ՀԻՒՐՄԻՒԶԻ ՆԵՂՈՒՑԸ ԵՒ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ ընդդէմ Իրան պատերազմի մասին ամերիկացի յայտնի միլիառատէր Ռայ կամ Ռայմոնտ Տալիոյի հնչեցուցած խօսքերը դեռ թարմ են: Տալիօ՝ անցեալի կայսրութիւններու պատմութեան հմուտ հետազօտող մը, քաղաքական սրատես մեկնաբան, վերլուծաբան եւ փորձագէտ մը, վերջերս հետեւեալ երկու տողերու մէջ կ՚ամփոփէր ապագան տեսնող իր վերլուծութիւնը. «Հիւրմիւզի նեղուցին վրայ Ամերիկայի հսկողութեան կորուստը նոյնն է՝ այն ինչ Մեծն Բրիտանիա կորսնցուց Սուէզի ջրանցքին վրայ իր հսկողութիւնը, 1956-ին»:
Ռայ Տալիոյի հնչեցուցած սոյն երկու տողնոց նախադասութեան իմաստը հասկնալու համար, հարկ է յաւելեալ բացատրութեամբ մը ընթերցողին միտքին մէջ թարմացնել 1956-ի դէպքը:
Այն ինչ տեղի ունեցաւ 1956-ին, կրնայ կրկնուիլ այսօր՝ 70 տարի ետք:
1956 թուական - Մեծն Բրիտանիոյ աւարտը:
200 տարի, Մեծն Բրիտանիան ամենահզօր տէրութիւնն էր աշխարհի: Բրիտանական սթերլինը աշխարհի՛ դրամանիշն էր: Աւելին, բրիտանական ուժերը կ՚իշխէին ովկիանոսներու անհունութիւնը: Ամենէն կարեւոր կէտը անոր «հսկիչ ուժին» կը տարածուէր Սուէզի ջրանցքին վրայ: Համաշխարհային առեւտուրի մեծ մասը կ՚անցնէր Սուէզի ջրանցքէն: Հետեւաբար, ան որ կ՚իշխէր այս ջրանցքին՝ կ՚իշխէր համաշխարհային առեւտրական ծովուղիին:
1956-ին, Կամալ Ապտէլ Նասէրի իշխանութեան գլուխ գալէ չորս տարի ետք, Եգիպտոս ազգայնացուց Սուէզի ջրանցքը՝ յայտարարելով. «Հիմա, ջրանցքը ա՛լ մե՛րն է»: Մեծն Բրիտանիա սպառնաց. «Բացէ՛ք ջրանցքը, ապա թէ ոչ՝ կու գա՛նք… կը յարձակի՛նք…»: Եգիպտոս չբացաւ ջրանցքը: Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Իսրայէլ յարձակում շղթայազերծեցին: Եւ պատահեցաւ՝ ինչ որ պատահեցաւ: Ամերիկա, Սովետական Միութիւն եւ ՄԱԿ ըսին. «Ա՛լ կը բաւէ՛»: Եւ Մեծն Բրիտանիա հարկադրուցա՛ւ ընկրկիլ: Այդ օրէն, աշխարհ բան մը նկատեց. այդ բանը այն էր, որ Մեծն Բրիտանիա գերհզօր ուժ մը չէ այլեւս: Եւ ի՞նչ պատահեցաւ անկէ ետք: Անգլիական սթերլինը կրեց մեծ անկում ու դաշնակիցները հեռու մնացին Բրիտանիայէն: Բրիտանական եւ ֆրանսական այն գաղութները, որոնք դեռ կը հեծէին գաղութարար տէրութիւններու լուծին տակ, մէկը միւսին ետեւէն անկախութիւն հռչակեցին: Յառաջիկայ քսան տարուան մէջ դրամագլուխները դուրս փախան Բրիտանիայէն եւ վերջինը դարձաւ սովորական երկիր - Անգլիա: Այլեւս հզօր երկիր մը չէր Անգլիա: Տակաւ առ տակաւ ան տկարացաւ եւ ջլատուեցաւ անոր վարչակարգը:
Ռայ Տալիօ կ՚ըսէ, թէ այսօր հերթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներունն է՝ այն ինչ կատարուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ, 1956-ին:
Արդ, ինչո՞ւ Հիւրմիւզի նեղուցը կը համարուի այսքան կարեւոր:
Հիւրմիւզի նեղուցէն կ՚անցնի նաւթի համաշխարհային մատակարարումներու 20 առ հարիւրը: Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քուէյթի, Իրաքի նաւթի մատակարարումները կ՚անցնին այս նեղուցէն:
Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ փակուի Հիւրմիւզի նեղուցը: Կը բարձրանան նաւթի գիները, անկում կը կրէ համաշխարհային տնտեսութիւնը, հետեւաբար ալ անկարելի կ՚ըլլայ արաբական Ծոցի երկիրներէն նաւթի արտածումը, Եւրոպան կը մատնուի ուժանիւթի ծանր ճգնաժամի: Կը փակուին ասիական երկիրներու գործարանները:
