Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի ողջունելի դարադարձը

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը թեւակոխած է իր հրատարակութեան 100-րդ տարին: Սա բացառիկ իրադարձութիւն մըն է՝ հաշուի առնելով, որ «Ազդակ»ը հայկական զանգուածային լրատուական միջոցներու աշխարհէն ներս առանցքային դերակատարութիւն մը ունի: Ուստի, «Ազդակ»ի դարադարձը իսկապէս ողջունելի է: Որեւէ բնագաւառի մէջ, անշուշտ, 100-ամեակ մը կ՚ունենայ բացառիկ նշանակութիւն, սակայն, այս յոբելեար օրաթերթի պարագային առաւել եւս՝ նկատի ունենալով անոր յաջող ոդիսականի առանձնայատկութիւնները:

Թէեւ «Ազդակ» այս պահու դրութեամբ միայն թեւակոխած է իր 100-րդ տարին, որ պիտի աւարտի յաջորդ տարի մարտի 5-ին, սակայն, անոր դարադարձին այժմէն անդրադառնալը, հասկնալիօրէն, չի նշանակեր իրադարձութիւններէն առաջ իյնալ կամ շտապել զգացականօրէն: Արդարեւ, այս յոբելեար օրաթերթի գործունէութիւնը երկար դարեր կը կամրջէ, դարերու վաղեմութեամբ արժէքներու կենսունակութեան հեւք մը կ՚ենթադրէ, հետեւաբար, այդ մէկ տարուան հաշիւը կը դառնայ պարզ ժամանակագրութիւն մը:

«Ազդակ» օրաթերթը, որու գործունէութիւնը արդէն դարու մը վրայ կը ձգտի, իր լինելութեամբ չ՚առընչուիր միայն զանգուածային լրատուութեան բնագաւառին հետ: «Ազդակ»ը ուղղակի կամ անուղղակի կ՚առընչուի՝ համահայկական օրակարգի բոլոր երեսակներուն հետ: Այդ առնչութիւնները կը բիւրեղանան շատ ազդու կէտերու վրայ, որովհետեւ յոբելեար թերթը նախ եւ առաջ բաւական յաւակնոտ յաջողութեամբ կը կատարէ բո՛ւն գործը, հաւատարիմ է իր լինելութեան նպատակին եւ այդ կէտէն սկսեալ կը յաջողի նաեւ մնացեալ ամէն ինչին հետ առնչակից դառնալ: Սա առաջին հերթին անոր գործունէութեան բազմակողմանիութեան արդիւնքը չէ, այլ գործը այնպիսի որակով մը կը կատարէ, որ մնացեալը կ՚ըլլայ տրամաբանական շարունակութիւն: 

«Ազդակ»ը հայ իրականութենէն ներս հաւաքական միտք ձեւաւորելու առումով անանտեսելի դերակատար մըն է՝ իր անուրանալի ու վիթխարի ներդրումով: Մետայլի միւս երեսակին՝ ան օտար միջավայրերու պարագային ալ լուրջ յղման կէտ մըն է՝ հետաքրքիրներու համար հայկական համայնապատկերին թափանցելու տեսակէտէ ընձեռուած արհեստավարժ հնարաւորութեամբ: Կուսակցական պաշտօնական օրկան մը ըլլալով հանդերձ, «Ազդակ» կարկինը լայն բանալով կը դիտարկէ հայութիւնը: Յոբելեար այս օրաթերթը նեղ շրջանակի մը արտադրանքը ըլլալու տպաւորութիւնը չի ստեղծեր՝ մանաւանդ համահայկական հարցերու եւ զգայնութիւններու պարագային, որոնք հասարակաց յայտարար կը հանդիսանան աշխարհացրիւ հայութեան: Այս ամբողջին մէջ կարելի է յատուկ գնահատանքի առարկայ դարձնել պետական մտածելակերպի խրախուսումը «Ազդակ»ի մը, որ այնքան ալ ընդհանրացած չէ, դժբախտաբար, սփիւռքեան մամուլի պարագային: Հայաստանակեդրոն մօտեցումներու արմատաւորման, պետական առաջնահերթութիւններու գերադասմամբ հաւաքական միտք պատրաստելու, հանրային կարծիք ձեւաւորելու, սփիւռքի ընթացքը համապատասխան ձեւով ուղղորդելու տեսակէտէ «Ազդակ»ի որդեգրած ուղին իսկապէս արժանի է ուսումնասիրութեան:

