ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՄՕՏԵՆԱԼ ԱՒԱՆԱԿԻ ՀԵԾԵԱԼԻՆ
«Որ վերօրհնիս յաթոռս քերովբէից,
ի վերայ նստիլ յաւանակի հաճեցար,
բարեբանեալդ որ եկիր ի կեցուցանել»
(Օրհնութեան Շարական Ծաղկազարդի)
Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի գրիչն է, որ կը փառաբանէ մեր Տէրն ու Փրկիչը, ողջունելով անոր մուտքը Երուսաղէմ։ Եկեղեցին Քրիստոսի եռամեայ երկրաւոր կեանքի այս հանգրուանը «Ծաղկազարդ» կոչման առընթեր, կը յայտարարէ զայն որպէս «Տօն Գալստեանն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ յաւանակաւ յԵրուսաղէմ»։ Հանգրուան մը, որ երկրորդ քայլն է Ղազարու յարութեան յիշատակի տօնակատարութեամբ սկսած սուրբ եւ աւագ շրջանի մը, որու ամբողջ տեւողութեանը ընթացքին քայլ առ քայլ պիտի հետեւինք Քրիտոսի սուրբ տնօրինութեանց եւ ի վերջոյ հասնելու՝ Սուրբ Յարութեան աւետիսին։
Թարգմանչաց առաքելութեան ռահվիրան շարականի մէջ կը նշէ, թէ Քերովբէներու կրած գահուն վրայ բազմած Քրիստոս կ՚օրհնաբանուի երկնքի մէջ։ Ապա՝ կը նկարագրէ Երուսաղէմի մուտքին մարդոց աչքին առջեւ պարզուած եւ խոնարհութեամբ պսակուած երեւոյթը, ներկայացնելով՝ Քրիստոսի աւանակի վրայ բազմիլ յանձն առնելու հաճութիւնը։ Հուսկ՝ կ՚անդրադառնայ, թէ Ան որ երկնքի մէջ կը բարեբանուէր, ունէր փրկարար առաքելութիւն, ըստ Հօր Աստուծոյ կամքին։
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքը սկսաւ խոնարհ պայմաններու մէջ։ Աստուած, անբաւելին երկնի եւ երկրի խանձարուրի փաթթուեցաւ եւ մսուրի մէջ դրուեցաւ։ Երբ «Օրէնքը եւ մարգարէութիւնները ոչ թէ ջնջելու, այլ՝ լրացնելու» (Մատթէոս, 5.17) առաքելութեամբ ձեռնարկեց քարոզութեան, ընդգրկեց խոնարհ կեցուածքը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու սեղանակից եղաւ, բորոտներ բժշկեց՝ յայտարարելով, թէ «առողջներուն բժիշկ պէտք չէր, այլ հիւանդներուն. ան չէր եկած կանչելու արդարները, այլ՝ մեղաւորները» (Մարկոս, 2.16-17)։ Հակառակ անոր որ «աղուէսները որջեր ունէին, եւ երկնքի թռչունները՝ բոյներ, մարդու Որդին տեղ չունեցաւ, որ իր գլուխը դնէր» (Մատթէոս, 8.20-21)։ Քրիստոսի խոնարհութեան այլ մէկ օրինակն էր Երուսաղէմ մուտքը։ Անոր խոնարհ պայմաններու մէջ քաղաք մուտքով կ՚իրականանար Զաքարիա մարգարէի մարգարէութիւնը. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ» (Զաքարիա 9.9)։
Ծանօթ է, թէ աշխարհակալներ, թագաւորներ կամ հրամանատարներ իրենց տարած յաղթանակներու յաջողութեամբ յղփացած, ձիերով եւ իրենց ձիերուն առընթեր զօրքերու բազմութեամբ քաղաքէ մը ներս կը մտնէին։ Այս աշխարհիկ փառաւոր ցոյցերը իրենց խորքին մէջ կը յայտնաբերէին աշխարհէն փառք որոնելու ցանկութիւնը։ Անոնք կը յոխորտային ի տես ժողովուրդի յաճախ պարտադրուած բռնազբօսիկ ցոյցերուն։ Կարելի՞ է միթէ բաղդատութեան հասարակաց եզր մը որոնել այս երեւոյթին եւ Քրիստոսի քաղաք մուտքին միջեւ։ Բնականաբար մեր պատասխանը