ՄԵԾՆ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԿԱԶՄԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՌԱՐԱՆԸ՝ «ԹՈՒՐՔԵՐԷՆԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎՐԱՅ…»

Պոլիս ապրած տարիներուն է, որ ապագայ լեզուաբան, գիտնական Հրաչեայ Աճառեան առաջին անգամ խորապէս կը հաղորդուի բառերու կախարդական աշխարհին։

Պոլսոյ բազմաձայն աղմուկին մէջ, ուր լեզուները կը խաչաձեւուին, կը բախին եւ երբեմն ալ աննկատ կը ձուլուին իրարու, երիտասարդ Աճառեանին մէջ կը ծնի անյագ սէր մը՝ բառերու, բառ ու բանի, լեզուի գաղտնիքին հանդէպ։ 

Այնտեղ, ուր Արեւելքն ու Արեւմուտքը կը համադրուէին նրբաճաշակութեամբ, պատանի Աճառեանը, Կեդրոնական վարժարանի աշակերտական նստարաններուն վրայ, սկսաւ տածել իր անմեռ սէրը հայ բառի ու բանին հանդէպ։ Պոլիսը իրեն համար եղաւ ո՛չ միայն ծննդավայր, այլեւ լեզուական հարուստ շտեմարան։

Այդ սէրը, որ սկիզբը թերեւս պարզ հետաքրքրութիւն մըն էր, շուտով դարձաւ գիտական կոչում, ներքին պարտաւորութիւն, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին առաջնորդեց զինք։ 

Հայագիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ հայոց լեզուի պատմութենէն մինչեւ բարբառագիտութիւն, համեմատական քերականութենէն մինչեւ բառարանագրութիւն, հայ գրականութեան պատմութենէն մինչեւ գաղթավայրերու ուսումնասիրութիւն եւ դասագիրքերու կազմութիւն, Հրաչեայ Աճառեան ներդրում ունեցած է՝ ձգելով վարպետութեան անջնջելի կնիքը։ Սակայն, այս բազմակողմանի գործունէութեան մէջ յստակ կերպով կը զատորոշուի մէկ ոլորտ, որուն ան կապուած մնաց առանձնակի սիրով եւ նուիրումով՝ բառագիտական-բառարանագրական աշխատանքը։ Այս նախասիրութիւնը պատահական չէր․ ան կը բխէր բառին հանդէպ ունեցած գրեթէ զգացական կապէն, որ կը ներթափանցէ իր բոլոր գործերուն մէջ եւ կը դարձնէ զայն հայ լեզուագիտութեան մէջ անզուգական բառարանագիր մը։

Աճառեանի բառարանագրական առաջին գործը՝ «Թուրքերէնի ազդեցութիւնը հայերէնի վրայ եւ թուրքերէնէ փոխառեալ բառերը Պօլսի հայ ժողովրդական լեզուին մէջ համեմատութեամբ Վանի, Ղարաբաղի եւ Նոր-Նախիջեւանի բարբառներուն» (1902), արդէն կը կրէ այս գիտական հասունութեան դրոշմը։ 

Լոյս տեսնելով «Էմինեան ազգագրական ժողովածու» շարքէն (այս շարքի Գ․ հատորն է), ան կը ներկայանայ իբրեւ խոր ուսումնասիրութիւն մը։ 

Ընդարձակ ներածականին մէջ Աճառեան կը քննէ օսմանեան տիրապետութեան պատմական պայմանները եւ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ չափով թրքերէնը ազդած է հայ բարբառներուն վրայ։ Ան յատկապէս կը շեշտէ, որ մինչ այդ գոյութիւն ունեցող բառագրքերը գիտական արժէք չունէին, որովհետեւ կը սահմանափակուէին թարգմանական համարժէքները տալով միայն․ «Ճշմարիտ է, թէ Պոլսոյ, Վենետիկի կամ Վիեննայի մէջ այլեւայլ ժամանակներ հրատարակուած են ռամկօրէն հայերէն մեծ եւ փոքր բառագիրքեր, որոնց մէջ հաւաքուած են ժողովրդական լեզուին մէջ գործածական խումբ մը թրքական բառեր եւ անոնց դիմաց նշանակուած հայերէն թարգմանութիւնը, բայց այս աշխատութիւնները ոչ մէկ գիտական արժէք ունին»։

Իր մօտեցումը բոլորովին տարբեր էր։ Ան կը դասաւորէ բառերը՝ տալով թրքերէն գլխաբառը, հայերէն իմաստը, բառի ծագումը եւ յետոյ՝ նոյնիսկ ֆրանսերէն համարժէքները։ Այս վերջինը, որ կը ներմուծուի հայագէտ, պատմաբան Գրիգոր Խալաթեանցի խորհուրդով, կը վկայէ Աճառեանի գիտական լայն տեսադաշտին մասին։ Ան կը գիտակցէր, որ հայագիտութիւնը պէտք է հաղորդակցի նաեւ եւրոպական գիտական աշխարհին հետ, եւ այդ պատճառով կ՚ընտրէ ֆրանսերէնը՝ որպէս բացատրական լեզու։

Այս բառարանը նաեւ առանձնայատուկ է իր մեթոտով։ Աճառեան մանրակրկիտ կերպով ցոյց կու տայ հայ բարբառներու դասաւորութիւնն ու կրած ազդեցութիւնները՝ նշելով, որ թրքերէնէն ամենէն ուժեղ կերպով ազդուած է Պոլսո՛յ բարբառը։ Այս իսկ պատճառով հեղինակը աշխատութեան հիմք ընդունած է Պոլսոյ բարբառը՝ զայն համեմատելով Վանի, Ղարաբաղի եւ Նոր Նախիջեւանի խօսուածքներուն հետ՝ բացայայտելու համար լեզուական փոխազդեցութիւններու սահմաններն ու խորութիւնը։ Լեզուագէտը կը նշէ նաեւ փոխառութիւններու հնութիւնը, գործածութեան շրջանակը եւ երբեմն ալ կը ներկայացնէ ամբողջ դարձուածքներ։ Այսպիսով, բառարանը կը դառնայ ո՛չ միայն լեզուաբանական, այլեւ մշակութային վաւերագիր մը։ Այս բառարանին մէջ մեծ լեզուաբանը ընդգրկած է աւելի քան չորս հազար բառ։

Նոյն այս բառարանին սկզբունքով Աճառեան կազմած է նաեւ «Եւրոպական փոխառեալ բառեր հայերէնի մէջ» աշխատութիւնը, որ նախ լոյս տեսաւ «Հանդէս ամսօրեայ»ի մէջ (1947), ապա հրատարակուեցաւ հատորով (1951)։ Այս գործը կը պարունակէ շուրջ 860 օտար բառեր, որոնք գործածուած են յատկապէս Պոլսոյ ժողովրդական լեզուին մէջ։ Չնայած խորագրին, Աճառեան ինք կը շեշտէ, որ իր ուսումնասիրութիւնը կը վերաբերի ո՛չ թէ գրական հայերէնին, այլ բարբառներուն։ Ան կը համեմատէ նաեւ այլ շրջաններու՝ Զմիւռնիայի, Արաբկիրի, Ակնի, Վանի, Խրիմի, Նոր Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի խօսուածքները՝ ընդգծելով լեզուական փոխառութիւններու տարածման ուղիները։ 

Աճառեանի բառարանագրական յաջորդ մեծ գործը «Հայերէն գաւառական բառարան»ն է՝ հայ լեզուագիտութեան մէջ եզակի իր տեսակէն ներս։ Այս աշխատանքին գաղափարը ծագած էր տակաւին 1901 թուականին, եւ տարիներու ընթացքին ան կը հարստանայ անթիւ նիւթերով՝ հասնելով տասնեակ հազարաւոր բառայօդուածներու։ Այս բառարանն ալ միայն լեզուական աշխատութիւն մը չէ։ Ան կը պարունակէ հայ ժողովուրդի կեանքին ամբողջական պատկերը՝ բարքեր, սովորութիւններ, խաղեր, հաւատալիքներ, ընտանեկան եւ հասարակական կենցաղի դրսեւորումներ։ Բառերը այստեղ կու գան օրինակներով, դարձուածքներով, երբեմն ալ նկարներով, հաստատելով իրենց գոյութիւնը կենդանի լեզուին մէջ։ 