Սփիւռքահայ մամուլի պարագային ամէն ինչ վաղուց այնքան բամպակէ դերձաններով հիւսուած է, որ յարատեւութեան հանգամանքը ինքնին կ՚ենթադրէ հաստատութենականացում: Այժմ, երբ «Ազդակ» պատուով կանգնած է դարադարձի պատուանդանին վրայ, ապա այս իրականութիւնն ալ կը վերահաստատուի հերթական անգամ: Ան լրատուամիջոց է, նաեւ ուրոյն դպրոց մըն է, ուրկէ կը հասնի մասնագիտական մարդուժ եւ հարթակ մըն է, որու վրայ զանազան մասնագիտութիւններէ մարդիկ հարազատ մայրենիով խօսք կ՚ուղղեն սեփական ժողովուրդին, շարքային հայ մարդուն, որու անհատական մղումները շատ յաճախ գործօն կը դառնան ազգապահպանման տեսակէտէ:

«Ազդակ»ի բոլորած դարը, պարզ է, որ ելեւէջներու հոլովոյթի մը մէջ անցած է: Թէեւ Պէյրութը բաւական երկար շրջան մը կը դասուէր՝ որպէս սփիւռքի մայրաքաղաքը, սակայն, «Ազդակ»ի գործունէութիւնը այդ միջավայրի բերկրանքը վայելելու համազօր չէ եղած, անտարակոյս: Առանց այդ, որ յոբելեար թերթի բնօրրանը եղած է Մերձաւոր Արեւելքի նման անհանգիստ տարածաշրջան մը, Լիբանանն ալ, վերջին հաշուով, չէ դասուած լիարժէք կայուն երկիրներու շարքին: Հետեւաբար, «Ազդակ» ամէն օր լոյս աշխարհ եկած է վառօդի հոտերու, ֆիզիքական վտանգներու եւ հոգեբանական ծանր պայմաններով աշխատող մարդոց յամառ ջանքերուն շնորհիւ. զրկանքներ, կորուստներ, պայքարներ եւ մասամբ նորին: Այս բոլորը չեն թուարկուիր լոզունգներով դրուատիք հիւսելու համար, այլ՝ պարտադրաբար կը վերյիշուին՝ «Ազդակ»ի դարադարձի իմաստի գնահատականին մէջ չթերանալու համար: Մնաց որ, միթէ «տարբե՞ր է այսօր… Հանճա՞ր ըլլալ պէտք է՝ հասկնալու համար, թէ այս յոբելեար թերթի տպագրական մեքենայի ձայնը, միանշանակ, աղաղակ մըն է ու կանչ մը…»:

*

«Ազդակ»ի 100-ամեակը հետաքրքրական ու խորհրդանշական զուգահեռականներ կը ստեղծէ նաեւ Պոլիս-Պէյրութ առանցքին վրայ: Թրքահայութիւնն ու լիբանանահայութիւնը կ՚ընթանան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէ երկուքի հովանիին ներքեւ՝ մին Պոլսոյ Պատրիարքութեան, իսկ միւսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Երկուքն ալ կը պարփակեն կառոյցներ, որոնց նմանը գոյութիւն չունի ամբողջ սփիւռքի մէջ՝ մին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը, իսկ միւսը Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը: Եւ ահա՛ երրորդը՝ երկուքն ալ արդէն կը պահեն օրաթերթեր, որոնք ողջունած են իրենց դարադարձը: Պէյրութի 100-ամեայ «Ազդակ»ը եւ Պոլսոյ 118-ամեայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որ հայ իրականութենէն ներս երիցագոյնն է՝ անընդհատ հրատարակութեան կարգով:

*

Համընդհանուր հաւանութեան արժանացած մօտեցում մըն է, որ բոլոր բանակները կը ճանչցուին, կը յիշուին իրենց հրամանատարներով: Ուստի, «Ազդակ»ի դարադարձին անդրադառնալու ժամանակ անկարելի է առանձնապէս չխօսիլ անոր գլխաւոր խմբագրին՝ Շահան Գանտահարեանի մասին: «Ազդակ»ի արդի պատմութիւնը դրոշմուած է Շահան Գանտահարեանով: Յոբելեար օրաթերթի արդի տարեգրութիւնները կը համադրեն Շահան Գանտահարեանի մտքի լոյսը, ճակտի քրտինքը, լրագրական վարպետութիւնը, արհեստավարժ կարողութիւնը, վարչական հմտութիւնը, ծով վաստակը, նուիրումն ու տեսլականը… Շռայլութի՞ւն, չափազանցութի՞ւն… Ու տակաւին վրայ կը հասնի իր մարդկային նկարագրի ազնուութիւնը, որուն կրնան վկայել բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան զինքը: Գանտահարեան այսօր լուսարձակի տակ է՝ որպէս հպարտ ծովակալ մը, որ իր նաւը իմաստուն, հեռատես կ՚առաջնորդէ ալեկոծ ջուրերու մէջ, հայեացքը երբեք չթեքելով խաղաղ նաւահանգիստէն: Ան հեղինակաւոր վերլուծաբան մըն է եւ կարեւոր հասարակական գործիչ մը, որ գիտէ քայլ պահել յարափոփոխ ժամանակներու հետ, կը հետեւի ժամանակի ոգիին, բայց, չի՛ մոլորուիր ժամանակներու մէջ: Իր պարագային փորձառութիւնը չի՛ չափուիր ժամանակով, այլ տարածութիւն մըն է՝ պայմանաւորուած հարցաքննող միտքի ու լայնախոհութեան արգասիքի հետ: Կարճ խօսքով, Շահան Գանտահարեան հայ մամուլի մերօրեայ առաջատարներու ջահակիրներու շարքին է եւ իր մարմնաւորած կերպարը օրհնութեան նշանակութիւն ունի «Ազդակ»ի համար: 

*

Դարադարձի առթիւ բարոյական պարտք է յիշել յոբելեար օրաթերթի հիմնադիրները, անցեալի բոլոր խմբագիր կամ աշխատակիցները, սրբագրիչները, լուսանկարիչները, գծանկարիչները, գրաշարներն ու մեքենավարները, ցրուիչները, պաշտօնավարները եւ ամենակարեւորը՝ ընթերցողները: Ողջո՜յն նաեւ «Ազդակ»ի մերօրեայ ընթերցողներուն, որոնք այսօր բաժին ունին յոբելեանի առթած հպարտութեան զգացումին մէջ՝ իրենց թերթին տէր կանգնելու հետեւողականութեամբ: Սա տօն է հայ մամուլին համար. տօն է, անշուշտ, որքան որ ալ խրախճանքէ աւելի բնորոշուի զսպութեամբ եւ տօն է մե՜ծ, որովհետեւ «Ազդակ»ի ընթերցողը ունի աշխարհով մէկ սփռուած անկեղծ ուրախակիցներ, որոնց արեան կանչը շարժման կ՚անցնի Մեսրոպեան տառերու խորհրդաւոր ուժգնութեամբ:

Հուսկ, Պոլիսէն բի՜ւր ողջոյն արդէն դարաւոր «Ազդակ» օրաթերթին: Մեր մաղթանքն է, որ անոր առագաստէն անպակաս ըլլայ քամին, որպէսզի ան ծածանի դրօշի մը նման եւ անոր փողփողումը միշտ կենդանի պահէ հայոց միջեւ հաղորդակցութիւնը, որ հաւաքական առումով նախախնամական նշանակութիւն ունի ու կ՚երաշխաւորէ միասնականութիւնը գիտակցական հարթութեան վրայ:

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026