ԶԱՏԻԿԸ ԹԱՔՍՏՈՑԻՆ ՄԷՋ…
-Մեծ մամա, չէ՞ որ խոստացեր էիր, որ այս տարի զիս հետդ պիտի տանիս Լոյսի արարողութեան Սուրբ Յարութեան տաճար…
-Այո՛, բայց ինչպէս երթանք, երբ պատերազմ է, ամէն վայրկեան ահազանգը կրնայ հնչել… Այս տարի Զատիկը տարբեր պիտի դիմաւորենք, դուն դեռ չէիր ծնած, երբ նման Զատիկ մը ունեցանք վեց տարի առաջ, այն ժամանակ տարածուած էր թագաժահր անունով վարակիչ հիւանդութիւն մը, որ կեանքեր խլեց… Եւ այն ժամանակ ալ չկրցանք եկեղեցի երթալ…
-Բայց, մեծ մամա, հաւկի՞թ ալ պիտի չներկենք…
-Հաւկիթ, անշուշտ, պիտի ներկենք, ոչ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ Քրիստոսի Յարութեան…
-Մեծ մամա, մէկ անգամ ալ կը պատմես, թէ ինչո՛ւ հաւկիթ կը ներկենք…
Ահազանգը հնչեց եւ դրացիներով իրար անցած, մէկը խոհանոցէն գոգնոցը կապած, միւսը գիշերանոցով, ուրիշ մը պատրաստ ամէն վայրկեան թաքստոց երթալու, բոլորը շտապեցին թաղին թաքստոցը պահուըտելու…
Մեծերուն դէմքին մտահոգութիւն էր, դեռ որքան պիտի տեւէ այս վիճակը…
-Աստուած իմ, չեմ յիշեր, եթէ մարեցի ճաշին տակը…
-Իմ ալ տղաս հաց առնելու գացած է, մինչեւ հիմա պէտք է, որ դարձած ըլլար, ուշացաւ… Արդեօք ո՛ւր պահուըտեցաւ։
-Չեմ յիշեր, եթէ տան դուռը կղպեցի…
Մթնոլորտը խաղաղ չէր, սիրտերը հանգիստ չէին, իւրաքանչիւրը իր հետ բերած էր իր մտահոգութիւնը, իսկ դեռ շարունակուող ահազանգը բոլորին հաւասար վախի մատնած էր… Պայթումներուն ձայները շատ մօտէն կու գային, քանի մը փոքրիկ լալ սկսան, ուրիշներ ջղային քրքիջներ հանեցին, մեծերը կը բարկանային, չարաճճի տղաները կը վախցնէին վախկոտ փոքրիկները պայթումի ձայներ հանելով, երբ Արեգին մեծ մաման՝ երկա՜ր տարիներու վաստակաւոր ուսուցչուհին իր հանդարտ, հեզահամբոյր բնաւորութեամբ ձեռքը առաւ իրավիճակը, շուրջը հաւաքեց փոքրիկները եւ հարցուց.
