ԱՉՔԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՄԷՋ ԿԱՅ ԱՆԾԱՆՕԹ ՊԱՅՔԱՐ

Աշխարհի վրայ զգայնութիւնն ու յուզումը ե՞րբ ամօթ հռչակուեցաւ. մարդ արարածը ե՞րբ համոզուեցաւ, որ լռութեան մէջ տառապիլը շատ աւելի արժանապատիւ է՝ քան անկեղծ վշտանալն ու լալը. այդ մէկը ե՞րբ թուլութեան ու տկարութեան նշանակութիւն ստացաւ. մարդէն ե՞րբ պահանջուեցաւ քօղարկել ներքին զգացումները: Ե՞րբ սկսաւ մարդը մեղադրուիլ ներաշխարհին մէջ ունեցած ալեկոծութիւններուն ու յոյզերուն համար. ո՞վ սկսաւ համոզել, որ արցունք թափելը, կարօտի զգացում ունենալը, փշաքաղիլն ու փղձկիլը անզօրութեան նշան են: 

Այս բոլորը որո՞ւ ճամբով եւ ե՞րբ եղաւ՝ չենք գիտեր, սակայն գիտենք, որ կամայ-ակամայ, բոլորս ալ այդ «ամօթ»ին զոհերն ենք, որովհետեւ մեզի համար մարդոց կարծիքը շատ անգամ աւելի կը կշռէ՝ քան մեր ներքին զգացումներն ու յոյզերը. զգայուն ըլլալու տպաւորութիւնը կ՚ուզենք վանել՝ այնպէս կարծես անպատուութիւն ըլլայ, մինչ մարդկային կեանքին մէջ կար ժամանակ, որ զգացումը, յոյզը մարդկային կեանքի ամենէն ազնիւ ու պատուական երեւոյթներէն էին: 

Այսօր բազմիցս կը լսենք «մի՛ լար» արտայայտութիւնը. «մի՛ նեղուիր», «մի՛ մտածեր», «մի՛ մտահոգուիր» եւ կրնանք մի քանի տասնեակ «մի՛»եր դասել, սակայն, աւելի քան դար մը առաջ մարդկութիւնը ամբողջովին հակառակ կը մտածէր. օրինակի համար՝ անգլիացի վիպագիր Չարլզ Տիքընս իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Երբեք պէտք չէ ամչնալ արցունքներէն. անոնք անձրեւներ են, որոնք կը լուան մեր սիրտերուն վրայ կուտակուած փոշին: Լալէ ետք ես աւելի մեղմ, աւելի խոնարհ մարդ կը դառնամ»: Կար ժամանակ, երբ լալը, զգացումն ու յուզումը մարդկային էութեան մաս կը կազմէին. վկայ աւելի քան դար մը առաջ ապրող հայ բանաստեղծները, որոնք առանց ամօթ զգալու, առանց ակնածելու գրի կ՚առնէին իրենց յուզումները, կարօտներն ու սէրերը՝ նոյնիսկ շատ անգամ ինքզինք նուաստացնելու աստիճան. օրինակի համար՝ Պետրոս Դուրեան շնորհակալութիւն կը յայտնէր գիշերին՝ որ իր վշտահար կեանքին վրայ արցունք կը թափէր։ Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ առանց երկնչելու կ՚ընդունէր, որ ինք «թշուառ» է, որ ինք «դժբախտ» է։ Անշուշտ, այս բոլորը պէտք չէ ընկալել որպէս նուաստացում։ Համաշխարհային գրականութեան մէջ կայ հետեւեալ միտքը. ան որ չի լար՝ չի կրնար տեսնել. այլ խօսքով՝ ան որ տառապանքը, արցունքն ու թշուառութիւնը իր մորթին վրայ իրապէս չզգայ, չի կրնար լաւապէս կեանքի ինչութիւնը հասկնալ։ Անցեալին յստակ էր տառապողն ու տառապեցնողը, յստակ էր թշուառն ու անոր թշուառութեան պատճառը, սակայն, այսօր մեր ներկայ իրականութիւնը այդպէս չէ:

