ արտայայտութիւնն է։ Ուրախութեան, աւելին՝ երջանկութեան արգելքներն են. ինքնահաւանութիւնը, մեծամտութիւնը, հպարտութիւնը եւ անձնակեդրոն կեանքը՝ որոնք կը բխին մարդուն ներաշխարհէն։

Միայն անձնուէր, անկեղծ եւ ճշմարիտ սիրով լեցուն, ներողամտութեամբ, հանդուրժողութեամբ որդեգրուած ապրելակերպն է, որ տխուր պարագաներ, դժբախտութիւններ, յուսահատութիւններ պիտի նուազեցնէ։ Եւ մենք փորձառաբար պիտի ժառանգենք այն ներքին խաղաղութիւնը, անդորրութիւնը՝ որ կարող է վտարելու ամէն անորոշութիւն, ամէն կասկած… «Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտէք, կ՚ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու». (ԵՐԵՄ. ԻԹ 11)։

Սիրելի՜ բարեկամ. կեանքդ տխուր, յուզիչ կ՚ընթանա՞յ, թէ ուրախութեամբ, ցնծութեամբ լեցուն խնդալի ճամբորդութիւն մըն է։ Երբ թերանանք, տկարանանք եւ շուարումի մատնուինք՝ մեզ զարմացնող զօրութեան աղբիւրին դիմենք։ Ուստի, ճշմարտութեան հասելու առաջին քայլն է՝ զարմանա՛լ, փոխանակ անտարբեր մնալու։

Կեանքը ա՛յս է սիրելի՜ներ, ընդունինք, որ մեր ընկերային շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքերու մէջ մեծ թիւով անձեր ուրախ եւ երջանիկ չեն՝ միշտ բան մը կը պակսի իրենց կեանքերէն։ Եթէ հարցնենք, բոլորն ալ իրենց յատուկ պատճառներ, բացատրութիւններ ունին։

Բայց Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ մեզի ուրախ ըլլալ. «Դարձեալ կ՚ըսեմ ուրախ եղէք». (ՓԻԼ. Դ 4)։ Ուստի, Տիրոջմով ուրախ ըլլանք՝ քանի որ Ան է միակ վստահելին եւ ապաւէնը։

Օրինակելի, հաւատարիմ եւ կարգապահ, բարեպաշտ հաւատացեալը կոչուած է ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ ապրելու իր կեանքը։ Եւ այս իմաստով, իր վիճակով կարենալ գոհանալ՝ երջանիկ ըլլալու միջոցներէն առաջնակա՛րգն է։ Բոլորիս մատչելի եւ սիրելի է խնդութիւնը՝ երբ կը փափաքինք եւ ճիգ չենք խնայեր հնազանդ կեանքեր ապրելով. Սուրբ Գիրքին սորվեցուցած սկզբունքներուն համաձայն։ Ասիկա մեծապէս կը զօրացնէ եւ կը քաջալերէ շուտով խոստովանելու եւ ներողութիւն խնդրելու՝ երբ մեղքի մէջ իյնանք։

Արդարեւ, «ուրախ սիրտ»ը ո՛չ միայն մեր հոգիները կ՚ազնուացնէ, այլ նաեւ դրական փոխանցիկ ազդեցութիւն կը թողու մեր սիրելի բարեկամներուն վրայ։ Մեր վկայութիւնը կը ստեղծէ ուրախութիւն՝ մեր շուրջիններուն մէջ։

Ուրա՜խ ըլլանք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2026