ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, Անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ Անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ Անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով, որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու»
(Փլպ 3.10-11)
Տէր Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին ինչպէս նախապէս յայտնած էր Իր աշակերտներուն, թէ անօրէն հրեաներուն ձեռքը պիտի մատնուի, պիտի չարչարուի, պիտի խաչուի եւ թաղուի, սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ, Իր խօսքերը արդէն իրականացած են եւ Տէր Յիսուս հրաշափառապէս յարութիւն առած է մեռելներէն, մեզի՝ մարդոց տալով այն անկորնչելի յոյսն ու վստահութիւնը, թէ մենք եւս յարութիւն պիտի առնենք, եթէ ընթանանք Իր ճամբաներով, եթէ հետեւինք Իր օրինակին:
Հակառակ այս անհերքելի իրողութեան, մենք տակաւին կասկածով կը մօտենանք Տէր Յիսուսի յարութեան, ոմանք նոյնիսկ թերահաւատութեամբ: Մենք մեզ յաճախ գիտցողի՝ բայց չհասկցողի տեղ դրած կ՚ըսենք.
«Այն ինչ որ պատահեցաւ Յիսուս Նազովրեցիին: Անիկա Իր խօսքերով ու գործերով զօրաւոր մարգարէ մըն էր՝ Աստուծոյ եւ ամբողջ ժողովուրդին համար: Մեր աւագ քահանաներն ու իշխանները զԱյն իշխանութեան յանձնեցին, որպէսզի մահուան դատապարտուի, եւ զԱյն խաչեցին: Մենք կը յուսայինք, որ Իսրայէլը ազատողը Ինք պիտի ըլլար: Այսուհանդերձ, ահա այսօր երրորդ օրն է, որ այդ բաները պատահեցան: Սակայն, մեր մէջէն կարգ մը կիներ, որոնք այս առաւօտ կանուխ գերեզման գացած էին, զարմացուցին մեզ, ըսելով՝ թէ Անոր մարմինը չէին գտած եւ թէ հրեշտակներ տեսած էին, որոնք իրենց յայտնած էին թէ Անիկա ողջ է: Մեզմէ ոմանք գերեզման գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս կիները ըսած էին: Սակայն, զԱյն չտեսան» (Ղկ 24.19-24):
Այսօր մենք եւս Եմմաուսի ճամբու վրայ եղող աշակերտներուն նման կը կասկածինք, կը տարակուսինք: Գիտենք, կարդացած ենք, մեզմէ շատեր նոյնիսկ ժամանակ առ ժամանակ զգացած են յարութեան զօրութիւնը, Տէր Յիսուսի ներկայութիւնը իրենց կեանքէն ներս, սակայն, կեանքի ինչ-ինչ դժուարութիւններու եւ պարագաներու դիմաց կը տատամսինք, կասկածի տակ կը դնենք Անոր հրաշափառ յարութիւնը, ըսելով, թէ մեզմէ ոմանք գացին զԻնք տեսնելու, բայց՝ չտեսան…:
Այս մտածումներով տարուած ահա կու գայ Յարուցեալ Փրկիչին քաղցր՝ բայց յանդիմանող ձայնը, թէ՝ «ո՛վ անմիտներ, որ կը դժուարանաք մարգարէներուն բոլոր ըսածներուն հաւատալու: Պէտք չէ՞ր որ Քրիստոսը չարչարուէր՝ փառաւորելու համար» (Ղկ 24.25-26): Այն ժամանակուան մարդիկը մարգարէները ունէին իրենց համար վկայ Քրիստոսի յարութեան, աւելին, նոյնինքն Տէր Յիսուս վկայած ու խօսած էր Իր հետ կատարուելիքներուն մասին, բայց եւ այնպէս, կը շարունակէին կասկածիլ ու չհաւատալ: Այսօր, մենք ո՛չ միայն մարգարէները ունինք մեզի որպէս վկայ, այլեւ չորս Աւետարանները, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուած է մեզի Տէր Յիսուսի կեանքին վերջին օրերու իրադարձութիւնները եւ հրաշափառ յարութիւնը: Աւելին, ունինք Գործք Առաքելոցն ու առաքեալներուն կողմէ գրուած միւս նամակները, ուր յստակօրէն կը խօսուի Տէր Յիսուսի յարութեան մասին, սակայն եւ այնպէս, Եմմաուսի ճամբորդներուն նման կը շարունակենք կասածիլ ու չհաւատալ: Մեր կասկածն ու անհաւատութիւնը ո՛չ թէ փաստերու չգոյութեան պատճառով է, այլ՝ մեր աշխարհի նկատմամբ ունեցած սիրոյն պատճառով է: Աւելին, մենք ամէն անգամ երբ Սուրբ Պատարագի կը մասնակցինք, ականատես կը դառնանք, թէ Տէրը ինչպէս հացն ու գինին կ՚օրհնէ, կը կտրէ ու կը բաժնէ մեզի, սակայն մեր սիրտերը չեն ճմլուիր (Ղկ 24.32) երբ Անոր հետ կը հաղորդուինք, զԱյն մեր մէջ կ՚ընդունինք, տակաւին, մեր սիրտերը չեն ճմլուիր, երբ Տէր Յիսուս մեզի հետ կը խօսի Աստուածաշունչին ընդմէջէն, մեզի ցոյց տալով ուղիղ ճանապարհը, որ մեզ դէպի փրկութիւն եւ յաւիտենական հանգիստ կը տանի:
Այսօրուան մարդը բազմաթիւ «պատճառ»ներ եւ «արդարացում»ներ ունի կասկածելու Տէր Յիսուսի յարութեան, չհաւատալու այդ իրողութեան, աւելին, կասկածով մօտենալու այս բոլորին: Ինչո՞ւ.
