ԺԱՄԱՆԱԿՆ ՈՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մերօրեայ նոր սերունդը ի տարբերութիւն անցեալի սերունդներուն, ունի այն բախտաւոր առաւելութիւնը, որն է գիտելիք մը դիւրաւ ձեռք բերելու հնարաւորութիւնը։ Այսօրուան պատանին կամ երիտասարդը մի քանի վայրկեաններու մէջ ձեռք կը բերէ այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնց համար մի քանի տասնամեակներ առաջ ապրողները պարտէին գրադարան այցելել եւ զանազան աղբիւրներու մէջ երկար ժամեր մսխել: Անշուշտ, այդ ժամանակի մսխումը եւս կրնար ստոյգ ու օգտակար արդիւնք մը չտալ. ուսումնասիրելու աղբիւրները սահմանափակ էին եւ բոլորին տրուած չէր զանոնք ձեռք բերելու հնարաւորութիւնը։ Անշուշտ, գոյութիւն ունէին նաեւ այլ դժուարութիւններ. այդ դժուարութիւններն ու տեղեկատուութեան պակասը աւելի հասկնալի դարձնելու համար մեր դիմաց ունինք աւելի քան դար մը առաջ հայ երիտասարդ օրիորդի մը կողմէ իր եղբօր ուղղուած նամակը. 

«Նամակներէդ կը քաղեմ բոլոր այն տեղեկութիւնները, որ ինծի կու տաս: Սիրելի եղբայր, չես կրնար երեւակայել, թէ այդպիսի նամակներ որչա՜փ երջանիկ կ՚ընեն հայ աղջիկները՝ որոնք կը վախնան տունէն դուրս ելնել։ Իսկ տան մէջ գոնէ կարդալու համար գիրքեր չեն կրնար գտնել: Նամակներդ իմ առջեւ ամբողջ աշխարհ մը կը պարզեն եւ պատմութեան պէս կը կարդամ զանոնք: Անոնք տան մէջ դպրոց մը կը բանան ինծի համար: Նամակներդ կարդացի նաեւ իմ բարեկամ աղջիկներուն՝ որոնք ըսին. “Երանի քեզի որ այդպէս եղբայր մը ունիս”»: 

Երիտասարդ աղջկան այս նամակը մտածել կու տայ հետեւեալներու մասին. 

ա. Հնարաւորութիւններէն անկախ մարդ զարգանալու համար կարիքը ունի կամքի։ Ի տարբերութիւն անցեալին, այսօր շատ աւելի դիւրին է տեղեկութիւն, գիտելիք ձեռք բերելը, սակայն, մինչեւ օրս շատ շատ երիտասարդներ կը շարունակեն մնալ անգրագէտ ու անուս՝ չըսելու համար տգէտ։ Ի դէպ, անգրագիտութիւնը՝ դպրոց չյաճախելը «տգիտութիւն» չենք նկատեր, որովհետեւ մեր օրերուն շա՜տ են համալսարան յաճախող՝ սակայն տարրական գիտելիքներ չգիտցողներուն թիւը։ Արտաքին պայմաններն ու հնարաւորութիւնները կ՚օգնեն, սակայն, այդ պայմաններէն անկախ կրթութիւնն ու ուսումը կամքի ու ձգտումի հարց է։ Այսօր կայ գրեթէ բոլոր հնարաւորութիւնները, սակայն, կամքը կը պակսի, իսկ նամակագիր օրիորդին մօտ կայ կամքը, սակայն, հնարաւորութիւնները կը պակսին։ Շատ անգամ կը քննադատուի շրջապատը, կը քննադատուի հնարաւորութիւնները՝ մոռնալով, որ մարդկային միտքն ու կամքն է առաջնահերթը։ Ուսումնատենչ օրիորդը նամակի փոքր կտորի մը մէջ նոյնիսկ կը փորձէ դասեր գտնել, կրթուիլ եւ նորութիւններ սորվիլ։ Այս բոլորը նկատի ունենալով կը հաւատանք, որ մերօրեայ հնարաւորութիւնները պարզապէս առաւելութիւն են կրթուելու եւ սորվելու կամք ունեցողին համար, այլապէս առանց կամքի մերօրեայ երիտասարդը անցեալի ապրողէն տարբերութիւն մը պիտի չունենայ՝ անշուշտ անոնցմէ, որոնք ո՛չ հնարաւորութիւնը եւ ո՛չ կամքը ունին սորվելու: 

բ. Գիրքեր չե՛մ գտներ։ Ի տարբերութիւն մեր այսօրուան, երիտասարդ աղջիկը կարդալու համար գիրք չէր գտներ։ Անշուշտ, պէտք է քննել նաեւ գիրքեր չգտնելու պայմաններն ու պատճառները. սակայն, այսօր պատկերը հակառակ է. ամէ՛ն տեղ են գիրքերը եւ շատ անգամ նոյնիսկ ձրի, սակայն, ընթերցողը կը պակսի։ Այսօր գիրքերը ամէ՛ն տեղ են՝ մանաւանդ համացանցի մէջ, եթէ անցեալին մարդ անձնապէս պարտաւոր էր գրադարան երթալ այս կամ այն գիրքը գտնելու, ապա այսօր համացանցի մի քանի հպումով կը յաջողի այդ բոլորը ձեռք բերել, այնպէս ինչպէս գերութեան ժամանակ հայրենիքի անկախութիւնը անուշ կը թուի, նոյնպէս գիրքը չգոյութեան մէջ անո՞ւշ է արդեօք։ Գրեթէ ամէ՛ն երեւոյթի մէջ կայ հակառակութիւն. անցեալին նիւթական միջոցներ գոյութիւն չունէին, սակայն, գոյութիւն ունէր կամք. այսօր հակառակն է։ Նիւթական միջոցները շատ են՝ իսկ կամքը քիչ։ Անցեալին գիրքերը քիչ էին՝ սակայն կարդալ ուզողները շատ, իսկ այսօր գիրքերը շատ են՝ ընթերցողները քիչ: 

գ. Կրթուելու մէջ հաւասարութիւն։ Պէտք է նկատի ունենալ այն ժամանակաշրջանը, երբ երիտասարդուհին գրած է այս նամակը, ուսումը եղած է արական սեռի «մենաշնորհ»ը։ Գիտութիւնը, կրթութիւնը աւելորդ նկատուած էր իգական սեռի ներկայացուցիչներուն համար եւ այնպէս ինչպէս նամակի վերջաւորութեան կը կարդանք, իգական սեռը պարտաւոր էր տան պարտականութիւններով, ինչպէս նաեւ ձեռագործով զբաղիլ։ Օրիորդը իր նամակին վերջաւորութեան իր եղբօր կ՚ըսէ. «Քեզի համար բարձի երես մը կ՚ասեղնագործեմ իբրեւ յիշատակ, լրանալուն պէս պիտի ղրկեմ քեզի»։ Ձեռագործի այս բաժինը արդիւնքն է ժամանակի պարտադրանքին, սակայն, նամակէն հասկնալի կը դառնայ, որ քոյրը կ՚ուզէ սորվիլ եւ ուսանիլ. կ՚ուզէ դպրոց երթալ եւ այդ բացը կը լրացնէ իր եղբօր նամակները որպէս դասագիրք գործածելով՝ լսելու եւ սորվելու այդ «նոր» երկիրներուն մասին՝ որ անծանօթ է իրեն: Անշուշտ, այս բոլորին մէջ երիտասարդուհին կը յիշէ նաեւ իր բարեկամուհիները՝ որոնք նոյն ուսումնատենչ վիճակը ունին: 

Այս բոլորին շուրջ մտածած ժամանակ կամայ-ակամայ այս մտածումը կու գայ. եթէ հիները ունենային մերօրեայ հնարաւորութիւնները՝ տարբեր պիտի ըլլա՞ր թէ՛ աշխարհի եւ թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը. բայց, արդեօք հնարաւորութիւններու շատութիւնը զանոնք եւս պիտի դարձնէր անտարբե՞ր՝ այնպէս ինչպէս մերօրեայ երիտասարդութիւնը։ Պատասխանը յստակ չէ, սակայն, մէկ բան աւելի քան երբեւէ յստակ է. ուսումը ո՛չ պայման եւ ո՛չ տարիք կը ճանչնայ։ Կրթուիլ ուզողը ամենէն պարզ ու համեստ պայմաններու մէջ եւս կրնայ իմաստուն դառնալ:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Եւ ի՜նչ տարօրինակ է մարդկային հոգին… ցեխին մէջ, ամենէն աղտոտ, անարգ վիճակի մէջ անգամ ան կը ձգտի մեծութեան, սրբութեան: 

ԿԱՐՕ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2026