կ՚ըլլայ ժխտական։ Մահկանացու հզօրներ մարդոց կը պարտադրէին խոնարհիլ իրենց առջեւ։ Կը գերեվարէին մարդիկ, որպէսզի չարաչար աշխատէին ի հաշիւ յաղթանակ տանողին։ Իսկ անմահն Քրիստոս, որ «երէկ եւ այսօր նոյն է եւ յաւիտեան» քաղցրութեամբ կը գերեվարէր սրտերն ու հոգիները մարդոց, որոնք խաղաղութիւնը կը գտնէին իր խօսքերուն մէջ։ Քահանայապետներու սպասաւորները Փարիսեցիներուն առջեւ կը վկայէին, Քրիստոսի քարոզութեան մասին ըսելով. «ոչ մէկ մարդ երբեք խօսած էր այնպէս, ինչպէս այս մարդը» (Յովհաննէս, 7.46)։ Քրիստոս երբ Երուսաղէմ կը մտնէր՝ ժողովուրդը, որ լսած էր Անոր գործած հրաշքներուն, մանաւանդ իր բարեկամ Ղազարոսին յարութիւն տուած ըլլալու մասին, ընդառաջ կ՚ելլէր Անոր, որուն մասին Փարիսեցիներ կ՚ըսէին իրարու. «Կը տեսնէ՛ք թէ ոչ մէկ օգուտ կ՚ունենաք, ահաւասիկ ամբողջ աշխարհը անոր ետեւէն գնաց» (Յովհաննէս, 12.18-19)։
Քրիստոս ուրիշ առիթներով ալ եկած էր Երուսաղէմ։ Բայց այս անգամուան գալուստը բոլորովին տարբեր էր։ Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմ մուտքին կը տիրէր ուրախութիւն եւ ցնծութիւն։ Ժողովրդային խանդավառ ցոյցերով երկինքը կը դղրդար «Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ ըլլաս, դուն որ կու գաս Տիրոջ անունով, թագաւորդ Իսրայէլի» (Յովհաննէս, 12.13) աղաղակներով։ «Ովսաննա». բառ մը, որ իր իմաստովը փրկութիւն կը բուրէ։ Ըստ բառարաններու՝ այս բառը կը նշանակէ «փրկէ կ՚աղաչենք»։ Սաղմոսաց Գիրքէն կը կարդանք. «Հիմա կ՚աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛. Հիմա կ՚աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։ Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն» (Սաղմոսք, 118.25)։ Սաղմոսաց Գիրքի այս համարը ծանօթ էր հրեայ ժողովուրդին, որ Տաղաւարահարաց տօնին ո՛չ միայն կը յիշէր Եգիպտոսի գերութենէն ազատելէ յետոյ քառասուն տարի անապատի մէջ տաղաւարներու տակ բնակիլը, այլ նաեւ՝ անապատաբնակ տարիներուն Աստուծոյ իրենց նկատմամբ ցուցաբերած խնամատարութիւնը։ Տաղաւարահարաց տօնին այս սաղմոսը վեց օրեր շարունակ կ՚երգուէր, իսկ եօթներորդ օրը՝ եօթն անգամ եւ եօթներորդ օրուան երգեցողութեան ընթացքին տերեւներ եւ ճիւղեր կը շարժէին։ Այս սաղմոսը ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ որպէս արտայայտութիւն Մեսիայի ակնկալութեան։ Եւ այդ էր, որ տեսնուեցաւ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին, երբ երիտասարդներ եւ ծերեր արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղերը ճօճելով այս սաղմոսը կ՚արտասանէին։