***

Այսօր քովէդ անցաւ օտար մը. անձ՝ որ առաջին եւ գուցէ նաեւ վերջին անգամն է, որ կը տեսնես. դիմագիծը ինչպիսի՞ տպաւորութիւն ձգեց. ժպիտ կա՞ր դէմքին՝ թէ ոչ այդտեղ ուրուագծուած էր մտահոգութիւն՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ օտար մնաց անոր ներաշխարհն ու յոյզերը. անոր օտար ծիծաղին մէջ գուցէ պահուած է կարօտը սիրելիի մը՝ որ այժմ հեռացած է այս աշխարհէն. անոր անտարբեր աչքերուն մէջ գուցէ տակաւին պատկերն է այն սիրոյն՝ որուն աւերակները մնացած է. շարժող այդ մարմինին մէջ ան ունի մեզի անծանօթ պատերազմ մը, որ կը շարունակուէր նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ան քովէդ կ՚անցնէր: Վստահաբար, դո՛ւն ալ նոյն զգացումներն ու յոյզերը ունենալով հանդերձ անտարբերութեամբ կ՚անցնիս բազմաթի՜ւ անծանօթներու մօտէն, որոնց համար նոյնպէս անծանօթ ես։ Մենք կը հաւատանք, որ ամէ՛ն աչքի մէջ կ՚արտացոլայ պատմութիւն մը՝ որ ամբողջութեամբ տարբեր է ուրիշի մը պատմութենէն: Դժուարութեան ու տառապանքի պահուն յաճախ կը կարծես, որ այդ մէկը միայն քեզի սահմանուած բաժին մըն է, մինչ քեզ շրջապատող իւրաքանչիւր մարդ իր մէջ ունի ցաւի բաժին մը. գուցէ ախորժակով ժպտացող այդ անցորդը միւս բոլորէն շա՜տ աւելի մեծ ցաւ ու վիշտ ունի, սակայն, այդ բոլորը ժպիտի մը տակ թաղելով իր «անզօր»ութիւնը ցոյց տալ կ՚ուզէ՝ մոռնալով, որ կեանքի անակնկալներուն դիմաց բոլորս անզօր ենք՝ ի՛նչ պաշտօնի կամ դիրքի վրայ ալ գտնուինք: 

Այս բոլորը շատ աւելի մեծ իմաստ կը սկսի ստանալ, երբ գիտակցինք, որ մեր մօտէն անցնող իւրաքանչիւր մարդ արտաքին տեսքէն աւելի հոգի է. դէմքը անոր յոյզերը ինչքանով կրնայ պահել կամ որոշ կարծիք յայտնել՝ յարաբերական է: Աշխարհի վրայ չարեր գոյութիւն ունին, սակայն, անոնցմէ աւելի գոյութիւն ունին կեանքի բեռին տակ տառապող եւ այդ տառապանքը որպէս մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը համարելով պայքարը շարունակող մարդիկ, որոնք չարերէն պաշտպանուելու համար յաճախ կը փորձեն ծածկել ու քօղարկել իրենց բարի ու մարդկային զգացումները։ Ճիշդը գիտնալով հանդերձ՝ ակամայ մենք ալ սխալը կը բարձրաձայնենք. պահեցէ՛ք ձեր արցունքները, որովհետեւ մարդկային ու բարի ըլլալով հանդերձ՝ շա՜տ շատեր այդ արցունքները իրենց համար որպէս յաղթանակ կը նկատեն. պահեցէ՛ք ձեր յոյզերն ու կարօտները, որովհետեւ շատեր անգիտակ կարօտի զգացումի սաստկութենէն՝ այդ մէկը ծաղրի առարկայ կը դարձնեն. պահեցէ՛ք ձեր մարդկային ամենէն բարի զգացումները, որովհետեւ մարդիկ ձեր բարութիւնը որոշ ժամանակ ետք որպէս «պարտաւորութիւն» կը սկսին տեսնել։ Պիտի ըլլա՞յ արդեօք ժամանակ, որ մարդկային բոլոր բնական երեւոյթները դարձեալ սկսին դիտուիլ որպէս բնական մարդկային բնութեան մէկ մասը՝ հեռու քննադատութենէն. յոյսով ենք:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մուրճը չի՛ մաշիր, ո՛չ ալ սալը. բայց զանոնք ծեծող ձեռքերը կը յոգնին, կը թուլնան:

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026