Որովհետեւ այսօրուան մարդը չի՛ ճանչնար այդ յարութեան զօրութիւնը, որով մարդկութեան պատմութեան ընթացքը ամբողջութեամբ փոխուեցաւ:
Այսօրուան մարդը չճանչնալով յարութեան զօրութիւնը՝ ինքզինք կախուածութեան մէջ դրած է աշխարհէն եւ նիւթէն, աշխարհիկ հաճոյքներէն եւ «յաջողութիւն»ներէն:
Այսօրուան մարդը ուրանալով յարութեան զօրութիւնը, կը մտածէ, աւելի ճիշդ կը կարծէ, թէ ինք իր սեփական ուժերով եւ իմաստութեամբ է, որ կ՚ապրի, ձեռքբերումներ, յաջողութիւններ ու նուաճումներ կ՚ունենայ, որով ինք կարիք չունի ո՛չ յարութեան եւ ո՛չ ալ յարութեան զօրութեան:
Այսօրուան մարդը մերժելով յարութեան զօրութիւնը, մերժած կ՚ըլլայ նաեւ այդ զօրութեան ետին կանգնած Ամենազօր Տէրը, որ նոյնինք իր՝ մարդուն փրկութեան համար յանձն առաւ մարդանալ, մատնուիլ, չարչարուիլ, խաչուիլ եւ թաղուիլ եւ հրաշափառապէս յարութիւն առնել՝ Անդրանիկն ու Նախակարապետը ըլլալով մեր յարութեան:
Այսօրուան մարդը մերժելով յարութեան զօրութիւնը, իր մէջ փափաք չ՚ունենար նաեւ իմանալու այդ զօրութեան մասին, հասկնալու այդ զօրութեան մեծութիւնը, ըմբռնելու այդ զօրութեան անհրաժեշտութիւնը իր կեանքին մէջ, որով ինքզինք կը զրկէ այդ զօրութեան պտուղներէն:
Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն գրած իր նամակին մէջ կը գրէ. «Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, Անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ Անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ Անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով, որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու» (Փլպ 3.10-11):
Առաքեալին այս տողերը կարդալով կը գիտակցինք, որ Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը չճանչնալով, մերժելով կամ ուրանալով, մենք մեզ զրկած կ՚ըլլանք արժանի ըլլալէ արժանապէս յարութիւն առնելէ: Ընդունինք կամ ոչ, մերժենք կամ ուրանանք, մեզմէ իւրաքանչիւրը յարութիւն պիտի առնէ, սակայն, արժանութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ յարութիւն առնենք յաւիտենական հանգիստն ու երանութիւնը ժառանգելու համար, եւ ո՛չ թէ յաւիտենական տանջանքն ու դատապարտութիւնը: Մերժումն ու ուրացումը Քրիստոսի յարութեան զօրութեան մեզ տանջանքի ու դատապարտութեան արժանի կը դարձնեն, այն ինչ, երբ Պօղոս առաքեալին նման փափաքինք ճանչնալ զՔրիստոս, Անոր յարութեան զօրութիւնը, աւելին՝ պատրաստակամութիւն ունենանք Անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ, որպէսզի մեր յարութեան ժամանակ ալ Անոր հետ ժառանգակից ըլլանք երկինքի Արքայութեան:
Արդարեւ, Տէր Յիսուսի յարութեան զօրութիւնը ճանչնալը մեզի առիթ կու տայ մահը յաղթահարելու, փորձութիւններուն եւ դժուարութիւններուն դէմ դնելու: Երբ վստահ ենք ու կը հաւատանք Քրիստոսի յարութեան, կը ճանչնանք Անոր յարութեան զօրութիւնը, ապա ո՛չ մէկ բան կրնայ յաղթահարել մեզ: Սակայն, պէտք է ուշադիր ըլլանք, որովհետեւ երբ այս ճանաչումը գիտակցութենէ հպարտութեան կը վերածուի եւ ո՛չ թէ մեզ աւելի կը խոնարհեցնէ, ապա այդ պարագային յարութեան այդ զօրութիւնը դատապարտութիւն կը դառնայ մեզի համար:
Չի՛ բաւեր ճանչնալ յարութեան զօրութիւնը, այլ՝ պէտք է ապրիլ այդ զօրութեամբ: Ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ այդ զօրութեամբ. կը նշանակէ անվախօրէն յայտարարել, թէ՝ «ո՞ւր է, մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, մա՛հ, քու խայթոցդ» (Ա. Կր 15.55): Ի՞նչ է մահուան խայթոցը. Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Մահուան խայթոցը մեղքն է. իսկ մեղքը իր ուժը Օրէնքէն կ՚առնէ: Բայց փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Ա. Կր 15.56-57):
Այո՛, Տէր Յիսուս մեզի յաղթանակ պարգեւեց Իր մահուամբ եւ յարութեամբ, որովհետեւ՝ «մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. (Իր մահուամբ մահը կոխեց եւ Իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց)» (Ժամամուտ Յարութեան): Գիտնանք, ճանչնանք ու ընդունինք այդ Յարութեան զօրութիւնը եւ այդ զօրութեամբ գօտեպնդուած, նմանինք մեր Տիրոջ, փափաքինք մասնակից ըլլալ Իր չարչարանքներուն, որպէսզի Իր յարութեան եւս մասնակից ըլլանք, վայելելու համար երկինքի Արքայութիւնը:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