Հրեաներ Սաղմոսաց Գիրքէն կը կարդային եւ լաւ գիտէին, թէ «Իսրայէլ պէտք էր, որ Տիրոջը յուսար, քանի որ Տիրոջ քով ողորմութիւն կար, նաեւ՝շատ փրկութիւն։ Ան պիտի փրկէր Իսրայէլը իր բոլոր անօրէնութիւններէն» (հմմտ. Սաղմոսք 130.7)։ Նաեւ Եզեկիէլ մարգարէն գրած էր, ուր Տէր Աստուած կ՚ըսէր. «Հապա իմ ուխտս պիտի հաստատեմ եւ պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը. որպէս զի յիշես ու ամչնաս եւ ամչնալուդ պատճառով այլեւս բերանդ չբանաս։ Այն ատեն ես ալ քու ըրած բոլոր գործերուդ համար քեզի քաւութիւն պիտի ընեմ» (Եզեկիէլ, 16.62-63)։ Ուստի, ի զուր չէր, որ Քրիստոսը «Ովսաննա»ներով կը դիմաւորէին։ Ի զուր չէր, որ դարեր շարունակ իրենց ակնկալած Մեսիայի ակնարկող սաղմոսները կ՚երգէին։ Եւ Քրիստոսի հակառակողներ այս սաղմոսները լսելով կը բարկանային եւ կ՚ազդարարէին Քրիտսոսը, որպէսզի այս փառաբանութիւնները լռեցնէ։
Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը իրաւ է, թէ հանդիսաւոր եղաւ։ Սակայն, մուտքի տեսարանին կիզակէտն էր իշու վրայ հեծած Քրիստոսը, որ իր ցուցաբերած խոնարհութեամբը կը յայտարարէր, թէ աշխարհիկ իշխանութեան սպասումը չունէր, ո՛չ ալ մարդոցմէ գալիք փառքին որոնումի մէջն էր։ Ժողովուրդի ակնկալութիւնն էր, թէ ան աշխարհիկ թագաւորութեամբը պիտի վերահաստատէր Դաւիթի աթոռը։ Սակայն Քրիստոսի թագաւորութիւնը բնաւ կապ չունէր քաղաքական իշխանութեան եւ անոր զօրութեան հետ։ Բան մը, որ իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէր նոյնինքն Քրիստոսի եւ Պիղատոսի միջեւ եղած երկխօսութեան մէջ, ուր Քրիստոս յստակ կերպով կ՚ըսէր. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ… իմ թագաւորութիւնս այստեղէն չէ» (Յովհաննէս, 18.36-37)։ Քրիստոս հայրակամ տնօրինութեան ենթարկուելու եւ զայն ի կատար ածելու առաքելութեամբ եկած էր աշխարհ։ Ան շատ լաւ գիտէր, թէ Երուսաղէմի մէջ իրեն ինչպիսի դէպքեր կը սպասէին։ Իր իսկ բերնով ըսած էր. «ահաւասիկ Երուսաղէմ կ՚ելլենք, եւ մարգարէներուն միջոցով մարդու Որդիին մասին բոլոր գրուածները պիտի կատարուին. որովհետեւ ան պիտի մատնուի հեթանոսներուն եւ պիտի ծաղրուի. պիտի ձաղկեն ու սպաննեն զայն, եւ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Ղուկաս, 18.31-33)։ Ան աշխարհ ղրկուած էր այդ բոլորը յանձն առնելու եւ աշխարհին կեանք տալու համար, որպէսզի իրագործուէր փրկութեան մեծ ծրագիրը, մշակուած՝ Հօր կամքով։
Քրիստոս Երուսաղէմ մուտք կը գործէր, ո՛չ թէ որպէս յաղթական թագաւոր մը, այլ՝ դէպի յաղթանակ հասնելու նպատակաւ։ Այդ յաղթանակը պիտի տարուէր ընդդէմ մահու, որ արդիւնքն էր մեղքին, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Մեղքի վարձքը մահ է» (Հռովայեցիս, 6.23)։
Քրիստոս այսօր կու գայ «ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ իր անձը փրկանք տալու շատերու փոխարէն» (Մատթէոս, 20.28)։ Մարդիկ բնաւ պիտի չկարենային հասկնալ, թէ մէկը ինչպէս կամովին մահուան կու գար ազատելու համար ուրիշները, որոնց հետ մի առ մի ծանօթութիւն չէր ունեցած։ Երուսաղէմ մուտքին արտասանուած «ովսաննա»ները եւ սաղմոսերգութիւնները պիտի փոխակերպուէին խաչահաններու «խաչը հանէ, խաչը հանէ» խօլական աղաղակներու։ Մարդիկ, որոնք օտար իշխանութենէն ազատագրուիլ կը յուսային, «Մենք ուրիշ թագաւոր չունինք, բացի կայսրէն» (Յովհաննէս, 19.16) պիտի աղաղակէին։
