ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր եւս հայ ժողովուրդին մէջ կան բազմաթի՜ւ երեւոյթներ, որոնք քննադատելի են։ Եթէ ուշադրութեամբ հայկական բոլո՛ր թերթերը աչքէ անցընենք՝ ի՛նչ գոյնի, ինչ գաղափարախօսութեան ալ պատկանին անոնք, անպայմանօրէն ունին բողոք մը, կոչ մը, քննադատութիւն մը, սակայն, անոնց հասարակաց գիծը այն է, որ չունին լուծումներ: Ժամանակին կար յայտնի խօսք մը, որ բժիշկը նախ հիւանդութիւնը կը զննէ եւ ապա միայն բուժման մասին կը սկսի մտածել։ Զննութենէն բժշկութիւն բժշկին մօտ ինչքա՞ն կը տեւէ՝ չենք գիտեր, սակայն գիտենք, որ հայ ժողովուրդը անցնող յիսնամեակին զննելու եւ քննելու ընթացքին մէջ է. տակաւին լուծման ու բուժումին առիթ չեղաւ եւ այս ընթացքով գուցէ երբեք ալ չըլլայ: Հիւանդութիւններ շա՛տ են. մայրենի լեզուի աղաւաղում, ազգային-հայրենասիրական զգացումներու սառեցում, սրբազան արժէքներու արժեզրկում եւ այսպէս կարելի է յիշել մի քանի տասնեակ բացասական երեւոյթներ, որոնք քաղցկեղի պէս իրենց բուժման գիւտին կը սպասեն:

Այս կամ այն հայկական կուսակցութեան թերթը կը քննադատէ Ամերիկայի մէջ նոր սերունդի մայրենիի չիմացութիւնը։ Այո՛, քննադատելի երեւոյթ է, սակայն, նոյն այդ կուսակցութիւնը այդ յոռի ընթացքին դէմ դնելու համար ի՞նչ կ՚ընէ. այդ մէկը շատ աւելի կարեւոր է՝ քան ախտորոշումը։ Եթէ այս քննադատութիւնները գրուած ըլլային մօտաւորապէս 70-80 տարիներ առաջ, մասամբ կարելի էր հասկնալի նկատել, որովհետեւ կուսակցութիւնները չունէին մերօրեայ հարստութիւնը. սփիւռքի մէջ նոր հիմնուած եկեղեցին եւս մեծ հարստութիւններու տէր չէր. սակայն, այսօր, երբ ունինք հարուստ կուսակցական ղեկավարներ, ունինք գրեթէ ամէ՛ն բանի դրամ մսխելու պատրաստ առաջնորդներ, նման քննադատութիւն մը ընդունելի չենք նկատեր։ Յաճախ մեր յօդուածներուն համար եւս մարդիկ հարց կու տան. ի՞նչ է եւ ո՞ւր է լուծումը. պատասխանը արեւու պէս պարզ ու յստակ է. լուծումի սկզբնաքայլը կամքն է. մեր խնդիրները կը լուծուին միայն այն ժամանակ՝ երբ իրապէս զանոնք լուծելու կամքն ու փափաքը ունենանք։ Մեր օրերուն շա՜տ աւելորդ կը նկատենք մայրենի լեզուի իմացութեան պակասի քննադատութիւնը, որովհետեւ եթէ մարդ ուզէ, եթէ գաղութ մը ուզէ, եթէ հաւաքականութիւն մը ուզէ, շա՜տ դիւրութեամբ կրնայ այդ հարցին լուծում տալ. այսօր Հայաստանի մէջ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կան բազմաթի՜ւ երիտասարդներ, որոնք իրենց ուսումով, իրենց իմացութեամբ պատրաստ են որպէս ուսուցիչ ծառայել. ծառայել կ՚ըսենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ուսուցչութիւնը աշխատանք չէ։ Ամերիկայի հայկական գաղութը նիւթական պակասութի՞ւն ունի այդ երիտասարդներով հարստացնելու գաղութը։ Կը տեսնենք, թէ ինչ արտառոց միջոցառումներ ու հաւաքներ տեղի կ՚ունենան անունով հայկական կազմակերպութիւններու եւ մինչեւ իսկ կուսակցութիւններու կողմէ. անոնց կողքին հայերէնի դասընթացք մը դժուա՞ր է կազմակերպել: Հայ ժողովուրդին մէջ ստեղծուած ամենէն անիմաստ ու դատարկ խօսքը «մարդուժի պակաս»ն է. մենք մարդուժի պակաս չունինք. ունինք կամքի պակաս։ Մեր մէջ բոյն դրած է անտարբերութիւնը, որովհետեւ կամքի ուժով ո՛չ միայն հայը, նոյնիսկ հնդիկ մը կրնայ հայերէն սորվիլ. վկայ Լիբանանի հայ տուներու մէջ ապրող որոշ ափրիկեցի սպասաւորները: 