Աճառեանի բառարանագրական աշխատանքները չեն սահմանափակուիր այս կոթողներով։ Ան նաեւ հեղինակած է հնգահատոր «Հայոց անձնանուններու բառարան»ը, ուր կը հաւաքէ մինչեւ 1500 թուականը գործածուած հայ անունները՝ փորձելով զանոնք ստուգաբանել եւ կապել պատմական անձերու հետ։

Ան նաեւ մասնակցած է մասնագիտական բառարաններու կազմութեան. ինչպէս՝ «Ռուս-հայերէն շինարարական տերմիններու բառարան»ը (1928), որ կը պարունակէ նորաստեղծ եզրոյթներ՝ յետագային մտնելով հայ մասնագիտական լեզուի մէջ։ Բացի այդ, իր բարբառագիտական աշխատութիւններուն կից, Աճառեան կազմած է բազմաթիւ փոքր բառարաններ՝ նուիրուած առանձին շրջաններու լեզուական առանձնայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Հայերէն նոր բառեր հին մատենագրութեան մէջ» ուսումնասիրութիւնը։ Բազմաթիւ են մեծ ու փոքր բառարանները, որոնք կամ ինք կազմած է, համահեղինակած է կամ ալ խմբագրած է։ 

Հրաչեայ Աճառեան, հետեւաբար, միայն բառարանագիր մը չէ։ Ան լեզուի յիշողութեան պահապանն է, պատմութեան լուռ վկաներուն մեկնաբանը եւ հայ մշակոյթի այն ճարտարապետը, որ բառ առ բառ կառուցած է մեր լեզուի գիտական տաճարը։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԹԱԳՈՒՀԻՆ՝ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ

Այս տարի յոբելենական է ո՛չ միայն Հրաչեայ Աճառեանի համար (հայութիւնը կը տօնէ մեծ հայագէտին 150-ամեակը), այլեւ՝ իր կոթողային գործին՝ «Հայերէն արմատական բառարան»ին համար։ Կը լրանայ բառարանի առաջին հատորի լոյս ընծայման 100-ամեակը։ 

«Հայերէն արմատական բառարան»ը՝ բազմահատոր հսկայ այս աշխատութիւնը, բացի Հրաչեայ Աճառեանի բառարանագրական գործունէութեան գագաթնակէտը ըլլալէ, կը կազմէ նաեւ հայ լեզուագիտութեան հիմնասիւներէն մէկը։ Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, այս գործը Աճառեան սկսած էր տակաւին 1891-ին, որպէս աշակերտ, եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին անընդհատ մշակած, լրացուցած եւ կատարելագործած է։

Հրատարակութեան ճանապարհը դիւրին չէր։ Տասնամեակներ շարունակ ան դիմած է զանազան հաստատութիւններու եւ անհատներու՝ աջակցութիւն ստանալու համար, նոյնիսկ պատրաստ ըլլալով անձնական զոհողութիւններու։ Վերջապէս, Երեւանի Պետական համալսարանի հովանաւորութեամբ, 1926-1935 թուականներուն միջեւ լոյս կը տեսնէ այս կոթողային գործի ապակետիպ տարբերակը։ Հերոսական աշխատանք էր եօթ հատոր գործը ապակետիպ եղանակով տպագրելը․ այդ տպագրութիւնը ձեռագիր բնագիրը ապակիի վրայ փոխանցելով յատուկ սարքով բազմացման հին եղանակ մըն է։

Աճառեան ինք կը մասնակցի գրեթէ ամբողջ գործընթացին՝ ձեռագիրի բազմակի արտագրութենէն մինչեւ տպագրական աշխատանքներ եւ հատորները բաժանորդներուն հասցնել։ 

«Արմատական բառարան»ը կը կազմուի հինգ հիմնական բաժիններէ։ Առաջինը կը վերաբերի բառարմատներուն՝ ներկայացնելով հայերէնի իրական արմատները։ Երկրորդը կը ներառէ բառի ձեւաբանական փոփոխութիւնները եւ իմաստային բացատրութիւնները՝ հարուստ վկայութիւններով։ Ամենէն նշանակալիցը ստուգաբանական բաժինն է, ուր Աճառեան կը պարզէ բառերու ծագումը՝ տարբերակելով բնիկ հայերէն, փոխառեալ, բնաձայն կամ այլ տեսակներ։