Երեւակայեցէք, որ կացութիւնը յանկարծ հետեւեալ վիճակը պարզէ.- Գտնուի մէկ ծովուղի, ուրկէ անցնին բոլոր բեռները, վառելանիւթերը, հում նիւթերը, եւ այլն, եւ ամէն բան մի՛այն անցնի այս ծովուղիէն: Եւ այս ծովուղիին քով նստի մէկը եւ ըսէ. «Որեւէ մէկը չի կրնար անցնիլ այստեղէն առանց իմ արտօնութեան»: Ա՛յս է, որ կ՚ընէ Իրանը այսօր: Իսկ եթէ Միացեալ Նահանգներ չկարենայ բանալ այս ծովուղին, ուրեմն ամէն քաղաքական իրավիճակ պիտի փոխուի…:
Ռայ Տալիօ, որ ուսումնասիրած է վերջին 500 տարուան պատմութիւնը, հետազօտած է իւրաքանչիւր կայսրութեան վերելքն ու անկումը եւ գտած է օրինակ մը, նախատիպ մը եւ այդ օրինակը հետեւեալն է.- հարցերը միշտ կը վերջանան նոյն ձեւով:
Այն ինչ որ Իրան կ՚ընէ այսօր՝ կ՚ըսէ յստակօրէն. «Ոչ ոք կրնայ անցնիլ այս ծովուղիներէն՝ առանց իմ արտօնութեան»:
Այսինքն, կայ գերհզօր պետութիւն մը (այս պարագային՝ Միացեալ Նահանգները), որ կ՚իշխէ աշխարհի դրամին, կ՚իշխէ ծովու երթուղիներուն եւ բոլորը կը վստահին (կամ կը վստահէին) անոր: Հիմա կայ անկէ աւելի փոքր ուժ մը, որ կը սպառնայ այդ գերհզօր պետութեան՝ փակելով կենսական ծովուղին: Եւ գերհզօր երկիրը այսօր կ՚ըսէ նոյնը՝ ինչ որ Մեծն Բրիտանիա ըսած էր Եգիպտոսին եօթանասուն տարի առաջ. «Կա՛մ կը բանաս ծովային երթուղին, կա՛մ ալ կը ներխուժեմ երկիրդ…»: Եւ աշխարհ սրտատրոփ կը հետեւի այս աքլորամարտին…:
Եթէ գերհզօր երկիրը ուժի կիրառմամբ կարենայ բանալ Հիւրմիւզի նեղուցը՝ առաւել կ՚ամրապնդուի իր ուժը, կը շարունակուի բոլորին վստահութիւնը անոր նկատմամբ առաջուան պէս, դրամները կը հոսին եւ վարչակարգը կը շարունակուի: Եթէ չկարենայ բանալ նեղուցը՝ ամէն ինչ կը շրջուի գլխիվայր. փուլ կու գայ վստահութիւնը, կը նահանջեն դաշնակիցները (այս պարագային՝ Ծոցի արաբական ու արեւմտեան երկիրները, մասնաւորապէս ՆԱԹՕ-ն), դոււրս կը փախցուին դրամագլուխները, կը սկսի պարտքերու տագնապը, փուլ կու գայ… կայսրութիւնը:
Այսպէս է որ վերջացան Փորթուգալն ու Հոլանտան. այսպէս է որ վախճանին հասաւ Մեծն Բրիտանիան:
Հիմա, նայեցէք Մեծն Ամերիկային եւ հետեւութիւններ ըրէք: Ի՞նչ է ԱՄՆ-ի իրավիճակը այսօր: Ընդհանուր պարտքը՝ 38 թրիլիոն տոլար: Տոկոսավճարները՝ մէկ թրիլիոն տոլարէ աւելի տարեկան, հաւաքուած հարկերուն մէկ քառորդը կ՚երթայ տոկոսներու վճարման: Ան պարտուեցաւ Վիեթնամի մէջ, քաշուեցաւ Աֆղանիստանէն, քսան տարի «զբօսնեց» Իրաքի մէջ, քանդեց Լիպիան եւ Սուրիան…:
Աշխարհ այսօր կը զգայ, թէ Միացեալ Նահանգներ հզօր չէ այլեւս: Հիմա ան ճակատամարտ կը մղէ Իրանի դէմ: Եւ այս բոլորէն վերջ Թրամփ գոռոզավիզ կը յայտարարէ՝ հարկաւ խօսքը ուղղելով Իրանին. «Եթէ ցանածդ ականները չվերացնես շուտով՝ մեր զինուորական գործողութիւններու հետեւանքները աննախընթաց պիտի ըլլան…»:
Անդին, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մէջ, նաեւ այլ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօեաներ ծաղրական արտայայտուելով Թրամփի «սպանալիքներուն» մասին կ՚ըսեն, որ ԱՄՆ-ի նախագահը կը խօսի շա՜տ պերճախօս, բայց երբ իրավիճակը բարդանայ, կրնա՞յ ան պայքարիլ եւ յաղթել: Ա՛յս է վճռորոշ կէտը:
Արդարեւ, պատերազմի մէջ ցաւին դիմանալու կարողութիւնը աւելի կարեւոր է, քան ցաւ պատճառելու կարողութիւնը: Այս իրողութիւնը լաւապէս ըմբռնելով, Իրան կը փորձէ երկարաձգել պատերազմը, աստիճանաբար բարձրացնելով յարձակման թափը, քաջ գիտնալով, որ ցաւին դիմանալու ամերիկեան ղեկավարութեան ե՛ւ ամերիկացի ժողովուրդին կարողութիւնը սահմանափակ են: Նոյնը պատահեցաւ Վիեթնամի եւ Աֆղանիստանի մէջ:
Իրանի ժողովուրդին համար այս պատերազմը իր գոյութեան համար մղուող պատերազմ է, վրէժխնդրութեան պատերազմ է, պատիւի հարց է: Իսկ ինչ որ կը մտահոգէ ամերիկացիներուն՝ վառելանիւթի տագնապն է, եւ ինչ որ կը մտահոգէ Թրամփին ու հանրապետականներուն՝ վերընտրութեան հարցն է:
Ուրեմն, համաձայնութեան յանգելու հաւանականութիւն կա՞յ: Քանի որ չըլլալու պարագային, պատերազմը պիտի երկարաձգուի: Բայց համաձայնութեան յանգելու կամ չյանգելու պարագային ալ, Իրանի ղեկավարութեան իրերայաջորդ յայտարարութիւնները հաստատակամօրէն կ՚ընդգծեն ե՛ւ կը շեշտեն, որ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր հետ գործակցողներու նաւթային, տնտեսական եւ ուժանիւթային բոլոր թիրախները պիտի ոչնչացուին ու վերածուին մոխրակոյտերու: Ուրեմն, կը մօտենա՞նք պատերազմի վախճանին:
Տարակոյսէ վեր է, որ այս պատերազմի վախճանով, պիտի վերախմբագրուի պատմութիւնը եւ քանդումներու հետքերը պիտի չսահմանափակուին Միջին կամ Մերձաւոր Արեւելքէն ներս միայն: Առեւտրային եւ դրամագլուխներու հոսքերը պիտի փոխուին, եւ այս փոփոխութիւններէն պիտի ազդուին նա՛եւ Չինաստանը, Ռուսաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Եւրոմիութիւնը, Հնդկաստանը եւ Ճաբոնը:
Եթէ յաղթէ Ամերիկա՝ ամերիկեան տոլարին նկատմամբ վստահութիւնը մագլցում պիտի արձանագրէ, պիտի աճի պարտատոմսերու պահանջարկը, դաշնակիցները պիտի մերձենան իրարու, պիտի ամրապնդուի Թրամփի իշխանութիւնը եւ շարունակուի ամերիկեան տիրապետութիւնը: Եթէ պարտուի՝ ամերիկեան տոլարը պիտի կրէ անկում, պարտատոմսերը պիտի ծախուին, ոսկիին գինը երկնաթռիչ պիտի բարձրանայ, դաշնակիցները պիտի հեռանան իրարմէ եւ Չինաստան վերելք պիտի ապրի բոլոր մակարդակներու վրայ:
Ռայ Տալիոյի վերջին 500 տարուան պատմութեան եւ կայսրութիւններու մասին հետազօտութիւնը երբ կը բերուի լուսարձակի տակ, կը տեսնենք, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական պատմութիւնը մեզի շատ բան կը հասկցնէ: Կրնանք համոզուիլ կամ ոչ եւ ոչ ոք մեզ կը ստիպէ համոզուիլ: Բայց իրականութիւնն այն է, որ դրամն ու իշխանութիւնը միշտ կ՚երթան դէպի յաղթողը եւ կը փախչին պարտուողէն:
Եզրակացութիւն - Հիւրմիւզի նեղուցը վերջին փորձութիւնն է Ամերիկայի: Եթէ պարտուի՝ կը կրկնուի Բրիտանիոյ բեմագրութիւնը 1956-ի: Կը քայքայուին դաշնակցութիւնները եւ կ՚աւարտի ամերիկեան դարաշրջանը, որ տեւեց ուղիղ 250 տարի, 1776-էն ասդին:
Արդեօք մօ՞տ են այդ ժամանակները:
Կ՚ապրինք, կը տեսնենք:
«Ծաղիկ»-«Աղթամար»
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