Կը քննադատենք ու կը խօսինք... մօտաւորապէս դար մը առաջ սփիւռքի մամուլներէն մէկուն մէջ Նուպար Եսայեան անունով գրող մը իր բարկութիւնը հետեւեալ տողերով կ՚արտայայտէր. «Այսօր սփիւռքի գրեթէ բոլոր հայկական թերթերը, ո՛ր ուղղութեան ալ պատկանին, կը գրեն հայապահպանման, ազգասիրութեան եւ վերջերս ալ հայկական դատի շուրջ. լայնօրէն կը գրեն: Վասն ինչի՞ արդեօք... Իրենց խի՞ղճը հանդարտեցնելու մտադրութեամբ, իրենք զիրենք խաբելո՞ւ միտքով, եւ կամ լոկ դերասանութիւն խաղալու յաչս հայ ժողովուրդին: Ի՞նչ արժէք ունի մելան թափել, միտք յոգնեցնել ու գրիչ շարժել, քանի որ հիմնական ու դրական որեւէ բան գոյութիւն չունի»։ Նուպար իր այս տողերը կը գրէ «Պէտք է շարժիլ» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ. («Սփիւռք», 18 ապրիլ, 1964, Զ. Տարի, թիւ 15, էջ 3): Պէտք է վերնագիրը անգամ մը եւս կարդալ. պէտք է շարժիլ եւ ո՛չ շարժել... պէտք է շարժիլ եւ գործնական գետնի վրայ արդիւնք ցոյց տալ, այլապէս գրիչ շարժելէն դիւրի՜ն բան չկայ. աշխարհի ամենէն չարհոգի անձը եւս գրիչով կրնայ մարդասիրական գրութիւններ ստորագրել։ Վերջապէս այնպէս ինչպէս լեզուն, նոյնպէս գրիչը եւս «ոսկոր չունի»: 

Եթէ հարիւր տարուան ընթացքին հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած քննադատութիւնները հաւաքել փորձենք, վստահ եղէք, որ թուղթի պակասութենէն պիտի տառապինք. այնքա՜ն շատ են... մեր ազգը բախտաւոր պիտի ըլլար, եթէ գէթ անոնց քառորդին չափ ալ ունենար դրական արդիւնքները բոլոր այդ քննադատութիւններուն։ Գիտէք չէ՞... մարզական միջոցառումի մը ժամանակ հանդիսատես ժողովուրդը մէկէն ի մէկ «մասնագէտ» կը դառնայ... որովհետեւ հեռուէն, նստած տեղէն խօսելէն դիւրին բան գոյութիւն չունի. ուժը այդ մրցումին մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերելն է եւ ո՛չ հեռուէն խօսիլը։ Ինչքա՜ն պիտի ուզէինք, որ գոյութիւն ունենար քննադատութեան կոմիտէ մը, որ իւրաքանչիւր քննադատութեան դիմաց արդիւնք պահանջէ գրողէն. վստահ եղէ՛ք այդ ժամանակ քննադատողներուն թիւը կտրուկ պիտի նուազի, որովհետեւ մենք վարժ ենք խօսելու եւ ո՛չ գործելու:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Աշխարհը չի գիտեր, թէ ի՜նչ երկաթէ կամք, ի՜նչ անընկճելի կորով, ի՜նչ անձնուրաց արիութիւն եւ որչա՛փ առաքինութիւն կայ այդ թխադէմ, այդ հեզ ու բարի աչքերով ամօթխած ու արդար էակի մէջ, որ կը կոչուի հայ կին, հայ մայր:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

 

 

 

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026