-Ո՞վ ձեզմէ պիտի ըսէ, թէ ինչո՛ւ կարմիր հաւկիթ կը ներկենք…
-Որպէսզի իրարու հետ կարմիր հաւկիթ խաղանք, ըսաւ Յովանը։
-Ես միշտ կը յաղթեմ, ըսաւ ուրիշ մը, որովհետեւ անունս Վարդան է։
-Իսկ ես Գրիգոր Լուսաւորիչին անունը կը կրեմ։
-Ես Նարեկն եմ եւ իր աղօթագիրքը մեծ մամաս ամէն գիշեր կը կարդայ…
-Մենք ուրիշ գոյներ ալ կը ներկենք, հազիւ լսելի ձայնով խումբին մօտեցաւ Վահրամը։
-Ուրեմն մտիկ ըրէք, ըսաւ վաստակաւոր ուսուցչուհին: Նախ ի՞նչ նշանակութիւն ունի հաւկիթը։ Հաւկիթը փակ է եւ լուռ, բայց անոր ներսը կեանք կայ։ Երբ կը ճեղքուի, նոր կեանք դուրս կու գայ։ Զատիկը մեզի կը յիշեցնէ, թէ նոյնպէս Յիսուսի գերեզմանը փակ էր, բայց երրորդ օրը բացուեցաւ, եւ կեանքը յաղթեց։ Կարմիր գոյնը կը յիշեցնէ Յիսուսի սէրը։ Անոր թափած արիւնը մեզի համար եւ երբ մարդիկ կարծեցին, թէ ամէն ինչ վերջացած է, Աստուած ցոյց տուաւ, թէ սէրը աւելի զօրաւոր է, քան մահը։ Երրորդ օրը Յիսուս Յարութիւն առաւ, եւ աշխարհը յոյսով լեցուեցաւ։ Զատիկը, սիրելի փոքրիկներ, մեզի կ՚ըսէ, թէ մութէն ետք լոյս կու գայ։ Փակէն՝ բաց։ Տխրութենէն՝ ուրախութիւն։ Հաւկիթին մէջ փակուած միջուկը դեղին է՝ նաեւ լոյսին գոյնը։
-Ուրեմն մեծ մամա, կարմիր հաւկիթը խաղ մը չէ՞ միայն։
-Այո՛, կարմիր հաւկիթը խաղ մը կամ խաղալիք մը չէ։ Այդ փոքրիկ հաւկիթը իր մէջ կը պահէ Յարութեան գաղտնիքը։ Հիմա մենք ձեւով մը բանտուած ենք այս փոքրիկ սենեակին մէջ, բայց Յարութեան հաւատացողը մանաւանդ Զատկուան այս սուրբ օրերուն՝ կը հաւատայ, որ դուրս պիտի գանք պատերազմի արհաւիրքէն ու պիտի բացուի լոյսը խաղաղութեան… Մեզի կը մնայ հաւատալ այդ Լոյսին, հաւատալ Աստուծոյ, որ այնքան սիրեց մեզ, որ իր Միածին Որդին ղրկեց Անոր արեամբ պատելու համար մեզ, մեր սրտերէն հեռացնելու համար չարութեան, վրէժի, ոխի, քէնի մեծ քարերը, ինչպէս մեծ քար մը փակած էր գերեզմանը, բայց Յարութեան առաւօտուն քարը գլտորեցաւ եւ գերեզմանը դատարկ էր… Քրիստոս Յարութիւն առած էր… Դուք ալ պիտի մաքրէք ձեր սիրտերը, որպէսզի Քրիստոսի Լոյսով լեցնէք զայն։ Եթէ այս տարի այսպէս դիմաւորենք Զատիկը՝ այդ չի նշանակեր, որ Քրիստոս Յարութիւն պիտի չառնէ… Աղօթենք, որ նոյն լոյսը ծագի բոլորին սիրտերուն մէջ, դադրին պատերազմներն ու չարութիւնները, յաղթէ Սէրն ու խաղաղութիւնը…
Թաքստոցին մէջ բոլորը մոռցած իրենց հետ բերած իրենց մտահոգութիւնները՝ հաւաքուած էին իմաստուն ուսուցչուհիին շուրջը եւ հանդարտած մտիկ կ՚ընէին, խաղաղած էին սրտերը։
-Քրիստոսի Յարութիւնը կարելի է նաեւ պատերազմական վիճակի մէջ թաքստոցի մը անգոյն, անպատուհան պատերուն մէջ դիմաւորել, բայց անլոյս սենեակին մէջ Լոյսը տեսնել, շարունակեց ուսուցչուհին, եթէ նոյնիսկ եկեղեցի չկրցանք երթալ՝ մի՛ մոռնաք, որ այն սրտին մէջ, ուր Քրիստոս կը թագաւորէ այն եկեղեցի մըն է, որովհետեւ հոն լոյս կը ճառագէ… Ուրեմն
«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»…
Թաքստոցին մէջ պահուըտածները բոլորը մէկ բերան պատասխանեցին.
«ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