ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԻՄԱՍՏԸ
Սուրբ Պատարագի խորհուրդը հասկնալու համար անհրաժեշտ է յստակօրէն պատասխանել երկու հարցադրման. նախ՝ ինչպէ՞ս կ՚ըմբռնենք մեր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի խորհուրդը, երկրորդ՝ ինչպէ՞ս կը հասկնանք Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը ճաշակելը Սուրբ Հաղորդութեան ժամանակ։
Հին կտակարանի բոլոր զոհերը եւ պատարագներ իրականութեան չէին համապատասխաներ, այլ միայն Խաչի պատարագի շուքը եւ նախատիպ օրինակն էին, եւ միայն նման ըլլալով եւ ակնարկելով Քրիստոսի զոհաբերութեանը՝ հաճելի էին Աստուծոյ։ Ճիշդ այնպէս՝ ի՛նչպէս տարբեր են «իրականութիւն»ը եւ «ճշմարտութիւն»ը. արդարեւ, իրականութիւններ՝ ստուերներն են ճշմարտութեան։ Ուստի, Քրիստոսի կատարած փրկութեան մեծ եւ միակ Պատարագէն յետոյ մնացած բոլոր զոհերը եւ պատարագները, ըլլան մովսիսեան թէ հեթանոսական, անզօր եւ ապարդիւն են, քանի որ շուքը ճշմարտութեան լոյսին մէջ կը յայտնուի, կը ճշմարտանա՛յ։
Ապա հարց կը ծագի՝ ի՞նչ է այն, որ քրիստոնէական եկեղեցիները «պատարագ» կ՚անուանեն։ Արդարեւ, քրիստոնեաներու «Պատարագ»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ո՛չ Խաչի պատարագի ընծայումը եւ յիշատակութի՛ւնը, Քրիստոսի փրկագործութեան արդիւնքները իւրացնելը, որը Ի՛նքը՝ Քրիստոս հաստատեց Իր չարչարանքներէն առաջ՝ ըսելով. «Ասիկա կատարեցէք Իմ յիշատակիս համար», որ կը նշանակէ՝ «Այս (այսինքն՝ հացը եւ գինին օրհնելը եւ նուիրելը) մատուցէք իբրեւ պատարագ եւ անով Իմ չարչարանքներու եւ մահուան յիշատակը կը կատարէք Աստուծոյ առջեւ»։ Այսինքն, եթէ ուղղակիօրէն կրկնենք Քրիստոսի խօսքերը, որոնք Ան ըսաւ, յայտնեց այս Խորհուրդը հաստատելու ժամանակ. «Առէ՜ք, կերէ՜ք… Խմեցէ՜ք անկէ…», այդ պահուն հրաշալի՜ եւ գերբնական եւ հետեւաբար, անիմանալիօրէն եւ անբացատրելիօրէն հացը եւ գինին կը փոխակերպուին Քրիստոսի փառաւորեալ Մարմինին եւ Արիւնին, այսինքն՝ այն Մարմնի, որ Քրիստոս մէկընդմիշտ մատուցանեց Խաչի վրայ, եւ այժմ երկինքի մէջ իբրեւ մշտնջենաւոր Քահանայապետ շարունակաբար կը մատուցուի մինչեւ յաւիտենակա՜ն ժամանակներ…
Եւ յետոյ այդ սրբագործուած եւ Մարմնի եւ Արեան փոխակերպուած «հաց»ը եւ «գինի»ն Աստուծոյ մատուցուելով՝ մենք եւս կը միանանք մեր աստուածային Քահանայապետին, Անոր մշտնջենական պատարագի մատուցմանը՝ որպէսզի մենք եւս գործով եւ մասնակցութամբ ցոյց տանք, թէ իրապէ՛ս կը փափաքինք եւ պատրա՛ստ ենք վայելել Քրիստոսի փրկագործութեան արդիւնքը՝ գոհանալով այն մեծ Պատարագի համար, որով փրկուեցանք եւ արդարացանք։ Սա՛ է պատճառը, որ երբեմն այս Սուրբ Խորհուրդը կը կոչուի «Գոհութիւն»։
Պատմութեան ընթացքին Տիրոջ Մարմնին եւ Արեան՝ հացի եւ գինիի փոխակերպուիլը բաւականին մեծ վէճերու առիթ տուած է գրեթէ բոլոր եկեղեցիներու մէջ։ Հայ Եկեղեցւոյ համար Սուրբ Հաղորդութեան հիմքը Քրիստոսի խօսքերն են. «Այս է Մարմինն իմ. Այս է Արիւնն իմ», եւ մենք այլեւս իրաւունք չունի՛նք ըսելու, թէ հացը եւ գինին ինչպէ՞ս կարելի են գոյապէս փոխակերպուիլ Մարմինի եւ Արիւնի։ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին երբեւէ չի՛ փորձեր Տիրոջ խօսքերու սահմաններէն դուրս գալ՝ զանազան իմաստներ եւ բացատրութիւններ տալով Խորհուրդին։
Խորհուրդը կը դադրի «խորհուրդ» ըլլալէ, երբ կ՚ենթարկուի փիլիսոփայական բացատրութեան։
Հաւատանք, որ սրբագործութենէն յետոյ հացը եւ գինին Տիրոջ խօսքերու գերբնական զօրութեամբ եւ աննկարագրելիօրէն, Տիրոջ խոստումին համաձայն, կը փոխակերպուին Մարմնի եւ Արիւնի, եւ անոնք արժանաւորաբար ճաշակողները կը ճաշակեն Տիրոջ Մարմինը եւ Արիւնը, իսկ անարժանաբար ճաշակողները՝ մեծ մեղքի եւ դատապարտութեան տակ կ՚իյնան։ Այս մասին Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակի ԺԱ 23-29 համարները բաւարար տեղեկութիւններ կը բովանդակեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 7, 2026, Իսթանպուլ