ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

«Աշխարհ խայտառակ վայր մըն է, ուր հարուստ կրօնաւորները առաքինութեան մասին կը քարոզեն թշուառ եւ անօթի մարդոց», կ՚ըսէ Ումպերթօ Էքօ:

Նման վէճերն ու դիտարկումները բոլոր ժամանակներուն եղած են անպակաս: Իր բնազդով մարդ կը տառապի կրած զրկանքներուն համար ու կը փնտռէ մխիթարութիւն: Իւրաքանչիւրի զրկանքը որքան որ ալ տարբեր ըլլայ՝ բոլորը մխիթարութիւն կը փնտռեն: Խիղճը էական գործօն մըն է՝ մխիթարութեան որոնման ճանապարհին: Մարդ թէեւ առաւելագոյնը կ՚ակնկալէ ինքնիրեն համար, բայց, այդ առաւելագոյնը կը ներառէ ներքին անդորրը, այսինքն հանգիստ վայելելը: Նոյն կէտին հետ առընչուած է խղճի գործօնը: Այդ է նաեւ, որ ծնունդ կու տայ սուտի, խաբեբայութեան դէմ հակազդեցութեան: Բայց եւ այնպէս, մարդու բոլոր արարքներէն անպակաս է սուտը:

Ընկերային ցանցերու վրայ վերջերս յաճախակի դարձած են զգուշացումները, թէ արհեստական բանականութիւնն ալ սկսած է ստել: Սա այն արհեստական բանականութիւնն է, որ իբր թէ տեսանելի ապագային պիտի սկսի աշխարհը կառավարել՝ անդրանցնելով մարդկային գործօնը:

Զարմանա՞լ…

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2026