Յատկանշական է նաեւ, որ ան կը ներկայացնէ ստուգաբանութեան պատմութիւնը՝ ամփոփելով նախորդ բոլոր փորձերը։ Բացի այդ, ան կը ներառէ բարբառային ձեւերը եւ կը նշէ այն բառերը, որոնք հայերէնէն անցած են այլ լեզուներու։ Ընդհանուր առմամբ, այս բառարանը կը պարունակէ շուրջ 11 հազար արմատ բառ, որոնցմէ զգալի մասը Աճառեան ինք ստուգաբանած է։ 

Յետագային՝ 1971 թուականին, բառարանը արդէն տպագրուած է տպարանային դասական եղանակով՝ Երեւանի մէջ։ Այդ մէկը կը նկատուի «Հայերէն արմատական բառարան»ի երկրորդ հրատարակութիւնը։ 

Այս տարի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ Հրաչեայ Աճառեանի 150-ամեակին առթիւ թողարկուած յուշադրամի մէկ երեսին բառարանի կողքի պատկերը դրուեցաւ, իբրեւ Աճառեանի ամենամեծ գործը։ 

Խօսելով այս պատմական բառարանին մասին, մէջբերենք պոլսահայ հայագէտ, պատմաբան, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանի վարիչ Գէորգ Բամպուքճեանի մէկ յօդուածը՝ նուիրուած «Արմատական բառարան»ի պատրաստութեան։ Բամպուքճեան այս յօդուածը գրած է 1967 թուականին, երբ տակաւին «Հայերէն արմատական բառարան»ի երկրորդ տպագրութիւնը չէր եղած, այսինքն, մինչեւ 1971 թուականը։ Միայն թէ Գէորգ Բամպուքճեան իր տեղակագիր-յօդուածին մէջ «Հայերէն արմատական բառարան»ի տպագրման տարեթիւ կը նշէ 1927-1933-ը, մինչդեռ հանրայայտ է, որ Երեւանի Պետական համալսարանը զայն տպագրած է 1926-1935 թուականը։

ԻՆՉՊԷՍ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵՑԱՒ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆԸ

ԳԷՈՐԳ ԲԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆ

1 նոյեմբեր 1967 թուականին, երբ Թրքահայոց Պատրիարքարանին մէջ պաշտօն ստանձնեցինք, մեր առաջին գրական զբաղումներէն մին եղաւ Հրաչեայ Աճառեանի (1876-1953) «Արմատական բառարան»ին շուրջ տեղեկագիր մը պատրաստել (տպ. Երեւան 1927-1933), թելադրութեամբ մեր հանգուցեալ բարեկամին՝ գրագէտ, բանաստեղծ եւ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի վարիչ, ողբացեալ Վահրամ Մավեանի (1926-1983)։

22 դեկտեմբեր 1967 թուականը կրող սոյն տեղեկագիրը մինչեւ օրս անտիպ կը մնար։ Նկատի առնելով, թէ վիմատիպ «Արմատական բառարան»ին յառաջաբանին մէջ պատրաստութեան մասին տեղեկութիւն չէ տրուած, փափաքեցանք զայն լոյս ընծայել «Բազմավէպ»ի մէջ, որպէսզի հայկական լեզուաբանութեան այս մեծագոյն կոթողին երեւան գալուն զանազան փուլերուն շահագրգռուողները վերահասու դառնան։

Կտակաց հոգաբարձութեան անդամներէն՝ Իսկէնտէր Աստուածատուրեանի (1878-1955) եւ Պիմէն Զարդարեանի (1880-1956) կողմէ գրի առնուած, 3 հոկտ. 1929 թուակիր տեղագրէ մը յայտնի կը դառնայ, թէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանն (1841-1918) է որ 1905-ին, Անդրանիկ Եօաննէսքուլիի (1836-1907) թելադրած է հայերէն լեզուի արմատական բառարան մը կազմել։

