ՀԱՐՈՒՍՏ ՈՒ ԴԺԲԱԽՏ

Ներկայ ժամանակներու տեսերիզի աշխարհը ամէն ձեւով կը փորձէ հանդիսատեսը համոզել մէկ իրականութեան. դրամն ու հարստութիւնը միշտ չէ՛, որ ուրախութիւն կը բերէ, հակառակ անոր, որ համացանցը ամէն գնով կը փորձէ փաստել հակառակը՝ նիւթական հարստութիւնը ներկայացնելու որպէս ուրախութիւն, անկախութիւն ու բարօրութիւն։ Անոնց մէջ, սակայն, կայ հասարակաց մէկ գիծ. երկուքն ալ կեղծ են: Տեսերիզը հիմնուած է գրեթէ շինծու պատմութիւններու հիման վրայ, իսկ համացանցի մէջ ցուցադրուած ուրախութիւնը միշտ չէ, որ կատարեալ ու ճշմարիտ ուրախութիւնն է: 

Վստահաբար, շատ շատեր պիտի ուզէին մեծահարուստ ընտանիքի մէջ լոյս աշխարհ գալ. երբեւէ չմտածել ապրուստի ու կեանքի պատճառած նիւթական դժուարութիւններուն մասին, սակայն, երանելի թուացող այդ «բախտաւորութիւն»ը միշտ չէ, որ բախտաւոր վիճակ կը ստեղծէ անհատներու համար։ Բազմաթի՜ւ հարուստ ընտանիքի մէջ լոյս աշխարհ եկող մանուկներ պիտի ուզէին իրենց ծնողները ըլլային աղքատ, սակայն, չունենային այն վերաբերմունքը՝ ինչ որ նիւթականով եւս կարելի չէ սրբագրել ու ուղղել։ Վստահաբար, նման երեւոյթ մը ուսումնասիրելու համար կարելի չէ գտնել աւելի կենդանի օրինակ՝ քան Կիւլպէնկեան ընտանիքը։ Անշուշտ, այդ մէկը ընելու համար ըսի-ըսաւներու պիտի չհետեւինք. մեր ձեռքին մէջ ունինք անոր զաւկին՝ Նուպար Կիւլպէնկեանի կողմէ գրուած երկարաշունչ ինքնակենսագրական աշխատութիւնը: 

Նուպար Կիւլպէնկեան իր աշխատութեան մէջ կը յայտնէ, որ հօր հանդէպ ունեցած զգացողութիւնը միշտ ալ յարգանքէ աւելի եղած է վախ։ Նուպար նոյնիսկ իր երիտասարդ տարիքին շատ անգամ հօրը հրահանգներով կը շարժէր. օրինակի համար՝ մեծ փափաք ու սէր ունէր զինուորական դառնալու, սակայն, հայրը դէմ էր։ Հօրը համոզումով՝ որդին պէտք էր համալսարանական ուսումը շարունակէր, որովհետեւ զինուոր ըլլալով կրնար հօրը տասնամեակներու աշխատանքը կորուստի մատնել։ Հետեւաբար, Գալուստ Կիւլպէնկեան դէմ կենալով անոր զինուորական ըլլալու փափաքին՝ ըսած էր. «Չեմ ուզեր, որ քու կեանքը դէպի կորուստ առաջնորդուի»: Նուպար կեցած էր հօր հրահանգին ու իր սեփական նախասիրութիւններուն միջեւ. հայրը որոշած էր զինք ուսման ղրկել եւ հօրը կամքին համաձայն, գացած էր Քէյմպրիճ՝ ուսումը շարունակելու, սակայն, միւս կողմէ հօր աչքերէն հեռու որոշած էր իր նախասիրութիւնները կեանքի կոչել ու գաղտնի որոշած էր զինուորականներու պատրաստման դասընթացքներուն մասնակցիլ: 

