60-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱՊՆԱԿ

Բժշկագիտութեան տօնը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի մէկ կողմէ ոլորտի խնդիրները արժեւորուին, իսկ միւս կողմէ մասնագէտներ արժանանան գնահատանքի։ Այս ծիրէն ներս, Իսթանպուլի բժիշկներու պալատը կազմակերպեց հերթական մեծարանքի հաւաքոյթը՝ երէց սերունդէ կամ վաստակաւոր բժիշկներու մեծարման համար։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան «Ճեմ Քարաճա» մշակոյթի կեդրոնէն ներս։ 

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, թէ այս հաւաքոյթը առիթ դարձաւ, որպէսզի մեր համայնքի արժէքաւոր բժիշկներէն Էմիլ Տիւյմէճի եւս ստանայ յուշապնակ մը։ Տքթ. Էմիլ Տիւյմէճի հաւաքոյթի ընթացքին մեծարուեցաւ՝ ասպարէզէ ներս 60-ամեայ յոբելեանը բոլորած ըլլալու բերումով։ 

Տքթ. Էմիլ Տիւյմէճի համայնքային շրջանակներուն մօտէն ծանօթ մասնագէտ մըն է։ Որպէս կնախտաբոյժ՝ ան շուրջ վեց տասնամեակ գործունէութիւն ծաւալած է՝ արժանանալով բարի համբաւի եւ համատարած գնահատանքի ու համակրանքի։ Տքթ. Էմիլ Տիւյմէճի անցեալի մէջ աշխատած է նաեւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցէն ներս։ 

Յոբելեար բժիշկներու մեծարման ժամանակ ան ծափահարութիւններու ներքեւ ստացաւ իր յուշապնակը։ Այս փուլին տքթ. Էմիլ Տիւյմէճի ընդունեց նաեւ իր զանազան սերունդներէ պաշտօնակիցներու շնորհաւորութիւնները։

Այս ուրախ առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք տքթ. Էմիլ Տիւյմէճին՝ արտայայտելով մեր անկեղծ խնդակցութիւնները։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026