ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԳԱՒԱԶԱՆԸ

Մենք կը հաւատանք, որ Նոր կտակարանը ամբողջացումն է Հին կտակարանին, սակայն, այդ երկուքին մէջ կը տեսնենք որոշ տարբերութիւններ՝ նոյնիսկ շատ անգամ հակասութիւններ, որոնք լուրջ բացատրութեան կը կարօտին: Այսօրուան մեզի համար յօդուածի նիւթ ունինք մանուկի դաստիարակութիւնը՝ ըստ Աստուածաշունչին եւ մեր կատարած ընթերցումներուն ու պրպտումներուն ժամանակ հանդիպեցանք հետեւեալ հակասական տողերուն.

Առակաց գիրքը, 13:24-ին մէջ կ՚ըսէ. «Ով որ գաւազանը կը խնայէ՝ կ՚ատէ իր զաւակը»։ Այստեղ գաղափարը պարզ ու յստակ է. օրինակը վերցուած է հովիւներէն։ Եթէ նկատած էք, հովիւները իրենց ոչխարները ճիշդ ճամբու մէջ դնելու եւ առաջնորդելու համար կը գործածեն գաւազան մը, որով շեղած ոչխարները դէպի հօտ կ՚առաջնորդեն: Ոչխարը այդ գաւազանը կ՚ընդունի որպէս ուղեցոյց եւ ո՛չ որպէս բռնութիւն: Նոյն օրինակ՝ Հին կտակարանը կը յորդորէ, որպէսզի ծնողքը առաջնորդողի դեր ունենայ զաւկին կեանքին մէջ եւ իր ձեռքի «գաւազան»ով զինք ուղիղ ճամբու մէջ դնէ։ Գաւազանի բացակայութիւնը կարգապահութեան պակասը կը մատնանշէ. այլ խօսքով՝ ըսել կ՚ուզէ, որ այն ծնողքը, որ իր զաւակը կը սիրէ, պէտք է լաւապէս հետեւի իր զաւկին վարքին եւ զինք ճիշդ ճամբու բերէ: 

Անշուշտ, այս տողը շատերու կողմէ թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր հասկցուած է այնպէս, իբր Աստուածաշունչը կը քաջալերէ ծեծը դաստիարակութեան մէջ. շատերու համար այդ «ծեծ»ը բռնութենէ եւ խստութենէ աւելի հոգատարութեան նշան է: 

Միւս կողմէ, Նոր կտակարանին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Մի՛ բարկացնէք ձեր զաւակները» (Եփեսացիներ 6:4), կամ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Մի՛ դառնացնէք ձեր զաւակները, որպէսզի չյուսահատուին» (Կողոսացիներ 3:21): Հինին մէջ կը տեսնենք գաւազանը, իսկ Նորին մէջ կը տեսնենք «գաւազան»էն հեռու մնալու յորդորը: Իրականութեան մէջ, երկու մօտեցումներն ալ սխալ չեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր զաւկի, իւրաքանչիւր ծնողքի համար երկու միջոցներուն արդիւնքները կրնայ ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ. օրինակի համար, կայ ծնողք, որ գաւազանը ձեռքէն վար չ՚առներ, այսուհանդերձ զաւակը ճիշդ ճամբու մէջ չի յաջողիր ուղղել, իսկ միւս կողմէ կայ ծնողք, որ ընդհանրապէս «գաւազան»ին չի մօտենար, սակայն, դարձեալ չի յաջողիր իր զաւակը ճիշդ ճամբու մէջ դնել: Ի դէպ, ըսենք, թէ կը հաւատանք, որ զաւակը նոյնիսկ իր բնաւորութեամբ, իր չարութիւններով հայելին է ծնողքին, որովհետեւ մանուկը լոյս աշխարհ կու գայ մաքուր թուղթի մը նման եւ ժամանակի ընթացքին անոր վրայ կ՚արձանագրուին ու կը զարգանան բնաւորութիւնն ու մտածելակերպը: Հին կտակարանի մէջ յիշուած «գաւազան»ը զաւակներէն աւելի ծնողներուն պարտականութիւնն է, որ մատնանիշ կ՚ընէ, որովհետեւ իր ձեռքը գաւազան ունեցող ծնողքն է իր զաւկի ապագայով, իր զաւկի վարքով ու բարքով հետաքրքրուողը։ Հին կտակարանը կը կարեւորէ այն երեւոյթը, որ ծնողքը պէտք է հետաքրքրուի զաւկին դաստիարակութեամբ, իսկ Նոր կտակարանը կու գայ բացատրելու, որ զաւկի դաստիարակութիւնը ո՛չ թէ բռնութեամբ, այլ սիրով կը կատարուի։ Հոգատարութեամբ, սիրով եւ օրինակով է, որ կը կատարուի զաւակներու դաստիարակութիւնը: 

