ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ ԱՀԱԶԱՆԳՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲԱՆ. ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ՇՂԹԱՆ ԵՒ ԼՈՒՌ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Շղթայական բռնութիւնը, տնտեսական անարդարութիւնը եւ հասարակական հաղորդակցութեան խզումը այլեւս գաղտնիք չեն մեզմէ ո՛չ մէկուն համար։ Անոնք դարձած են մեր օրերու լուռ, բայց մշտական ուղեկիցները։ Սակայն, այս խորքային վէրքերը չեն բուժուիր կարճաժամկէտ լուծումներով կամ մակերեսային մեկնաբանութիւններով։ Անհրաժեշտ է զանոնք դիտարկել զգօնութեամբ, հիմնուելով փաստերու, վիճակագրութիւններու եւ լուրջ ուսումնասիրութիւններու վրայ։ Հանրութիւնը յաճախ կը կեդրոնանայ երեւոյթներու մակերեսին՝ օրինակ՝ հեռուստաշարերու կամ մետիայի ազդեցութեան շուրջ, բայց, իրական ախտորոշումը կը պահանջէ հասկնալ թիւերու լեզուն։

Աշխարհի մէջ դպրոցական յարձակումներու ամենաբարձր թիւերը արձանագրած երկիրը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, երկար տարիներէ ի վեր ուսումնասիրուած է Federal Bureau of Investigation-ի (FBI) կողմէ։ Անոնց եզրակացութիւնը յստակ է. նման յարձակումները երբեք «յանկարծակի» չեն պատահիր։ Անոնք չեն իջներ երկինքէն, ո՛չ ալ կը բռնկին առանց նախապատրաստութեան։ Ամէն մէկը ունի իր ընթացքը՝ դանդաղ, բայց հետեւողական։

Վերջին տարիներու թիւերը նոյնպէս կը հաստատեն այս պատկերացումը։ Օրինակ՝ 2024 թուականին արձանագրուած են 24 «աքթիւ յարձակումներ», մինչ նախորդ տարին այդ թիւը 48 էր։ Թիւերու տատանումը կրնայ զանազան բացատրութիւններ ունենալ, սակայն, էականը այն է, որ երեւոյթը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ՝ որպէս համակարգային խնդիր։

2000-էն մինչեւ 2013 թուականներու միջեւ կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը բացայայտեն ընդհանուր օրինաչափութիւն մը։ Այս յարձակումներու ետին կանգնած անհատները չեն «պայթիր» մէկ վայրկեանի մէջ։ Անոնք կը քալեն երկար ճանապարհ մը՝ ներքին ճնշումներու, մեկուսացման եւ աստիճանական սրացման մէջէն։

Հետաքննութիւնները ցոյց կու տան, որ յարձակման դիմող անհատը, մինչեւ գործի անցնիլը, միջին հաշուով կը ցուցաբերէ 4-5 նախազգուշացնող վարքագիծ։ Ամենայաճախ հանդիպուած ազդանշաններն են հոգեկան առողջութեան խնդիրները, միջանձնային յարաբերութիւններու խզումները եւ այն, ինչ որ կը կոչուի «ծորում» (leakage)։

«Ծորում»ը կը նշանակէ այն պահը, երբ անհատը իր մտադրութիւնները կը յայտնէ՝ բացայայտ կամ քօղարկուած ձեւով։ «Օր մը ես ալ պիտի ընեմ», «անոնք արժանի են» ձեւի արտայայտութիւններ, ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներ կամ ակնարկներ՝ բոլորը այս երեւոյթի մաս կը կազմեն։ Վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ նման յարձակողներուն շուրջ 56 տոկոսը նախապէս որեւէ ձեւով արտայայտած է իր մտադրութիւնը։ Այլ խօսքով՝ կէսէն աւելին արդէն «խօսած է»։

Աւելի մտահոգիչ է այն փաստը, որ 18 տարեկանէն վար դէպքերու պարագային վտանգը յաճախ կը նկատեն ո՛չ թէ ընտանիքի անդամները, այլ ընկերները կամ ուսուցիչները։ Սա կը նշանակէ, որ համակարգի ամենաթոյլ օղակը շատ յաճախ այն մարդիկն են, որոնք կը տեսնեն, բայց չեն արձագանգեր։