29 յունուար 1907-ին պատահած Եօաննէսքուլիի մահէն ետք, նոյն տարին Կարապետ Բասմաջեան (1864-1942) յանձնառու եղած է, սկսուած գործը 500 ոսկիով ամբողջացնել, խոստանալով սոյն գումարէն 100 ոսկին նուիրել օրուան Պատրիարքին։

Երկրորդ համաձայնութիւնը գոյացած է 19 յունիս 1909-ին, օրուան Կտակաց հոգաբարձութեան հետ, որուն համեմատ, տարեկան 300 ոսկիի վճարումով, հինգ տարուան ընթացքին 1500 ոսկի ստանալով, աշխատութիւնը ամբողջացնելու յանձնառու եղած է։

Երրորդ համաձայնութիւն մը տեղի ունեցած է 14 յուլիս 1909-ին, Քաղաքական ժողովին հետ, որուն համաձայն տարեկան 500 ոսկիի հաշուով, պիտի ստանար 2500 ոսկի։ Այս վերջին պայմանագիրը Կտակաց հոգաբարձութեան քովէն չանցնելուն պատճառաւ՝ քննադատութեանց դուռ բացած է։

Չորրորդ համաձայնութիւնը կրկին կնքուած է Քաղաքական ժողովին հետ, որ երրորդ համաձայնագրին պայմանները հաստատած է նոր պայմանագրով մը, ստորագրուած 24 նոյ. 1913-ին, ըստ որոյ, երկու տարուան ընթացքին ներկայացուած ձեռագիրներուն փոխարէն իրեն պիտի վճարուէր 2500 ոսկի։

Քաղաքական ժողովի 1912-1914 տարիներու տեղեկագիրներէն յայտնի կը դառնայ, թէ սոյն բառարանին հեղինակը, ո՛չ թէ Բասմաջեանը, այլ Աճառեանն է։ Իրենց միջեւ գոյացած համաձայնութեան մը համեմատ, Հրաչեայ Աճառեան՝ հետզհետէ պիտի ամբողջացնէր երկասիրութիւնը։

Այլ տեղեկագրի մը համեմատ, 1909-1922 թուականներու միջեւ, Բասմաջեան ստացած է 2,226.79 թ.լիրա, եւ փոխարէն՝ աշխատութեան ձեռագիրները հետզհետէ յանձնած է Պատրիարքարան։ 1927-ին, Աճառեանի «Արմատական բառարան»ին առաջին հատորը Երեւանի մէջ պետական ծախքով լոյս տեսած ըլլալով, առ ի քաջալերութիւն կ՚առաջարկուի, յետնեալ պարտք մնացած 273,21 թ.լիրան Բասմաջեանի վճարել։

Ներկայիս, ձեռագիրը Թրքահայոց Պատրիարքարանի Դիւանատունը գտնուող բառարանին, Աճառեանի կողմէ շարադրուած ըլլալու պարագան ճշդելու համար, զայն բաղդատեցինք հրատարակուած վիմատիպ «Արմատական բառարան»ին հետ, եւ տեսանք, թէ թէեւ երկուքին ալ ձեռագիրները իրարու նման են, սակայն փոքր տարբերութիւններ կան։ 

Նախ նշենք, որ մինչեւ 118-րդ էջին վերջաւորութիւնը, տարբեր անձի մը կողմէ գրի առնուած է, իսկ մնացեալն ալ ուրիշի մը կողմէ: Առաջին հեղինակը անկասկած Եօաննէսքուլն է, քանի որ բառարանին ամբողջանալուն եւ տպագրութեան համար կտակ մը թողած է՝ եւ շարունակուած ըլլալն ալ, Ազգային ժողովոյ ատենագրութիւններէն ստոյգ է:

Իսկ մնացեալ մասին Աճառեանի ձեռագիրը ըլլալը կարելի է ընդունիլ, նկատի առնելով, թէ յունարէն, արաբերէն, եբրայեցերէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներու տառերով գրի առնուած արմատ բառեր կան, որովհետեւ չենք կարծեր որ Բասմաջեան եբրայեցերէնի կամ վրացերէնի տեղեակ եղած ըլլայ: Արդէն Քաղաքային ժողովի 1912-1914 տարիներու տեղեկագիրներէն, հեղինակին Աճառեանը ըլլալը յայտնի է: Գալով երկու ձեռագիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող աննշան տարբերութեան, ասիկա պէտք է վերագրել ժամանակի ընթացքին իր ձեռագրին կրած անխուսափելի փոփոխութեան:

Կ՚արժէ նաեւ արձանագրել, թէ մինչ Եօաննէսքուլի բառարանին լեզուն թրքահայերէն է, Աճառեանի հրատարակած բառարանին լեզուն ռուսահայերէն է։ Այս փոփոխութիւնը, տպագրութեան միջոցին, Աճառեանի մօտ գտնուող պատճէնին վրայ կատարուած պիտի ըլլայ։

Սոյն տեղեկագրին վերջաւորութեան, յարմար կը դատենք գրեթէ նոյնութեամբ ներկայացնել նաեւ՝ Անդրանիկ Եօաննէսքուլի կենսագրութիւնը, օգտուելով 1908 տարւոյ Ազգային հիւանդանոցի «Ընդարձակ օրացոյց»էն (էջ 455–456)։

Պ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵՕԱՆՆԷՍՔՈՒԼԻ.- Ծնած է 1836-ին Քիշնեւի մէջ, Ռումանահայ ծնողքէ։ Իր նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ յետոյ, իրաւաբանութեան հետեւած է՝ եւ փաստաբանութեան արհեստը ի գործ դնելով, կալուածատէր եւ դրամատէր դարձած է։

Իր գլխաւոր զբաղումներէն մէկը եղած է՝ հայերէն լեզուն լատիներէն տառերով գրելու գաղափարը տարածել, որուն համար շատ աշխատած է։ 1862-ին, առաջին անգամ այս առաջարկը հրապարակ հանած է «Հայ գրականութեան զարգացման համար կարեւոր տեղեկութիւն մը» անուն տետրակովը։

Յետոյ իր երկիրը վերադառնալով, այս գաղափարը հոն մշակելու ծառայած է, հրատարակութեան տալով լատին տառերով հայերէն քանի մը վէպեր եւ ուրիշ գրուածքներ։ 1882-ին ալ, պահ մը «Յոյս» անունով թերթ մը հրատարակած է նոյն դրութեամբ, յատկապէս Ռումանահայոց, Հունգարահայոց եւ այլ գաղթականներու համար, սակայն չէ կրցած երկար շարունակել։ 

1883-ին կրկին Կ. Պոլիս կու գայ եւ նոյն դրութեան տարածմանը եւ օտարներու հայերէն լեզուն ուսուցանելու դիւրութիւն տալու համար՝ «Առաջնորդ գաղղիերէն-հայերէն զրուցատրութեան» տիտղոսով գիրք մը կը հրատարակէ նոյն տարին։

Աշխատած է նաեւ լեզուաբանութեան վրայ։ Իր կարծիքով՝ ամէն լեզու միեւնոյն արմատէն կը ծագի, միայն ձայնաւորներու արտասանութեան տեսակէտով իրարմէ բաժնուելով։ Այս կարծիքը ապացուցանելու համար՝ աշխատած է կազմել «Բաղդատական բառարան» մը։

Վերջերը առանձնացած էր Փարիզ՝ եւ միեւնոյն աշխատութեան նուիրած էր ինքզինքը։ 

Սակայն ինչ որ ամենէն աւելի յարգելի կ՚ընծայէ իր յիշատակը, 1903 եւ 1904 թուականներուն, Նպաստից սնտուկին իր կատարած 10.000 ֆրանքի նուիրատուութիւններն են՝ եւ յետ մահու ազգին թողած 600.000 ֆրանքի հարստութիւնը, որուն մէկ չնչին մասը պիտի յատկացուի իր բառարանին տպագրութեան։

Մեռաւ Փարիզ, 29 յունուար 1907-ին։

Նշենք նաեւ, թէ Անդրանիկ Եօաննէսքուլի մեծադիր մէկ լուսանկարը կը գտնուի Թրքահայոց Պատրիարքարանի Դիւանատան մէջ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2026