***

Ի դէպ, բռնութեան կողմնակից չենք եւ համաձայն չենք, որ ծնողք մը իր զաւակը ծեծով փորձէ դաստիարակել, սակայն, շատ անգամ սիրով կատարուած դաստիարակութիւնը բաւարար կրնայ չըլլալ։ Համացանցի մէջ կան բազմաթի՜ւ օրինակներ ու ծնողներ կը փորձեն բռնութենէն, ծեծէն հեռու մնալ, սակայն, հակառակ արդիւնքը կը ստանան։ Օրինակի համար, համացանցի մէջ տարածուած տեսանիւթ մը հետեւեալը ցոյց կու տայ. 10-11 տարեկան մանչ մը մուրճը ձեռքը տան հեռատեսիլը, աթոռը, սեղանը կը սկսի քանդել, իսկ ծնողքը փոխանակ մօտենալու, մուրճը անոր ձեռքէն առնելու՝ կը փորձէ խօսքով համոզել. «Ո՛չ տղաս, ըրածդ լաւ բան չէ, մուրճը տեղը դիր»… զաւակը անհոգութեամբ կը շարունակէ աւելի ուժեղ հարուածներ տալ։ Սխալը այստեղ հետեւեալն է. առաջին հերթին զաւակը համոզուած է, որ ինչպիսի սխալ ալ գործէ՝ ծնողքը ծեծի պիտի չդիմէ, պիտի չբարկանայ եւ այդ համոզումը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ինք աւելի ուժեղ հարուածներ տայ՝ առանց լսելու ծնողքին «յորդորներ»ը։ Կը հաւատանք, որ ներկայ մանկավարժութեան ներկայացուցած ամենէն ազդու պատիժներէն մին, որ կրնայ դաստիարակութեան մէջ մեծ դեր խաղալ հետեւեալն է. զրկել մանուկը իր սիրածէն. օրինակի համար, եթէ մանուկը կը սիրէ հեծանիւ քշել, ապա արգիլել մէկ ամիս այդ հաճոյքէն, որովհետեւ արգիլելով մանուկը կը սկսի ՀԵՏԵՒԱՆՔ-ին ի՛նչ ըլլալը սորվիլ։ Մանուկը պէտք է հասկնայ, որ իւրաքանչիւր արարք, իւրաքանչիւր որոշում, իւրաքանչիւր չարութիւն կ՚ունենայ իր հետեւանքները եւ այն հետեւանքները, որոնք իր սեփական հաճոյքին, իր ուրախութեան վնաս կը պատճառեն՝ բնականաբար զաւակը տարբեր մօտեցում կ՚ունենայ: 

Շատ կը տեսնենք ծնողներ, որոնք իրենց զաւկին այս կամ այն բնաւորութենէն կը բողոքեն։ Բողոքելը լուծում չէ. ընդհակառակը, այդ բնաւորութիւնն ու սովորութիւնը եթէ ճիշդ ճամբու չառաջնորդուի, ապագային եւս լուրջ խնդիրներու դուռ կրնայ բանալ: Այն ազնուութիւնն ու նրբութիւնը, որ ծնողներ կ՚ուզեն կիրառել, միշտ դրական արդիւնք չի տար։ Շատեր կը մտածեն, որ խստութիւնը կրնայ զաւկին ինքնասիրութիւնը վիրաւորել։ Աւելի լաւ չէ՞ զաւկին ինքնասիրութիւնը վիրաւորել՝ քան ոչ-բաղձալի ապագայ մը բանալ անոր դիմաց:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հաւատացեալ մարդկանց համար կա՛յ Աստուած, կա՛յ եւ ծնողք. իսկ անհաւատ մարդկանց համար՝ ո՛չ: Նա որ հաւատում է, որ ծնողք ունի, հայր եւ մայր, եւ ինքը նրանց զաւակն է, նրա համար կայ Աստուած, իբրեւ Ստեղծիչը եւ Արարիչը տիեզերքի: Իսկ նրանք որ չեն հաւատում ծնողքի, հօր եւ մօր, չեն կարող հաւատալ նաեւ Աստուծոյ գոյութեան: Չի արժի վիճաբանիլ դրանց հետ:

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2026