FBI-ի մօտեցումը կը մերժէ պարզունակ պիտակաւորումը՝ «հոգեպէս հիւանդ էր», «մտախտաւոր էր» եւ այլն։ Խնդիրը ախտորոշում մը գտնելը չէ։ Անհատը կրնայ ունենալ կամ չունենալ նման յատկանիշներ, բայց, վարքագծային օրինաչափութիւնը գրեթէ միշտ նոյնն է։ Անոնք կը կոչեն այս գործընթացը՝ «ճամբան դէպի բռնութիւն»։

Այս ճամբան սովորաբար կը զարգանայ հետեւեալ ձեւով՝ սթրես, մեկուսացում, մոլուցք, ծրագրաւորում, ծորում, իրականացում։

Այս շղթայի իւրաքանչիւր օղակը ունի իր նշանակութիւնը։ Եւ ամենակարեւորը՝ եթէ միջամտութիւն տեղի ունենայ այս փուլերէն որեւէ մէկուն ընթացքին, շատ յաճախ հնարաւոր է կանխել ողբերգութիւնը։

Առաջարկուող լուծումը տեսականօրէն պարզ է, բայց, գործնականօրէն բարդ։ Անհրաժեշտ է ստեղծել «սպառնալիքի գնահատման խումբեր»՝ դպրոցներու, աշխատավայրերու կամ համայնքներու մէջ։ Այսինքն խումբ մը մարդիկ, որոնք իրաւասու եւ պատրաստ են ըսելու՝ «այստեղ բան մը սխալ կը թուի» եւ այդպէսով համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկուի։

Վիճակագրութիւնը անողոք է իր պարզութեան մէջ. գրեթէ իւրաքանչիւր դէպքի պարագային, մէկը նախապէս նկատած է վտանգը։ Բայց կա՛մ չէ լրջացուցած, կա՛մ ընտրած է անտարբերութիւնը։ Ահա այստեղ կը կայանայ ամենամեծ խնդիրը։ Խնդիրը ո՛չ թէ «վտանգաւոր» անհատներու տոկոսն է հասարակութեան մէջ, այլ այն, որ բռնութիւնը կը զարգանայ աչքերու առջեւ՝ առանց համապատասխան արձագանգի։

Եւ ճիշդ այստեղ կը յայտնուի ամենամեծ վտանգը․ ո՛չ թէ միայն բռնութեան գոյութիւնը, այլ անոր հանդէպ անտարբերութեան սովորականացումը։ Երբ նախազգուշացնող նշանները կը դառնան «սովորական», երբ սպառնալիքները կ՚ընկալուին որպէս «բարկացած խօսքեր», երբ օգնութեան կանչերը կը կորսուին աղմուկի մէջ, այն ատեն հասարակութիւնը կը սկսի կամաց-կամաց քայքայուիլ ներսէն։

«Ծորում»ի երեւոյթը սահմանափակուած չէ միայն մէկ երկրի մէջ։ Ան առկայ է ամէնօրեայ կեանքին մէջ՝ ընկերային ցանցերէն մինչեւ ճանապարհային վէճեր, ընտանեկան լարուածութիւններ եւ հասարակական շփումներ։ Սակայն, շատ յաճախ մարդիկ կա՛մ չեն ուզեր լսել, կա՛մ կը հաւատան, թէ լսելն ու արձագանգելը ոչինչ պիտի փոխէ։

Այս անվստահութիւնն ու անտարբերութիւնը, երբ կը միանան տնտեսական ճնշումներու, ընկերային անհաւասարութիւններու եւ հաղորդակցութեան խզման հետ, կը ստեղծեն վտանգաւոր միջավայր մը։ Այս պայմաններու ներքեւ բռնութիւնը այլեւս պատահական չէ, այլ կառուցուածքային երեւոյթ է։

Այս բոլոր տուեալներու լոյսին տակ, կարելի է եզրակացնել, որ նման խնդիրները չեն կրնար ընկալուիլ որպէս ժամանակաւոր տատանումներ։ Այս բոլոր գործօններու միաւորումը կը ստեղծէ միջավայր մը, ուր բռնութիւնը այլեւս պատահական չէ, այլ՝ կառուցուածքային։ Ան կը դառնայ համակարգի ներսէն բխող հետեւանք, այլ ո՛չ թէ միայն անհատական շեղում։ Անոնք արմատացած են հասարակական հիւսուածքին մէջ եւ կը պահանջեն համակարգային, երկարաժամկէտ եւ համարձակ լուծումներ։

Եւ թերեւս ամենածանր ճշմարտութիւնը այն է, որ խնդիրը միայն «անոնք» չեն։ Խնդիրը նաեւ մենք ենք՝ երբ կը տեսնենք, կը լսենք, բայց կը լռենք։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026