ՕՐԱԳԻՐՈՎՍ՝ ՎԵՐՋԻ ՈՒ ՎԵՐՋԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ -1
Վերջի ու վերջաբանութեան հասկացողութիւնը գոյութենական ամենացայտուն ու իմաստադրոշմ հասկացողութիւններէն է՝ սկիզբի եւ ընթացքի հասկացողութիւններուն հետ: Ինքնին վերջաւորութիւնը, հաւանաբար, ամենագրաւիչն է փիլիսոփայութեան, բնազանցութեան ու կրօնագիտութեան համար, քանի վերջաբանութիւնն է, որ ժամանակն ու կեանքը կը դարձնէ ինքնաթռչող, սլացող ու մաքառող (վախճանաբանութիւնը շրջանցելու անզօր ամենափորձող) եւ թէ կեանքին եւ ընթացքին ժամանակաւորութեամբ զայն կը դարձնէ գերիրապաշտ ու առաքելական:
Կեանքի բնագիտական նպատակն ու տինամիզմը կրնանք համարել վախճան կերտելը կամ ընթանալը դէպի վախճան-լրում. ինքնին լրումն ու կատարելագործումը վերջի ու անոր միջոցաւ վերջնական տեսքի հասնելու գործոյթն է։ Իսկ այդ վախճանի հասնումն ու չխորտակման համար մղուած ամենաստեղծագործութիւնը՝ կեանքին ու գոյութեան կու տայ անուն ու ոգի: Ոչ-բնագիտական մակարդակով եթէ վերջն ու վախճանը արարք է, պատահար-եղելութիւն, իրականութիւն կամ ֆանթազի, որ յատկապէս մարդկային իմացական ու ոգեղէն իմաստականութիւնը կը խմորէ, կը ձեւաւորէ, ապա մարդը իր անհատական ու մա՛նաւանդ հաւաքական այսպէս ըսած՝ կառչմամբ ու բուժմամբ փորձած է վախճանը-վերջը դիմագրաւել։ Իսկ անզօրութեան կամ անարդիւնաւէտութեան ժամանակագրութեամբ մարդը՝ ո՛չ միայն իբրեւ տիեզերական կամ «աստուածային» հետեւածին էակ, այլ ինքնեկ ինքը տիեզերք ու Աստուած ստեղծած է իր հոգիին եւ կեանքին մէջ, որպէսզի փրկուի վերջաւորութենէն:
Մեր ողբերգական հակասութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ մենք վերջին-վերջաւորութեան կը ձգտինք եւ ինքնախաբկանքով մը զայն չենք համարեր աւարտ ու վերջաւորութիւն: Վերջին եւ վերջ կերտելու մեր ձգտումը առարկայական ու գործադրոյթային կերտում է. օրուան վերջը, գործի վերջը, սիրաբանութեան վերջը։ Նուաճումը ինքնին վերջակերտ է, իսկ վերջակերտութիւնը մարդկային ճակատագրականութեան-ժամանակագրականութեան արդիւնքն է, ինչքան ալ փորձենք ուրանալ այդ մէկը: Վերջին եւ վերջը կերտելու ձգտումը մեր յաւերժատոմսն է, որ մեզ կը վերջաբանէ, բայց, միեւնոյն ժամանակ մեզ կը դարձնէ աստուածականչ, արարչական ու երազային: Արարիչը սկիզբի խորհրդանիշ է, իսկ մենք մեր վերջի «մոլուցքով» զայն թագադրած ենք իբր վերջի ալ փրկիչ (կամ վերջէն փրկիչ): Ճիշդ այս կէտին է, որ սկիզբն ու վերջը մեզ մարդկայնացնելէ աւելի կը մղեն գեղեցիկ խելագարութեան մը, ուր գիտենք, որ չկանք (սկիզբէն առաջ եւ վերջէն ետք), սակայն, ապրուստով ու կեանքակերտմամբ, մենք մեզ թէաբար - կամ լաւ պարագային - գերներշնչմամբ կը համարենք սկիզբ ու վերջ կերտող, սանձարձակող, խորտակող ու վերծանող: Այս կէտին է, որ կը ծնի աստուածային միւս առաքելութիւնը իմա՝ Աստուծոյ գաղափարը հակավերջն է կամ պաշտպանումը անկէ։
Աստուած ունի վերջաբանի իր յօրինումը եւ այդ յօրինումը ի հեճուկս մեր անդրաստուածային ստեղծման ու Աստուծոյ վրայ բարդումին՝ մեր վերջաւորութեան, մահի-վաճխանի ու հրաժեշտի բացառումները ու շրջանցումները, Աստուած իր գործադրոյթով ու կազմակերպմամբ գոյութենական բոլոր էակները ստեղծած ու տնօրինած է, որ ըլլան մահկանացու: Մահկանացիութիւնն ու ժամանակայնութիւնը գոյերուն հիմնական ու կարեւորագոյն յատկանիշներէն են: Մենք մահկանացու ենք, բայց մերժող՝ մեր վախճանի գաղափարն ու իրողութիւնը, գերագոյնաբար ու մահուան խորտակման համար: Աստուած մեր ըմբոշխմամբ ու ընկալմամբ՝ մեր փրկիչն է այդ հարցով: Աստուծոյ փրկարարութիւնը յաւերժութիւն պարգեւելու իմաստով՝ տեղ մը կը նուաղի ու անզօր կը դառնայ ծնելիութեան ու ծնուած ըլլալու գաղափարով: Հոն մենք կանք, երբ ծնանք, իսկ երբ պարգեւուեցաւ մեզի կեանք՝ նոյնաժամանակ անիրաւուեցաւ մեր փափաքը ծնունդէն առաջ ըլլալու յաւերժ, միեւնոյն ատեն լքելով, պարսաւելով, ուրանալով կամ լաւագոյն պարագային ատելով ժամանակ մը մեր ծնունդէն առաջ, ուր մենք չենք եղած ու չկանք:
Աստուծոյ եւ մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են վախճանաբանութեան մը վը-րայ, աւելի քան ծննդաբանութեան, եւ մենք մեր գործերով վերջաբանական ենք ու վերջի ու վերջականութեան գործօն: Մեր բոլոր հանճարեղութինները, ոգեղինականութիւններու գերցայտումները, աստուածադաշնային բոլոր զեղումները, պայծառագործումները․․․ անզօր են մեր վերջաբանի պատկերման ու կերտման կտրուածքով, նոյնիսկ անհատական ու հաւաքական ալ անձնասպանութեամբ:
Մենք գիտենք, որ վերջն ու վախճանը անյաղթահարելի են նոյնինքն անձնասպանութեամբ ալ, քանի նոյն այդ անձնասպանութիւնը՝ ինչքան ալ յայնտաբերական կամ մաքառումի եւ յաղթահարման գերմղում կայ հոն, մենք չունինք այն հաւաստիքը, որ վերջէն ետք սկիզբն է կամ վերջի բացայայտումը:
Վերջը լաւ է, վերջաւորութեան մենք պիտի յաղթենք, վերջը յարութիւնն է, վերջաւորութեան մենք մէկ ենք... բոլոր ասոնք վերջին վրայէն ցատկելու պատկերացումներ են առանց սպառելու զայն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան