ԱԿՆԱՐԿ - 162 - ԱՆՑԵԱԼԸ ՆԵՐԿԱՅԻ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ. ՎՏԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ՍԽԱԼՆԵՐ

Հայաստանէ ներս կը շարունակուի եկեղեցի-պետութիւն լարուածութիւնը եւ փոխանակ լուծումներ փնտռելու եւ այդ լուծումները կեանքի կոչելու, իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց ապաշնորհ մարտավարութիւնը, ամէն կերպով ջանալով հեղինակազրկել Հայ Առաքելական Եկեղեցին, անոր գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանրապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ուխտեալ միաբանութիւնը: Ցաւալին այն է, որ իշխանութիւնները իրենց մարտավարութիւնը կեանքի կը կոչեն, այսպէս կոչուած Եկեղեցին բարեկարգելու ելած որոշ հոգեւորականներու միջոցով, որոնք խորքին մէջ ի՛րենք բարեկարգուելու, բարոյակարգուելու կարիք ունին: Այսպէս կոչուած այդ հոգեւորականներ՝ կարգալոյծ եղած կամ ոչ, ամէն կերպով կ՚աշխատին խեղաթիւրել պատմութիւնը, պատմական իրողութիւններն ու փաստերը, յանուն մի քանի արծաթի…, այդպիսով իշխանութիւններու ջրաղացին ջուր լեցնելով: Այս գրութիւնը, որ հեղինակութիւնն է Արժանապատիւ Տէր Արարատ Քահանայ Պօղոսեանին, այդ խեղաթիւրման յերիւրածոյ փորձերուն ի պատասխան, պատմական փաստերով հարուստ գրութիւն մըն է, որ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք: 

*

Երբ չեն հասկնար պատմագիտութեան մէջ անցեալի ու ներկայի գնահատման մեթոտաբանական խնդիրը՝ խեղաթիւրելով եւ նենգափոխելով պատմութիւնը

Այն պնդումը, որու համաձայն Հայոց պամտութեան մէջ նախադէպեր չկան, երբ որեւէ եկեղեցական թագաւորի կամ իշխանի «հրաժարական»ը պահանջած է, դիտաւորեալ կերպով կը խեղաթիւրէ եւ կը նենգափոխէ պատմութիւնը:

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երկրի առջեւ ծառացած եւ ահագնացող ներհասարակական լարուածութեամբ, արտաքին եւ ներքին լուրջ մարտահրաւէրներով պայմանաւորուած, Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար յորդորած է վար դնել վարչապետի լիազօրութիւնները: Այս իրողութիւնը որոշ շրջանակներ խեղաթիւրելով, նենգափոխելով ու շահարկելով կը ներկայացնեն որպէս «հրաժարականի պահանջ»:

Նշենք, որ պատմագիտութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը ժամանակներու միջեւ ճիշդ յարաբերակցութեան հաստատումն է. արդի հասարակական եւ քաղաքական երեւոյթները յաճախ անցեալի համեմատութեամբ կը գնահատուի, կամ հակառակը՝ անցեալը ներկայի արժանիքներու ու չափանիշներու լոյսին տակ կը մեկնաբանուի: Այս մօտեցումը, սակայն, խիստ զգուշաւորութիւն եւ մեթոտաբանական ճշգրտութիւն կը պահանջէ:

Պատմագիտութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկուն համաձայն, իւրաքանչիւր դարաշրջան ուսումնասիրած ատեն, պէտք է հաշուի առնել տուեալ ժամանակաշրջանի աշխարհայեացքը, հասարակարգը եւ արժէքային համակարգը:

Միջնադարեան հասարակութեան մէջ իշխանութիւնը որպէս աստուածատուր դրոյթ կը դիտարկուէր, մինչդեռ ժամանակակից ժողովրդավարական համակարգերուն մէջ այն ժողովուրդի կամքէն կը բխի: Հետեւաբար, նոյն երեւոյթը, օրինակ, իշխանութիւնը քննադատել կամ անոր «հրաժարական պահանջելը» տարբեր դարաշրջաններու մէջ տարբեր բովանդակութիւն ու դրսեւորում ունեցած են:

Այս առումով կարեւոր է խուսափիլ ժամանակաշրջութենէն (anachronism)՝ անցեալի իրադարձութիւնները ներկայի լեզուամտածողութեամբ եւ չափանիշներով գնահատելու սխալէն: Երբ, օրինակ, միջանադարեան Եկեղեցւոյ քաղաական ազդեցութիւնը ժողովրդավարական սկզբունքներու տեսանկիւնէն կը գնահատուէր, կը յառաջանայ պատմական իրականութեան խեղաթիւրում եւ նենգափոխութիւն:

Միաժամանակ, անցեալի ու ներկայի համեմատութիւնը ամբողջութեամբ մերժելը նոյնպէս ճիշդ չէ: Պատմագիտութեան մէջ լայնօրէն կը կիրառուի համեմատական վերլուծութիւնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու զարգացումներու շարունակականութիւնը, նմանութիւններն ու տարբերութիւնները: Օրինակ, տարբեր դարաշրջաններու ընթացքին Եկեղեցին հանդէս եկած է որպէս իշխանութեան նկատմամբ բարոյական վերահսկողութեան մարմին, սակայն, անոր վերաբերմունքին դրսեւորման ձեւերը պայմանաւորուած եղած են տուեալ շրջափուլին կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական համակարգերով:

Հետեւաբար, պատմական վերլուծութեան ճիշդ մեթոտը երկաստիճան մօտեցում կը պահանջէ. նախ՝ ուսումնասիրել ու գնահատել անցեալը տուեալ ժամանակ շրջանակէն ներս, ապա՝ զգուշաւոր համեմատութիւն կատարել ներկային հետ՝ առանց արժէքներու արհեստական փոխատեղման: Այս մօտեցումը թոյլ կու տայ պահպանել՝ ինչպէս գիտական առարկայականութիւնը (objectivity), այնպէս ալ պատմական զարգացման ամբողջական ընկալումը: Այսինքն՝ անցեալի ու ներկայի յարաբերութիւնը պէտք է դիտարկել ո՛չ թէ որպէս ուղղակի նոյնականացում, այլ՝ որպէս զարգացող գործընթացներու փոխկապակցուածութիւն: Միայն այս պարագային կարելի է խուսափիլ պատմագիտական սխալ մեկնաբանութիւններէն ու ապահովել գիտականօրէն հիմնաւորուած գնահատականներ:

Հայոց պատմութեան ամբողջ ընթացքին Եկեղեցւոյ եւ պետութեան յարաբերութիւնները բարդ ու բազմաշերտ եղած են: Հայոց Եկեղեցին ո՛չ միայն ազգային, հոգեւոր, մշակութեային, այլեւ հասարակական-քաղաքական մեծ ազդեցութիւն ունեցող հաստատութիւն է:

Մերօրեայ քաղաքական լեզուամտածողութեան իմաստով «հրաժարականի պահանջ» հասկացութիւնը, որպէս այդպիսին, միջնադարին գոյութիւն չունէր, սակայն, եկեղեցականները յաճախ հանդէս եկած են՝

ա. Իշխանութեան քննադատութեամբ,

բ. Բարոյական պահանջներով,

գ. Բանադրանքներով,

դ. Եկեղեցիէն հեռացնելով,

ե. Հաղորդութենէ զրկելով,

զ. Երբեմն նաեւ՝ գահընկէցութեան կամ իշխանութեան օրինականութեան մերժումի դիրքերէն:

Ըսուածին որպէս վառ օրինակ դիտարկենք Սուրբ Յուսիկի, Սուրբ Ներսէս Մեծի եւ Տիրան, Արշակ ու Պապ թագաւորներու հակասութիւնները. կաթողիկոսները հակադրուած են թագաւորներուն, անոնց վարած քաղաքականութեան, անոնց անբարոյականութեան եւ բռնութեան դէմ պայքարած են, սահմանափակած են անոնց մուտքը Եկեղեցի, եւ այլն: Այս բոլոր փաստացի կը նշանակէր, որ հայրապետները, ըստ էութեան, կը քննադատէին թագաւորները՝ որպէս քրիստոնեայ առաջնորդներու վարքն ու քաղաքականութիւնը՝ ցոյց տալով ատոնց հակադրութիւնը ազգային շահերուն: Ճիշդ է, սկզբնաղբիւրներուն մէջ թէեւ բառացի «հրաժարական»ի պահանջ չկայ, բայց վերոնշեալ իրադարձութիւնները միջնադարին համարժէք էին իշխանութեան մերժումին եւ ատոնք կարելի է դիտարկել որպէս քաղաքական իշխանութենէն հեռանալու պահանջի նախադէպեր:

Օրինակ, յայտնի է, որ Յովհան Մանդակունին իշխաններուն դէմ բարոյական պայքար մղած է, ինչը կ՚արտացոլայ անոր ճառերուն ու քարոզներուն մէջ: Յիշատակելի է նաեւ Ներսէս Դ. Շնորհալին, որ կարեւոր դեր ունեցած է Եկեղեցւոյ եւ պետութեան յարաբերութիւններուն մէջ: Ան քննադատած է իշխանները, փորձած է ուղղել անոնց վարքը, պահանջած է, որ արդարութեամբ գործեն. Հայոց հայրապետը նաեւ զգուշացուցած է, որ նման եղկելի ընթացքը շարունակելով՝ իշխանաւորները կը կորսնցնեն իշխելու աստուածատուր իրաւունքը: Նոր ժամանակներուն յիշարժան է յատկապէս Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսը, որ քննադատած է ո՛չ միայն օտար իշխանութիւնները, այլ նաեւ հայ վերնախաւը՝ դատապարտելով անգործունեայ եւ հակազգային քաղաքականութիւն վարող ղեկավարները՝ կոչ ընելով փոխել իրավիճակը. սա, ինչպէս վերը նշեցինք, թէեւ ուղղակի հրաժարականի պահանջ չէ, բայց յստակ կը նկատուի քաղաքական պատասխանատուութեան գաղափարը:   

Յատկանշական է, որ տարբեր դարաշրջաններու ընթացքին տարբեր կաթողիկոսներ ու եկեղեցականներ քննադատած են նախարարները, իշխանաւորները, դատապարտած են ընկերային անարդարութիւնը, եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը եւ միւս արատաւոր երեւոյթները: Յաճախ այդ եկեղեցականները իրենց քարոզներուն մէջ թագաւորներուն, իշխաններուն ու պաշտօնեաներուն ուղղուած խօսքերով, կը պահանջէին փոխուիլ եւ ետ կանգնիլ ազգակործան ընթացքէն: Միջանադարեան ընկալումով, պատմական տուեալ ժամանակաշրջանի հասարակական-քաղաքական միջավայրին մէջ նշուածը հաւասարազօր էր իշխանութենէ հեռացման կոչի:

Այսպիսով, կարելի է եզրակացնել, որ Հայ Եկեղեցին պատմականօրէն ունեցած է եւ ունի ո՛չ միայն հոգեւոր, ազգային, մշակութային, բարոյական, այլ նաեւ հասարակական-քաղաքական դեր ու տարբեր դարաշրջաններու ընթացքին տարբեր կերպով արձագանգած է իշխանութեան քայլերուն, ինչ բանը պայմանաւորուած էր ներքին ու արտաքին բազմաթիւ հանգամանքներով:

Յ.Գ.- «Հայրենիքի եւ ազգի սէրը բնական զգացմունք մըն է, որ մարդու բնութենէն իսկ կը բխի եւ կապուած է նոյնիսկ անհատական ինքնասիրութեան, եւ միայն արատաւոր մարդիկ կրնան դատարկ ըլլալ այդ զգացմունքէն, ինչպէս դատարկ են եւ սեփական արժանապատուութենէն» (Նիկողայոս Ադոնց, Երկեր, հտ. Ա., Երեւան, 2006, էջ 223):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026