Տեառնընդառաջի ժողովրդականացած տաղը կը սկսի «Քրիստոս փառաց թագաւոր» բառերով։ Քրիստոս արդարեւ է փառքի թագաւոր, որ ինքն իր մէջ ունեցած փառքով կը փառաւորուի թէ՛ երկնայիններէն եւ թէ երկրաւորներէն։ Եւ կը տիրէ թէ՛ երեւելիներուն եւ թէ աներեւոյթներուն վրայ, որուն կը վայելէ փառք եւ պատիւ։ Փառքի թագաւորը, թագաւորելով երկնային եւ երկրաւոր արարածներուն վրայ, իր անկարօտ բնութիւնը կը փառաւորուի, կ՚ընդունի փառաւորիչներու փառքը, փոխարէնը հատուցանելով փառք, ինչպէս որ Աստուած կ՚ըսէ. «ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ» (Ա. Թագաւորաց, 2.30)։ Երկրի թագաւորները չեն կրնար մէկը տիրապէս փառաւորել, որովհետեւ իրենք մահկանացու ըլլալով եւ բնութեամբ ապականացու՝ իրենց փառքը կը մնայ անցաւոր, ուստի ըստ փառքի եւ փառաւորիչներու, իրենք իսկապէս չեն կրնար արարածները փառաւորել, հետեւաբար չեն կրնար փառքի թագաւորներ կոչուիլ։ Իսկ Աստուած է ճշմարիտ փառքի թագաւորը, ի բնէ ունենալով փառքը, բոլոր արարածներէն կ՚ընդունի փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն եւ միշտ փառաւորուած է իր անիմանալի, անճառ եւ անպատում փառքովը։ Սաղիմական հոգելոյս Մկրտիչ վարդապետ Արծրունեանի այս խոհերը կու գան միանալ Սաղմոսաց Գիրքին, ուր կը կարդանք. «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ» (Սաղմոսք, 19.1)։ Եւ այս բոլորը կու գան միանալ մեր հաւատքի սկզբունքին, որ է «Սկիզբէն էր Բանը, եւ Բանը Աստուծոյ քով էր, եւ Բանը Աստուած էր։ Ամէն ինչ անով եղաւ, եւ առանց անոր չեղաւ բան մը որ եղած ըլլայ։ …Եւ Բանը մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը, որպէս շնորհով եւ ճշմարտութեամբ լի Միածնի փառք՝ ստացուած Հօրմէն» (Յովհաննէս, 1.1-3, 14)։
Ծաղկազարդի տօնին կը հրաւիրուինք լաւագոյնս ըմբռնելու, թէ աւանակի հեծեալը սովորական անձ մը չէր, այլ՝ փառքի Թագաւոր։ Կը հրաւիրուինք հաւատքի լիութեամբ վերյիշելու մարդկային կեանքի մատնուած խեղճութիւնը մահուան ստուերին տակ եւ այդ ստուերը չքացնելու առաքելութեան կարեւորութիւնը մեր փրկութեան համար։ Կը հրաւիրուինք մտածելու Երուսաղէմի մուտքի եւ յետագայ օրերուն յայտնուած մարդկային յեղյեղուկ նկարագրին մասին եւ հաստատակամութեամբ որոշելու մեր կեցութեան վայրը եւ ուխտելու Քրիստոսը ընկալելու մեր անձնական Երուսաղէմէն՝ մեր կեանքերէն, մեր սրտերէն ներս «Անոր լիութենէն շնորհի փոխարէն շնորհ ստանալու համար, քանի որ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ, իսկ շնորհն ու ճշմարտութիւնը Անոր՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ եղան» (հմմտ, Յովհաննէս, 1.16-17)։
Շնորհք սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւն եղիցի ընդ մեզ։ Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
22 մարտ 2026, Գնալը կղզի