Այստեղ եւ ընդհանրապէս հարուստ ընտանիքներու զաւակներուն մօտ կը տեսնենք «հաւատարիմ» ըլլալու վիճակ մը։ Հայրը՝ որ հարստութեան հիմնական աղբիւրն է, իր նիւթական ուժի միջոցով կը փորձէ իր հսկողութեան տակ պահել նոյնիսկ մեծահասակ որդիները, որովհետեւ իր կամքին հակառակիլ պիտի նշանակէր նաեւ զրկուիլ այն «բարիք»ներէն, ինչ որ հայրը յաջողած էր ընտանիքին համար ստեղծել:

Նուպար Կիւլպէնկեան Ամերիկայի մէջ ուսանած ժամանակ իր անունը արձանագրած էր նաեւ փաստաբանական դասընթացքներուն։ Վճարած էր 100 փաունտ՝ որպէսզի իր անունը եւս մնայ այդ ցուցակին վրայ, սակայն, փաստաբան դառնալու համար կար որոշ պայմաններ, որոնք պէտք է ամբողջանային։ Նուպար երբեք այդ պայմանները չկրցաւ ամբողջացնել, որպէսզի քննութեան դիմելով փաստաբան դառնայ, սակայն, հիմնական խնդիրն ու դժուարութիւնը այս մէկը չէր։ Աշխարհի ամենէն հարուստ հայ մարդուն զաւակը Ամերիկայի մէջ նիւթական դժուարութեան դիմաց գտնուեցաւ եւ իր հօր դիմելու փոխարէն՝ որոշեց փաստաբանական գրասենեակէն վերցնէ իր ներդրած 100 փաունտը, որուն համար իր աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ապագային ափսոսացի»։ Սակայն, իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ գումարի կարիք ունէր։ Աշխարհի ամենէն հարուստ հայուն զաւակը ինչպէ՞ս նիւթականի պակաս կ՚ունենայ։ Այս մէկը հիմնական հարց մըն է։ Ամէն հարուստի զաւակ չէ՛, որ իրապէս հարուստ վիճակի մէջ կը գտնուի։ Շատ մը հայրեր իրենց իշխանութիւնը պարտադրելու համար կ՚ուզեն կախեալ վիճակ մը ստեղծել, որպէսզի վերջաւորութեան կատարուի այն՝ ինչ մեծահարուստ հայրը կ՚ուզէ կատարուի։ Միւս կողմէ, ամէն զաւակ չէ, որ քաջութիւնը կ՚ունենայ իր խնդիրները ընտանիքին պատմել։ Նուպար Կիւլպէնկեան հրաժարեցաւ փաստաբան դառնալէն՝ պարզապէս որովհետեւ 100 փաունտի կարիքը ունէր. գումար, որ հօրը հարստութեան դիմաց փոշի մըն էր պարզապէս:

Հարուստ հայրերու մէկ այլ թերութիւնն ալ այն է, որ իրենք զիրենք «ամենագէտ» կարծելով կը դժուարանան ուրիշներու՝ մանաւանդ սեփական զաւակներու յաջողութիւնները գնահատել։ Օրինակի համար՝ Նուպար Կիւլպէնկեան իր աշխատութեան մէջ կը գրէ, թէ ինչպէս հօրը համար համաձայնութիւններ կնքելով պատճառ եղած է, որ հայրը մէկ օրուան մէջ աւելի քան 100 հազար փաունտ աշխատի, սակայն, գնահատանքի փոխարէն՝ հօրը արձագանգը եղած է բացասական։ Հայրը գնահատելու փոխարէն՝ կտրուկ նկատողութիւններ կատարած է եւ վստահաբար այս մէկը մեծապէս ազդած է Նուպարի վրայ, որ իր գիրքին մէջ պատշաճ նկատած է այդ դրուագը եւս յիշել: Նուպարի համար այդ մէկը առաջին գործարքը ըլլալով որպէս մեծ յաջողութիւն նշանակութիւն ունէր, սակայն, հայրը կը քննադատէր, որ 100 հազարի փոխարէն, գուցէ 150 հազար կարելի էր շահ ապահովել:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ճիգը, աշխատանքը ունայն է, երբ յարատեւ չըլլայ: Մի՛ տարուիք պատահական հեղեղներու հոսանքէն, որոնք կարճ կը տեւեն:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026