ՄԱՐԴՈՒ ԼՍԵԼՈՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
Մարդկային հաղորդակցութիւնը երբեք պարզ ուղիղ գիծ մը չէ։ Ան ալիք մըն է, որ կը բախի սիրտէ սիրտ, միտքէ միտք, բայց միշտ չի հասնիր իր նպատակին այն ձեւով, ինչպէս մենք կը պատկերացնենք։ Փաուլօ Քոէլոյի՝ «Բացատրութիւններով մի վատներ ժամանակդ. մարդիկ կը լսեն միայն այն, ինչ որ կ՚ուզեն լսել» խօսքը կարծես կը դպչի մեր օրերու ամենազգայուն ճշմարտութիւններէն մէկուն։ Մենք կը խօսինք, կը բացատրենք ու կը ջանանք մեր սիրտը ամբողջութեամբ դնել բառերու մէջ, բայց դիմացինը յաճախ չի լսեր մեր ըսածը, այլ կը լսէ իր ներսին ձեւաւորուած պատկերը։
Երբ մենք կը խօսինք, շատ անգամ կը կարծենք, թէ բառերը բաւարար են։ Կը կարծենք, թէ եթէ ճիշտ ձեւակերպենք, եթէ աւելի մանրամասն բացատրենք, եթէ աւելի անկեղծ ըլլանք, դիմացինը վերջապէս պիտի հասկնայ։ Բայց իրականութիւնը տարբեր է։ Մարդը բառերը չի լսեր մաքուր ձեւով. անոնք կ՚անցնին իր ներաշխարհի միջով, կը բախին իր նախապաշարումներուն, իր վախերուն, իր յիշողութիւններուն եւ ապա կը դառնան «լսուած»։
Մարդը միայն ականջներով չի լսեր. ան կը լսէ իր վախերով, իր սպասումներով, իր յիշողութիւններով։ Երբեմն նոյնիսկ ամենէն անկեղծ խօսքը կը խեղաթիւրուի՝ հասնելով դիմացինին այն ձեւով, ինչպէս որ ան պատրաստ է ընդունելու։ Սա միայն թիւրիմացութիւն չէ, այլ մարդկային բնոյթի խոր շերտը։ Մենք բոլորս ալ ունինք ներքին զտիչներ, որոնք որոշում կու տան, թէ ի՛նչը պիտի ընդունինք եւ ի՛նչը պիտի մերժենք։
Կարելի է նոյն նախադասութիւնը երկու տարբեր անձերու ըսել եւ ստանալ երկու ամբողջովին հակառակ արձագանգներ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան կը փնտռէ բառերու մէջ հաստատում իր ներքին ճշմարտութիւններուն համար։ Եւ եթէ քու խօսքդ այդ հաստատումը չի տար, շատ յաճախ ան կը մերժէ զայն՝ առանց իսկապէս լսելու։
Այս երեւոյթը յատկապէս ցաւոտ կը դառնայ մօտ յարաբերութիւններու մէջ։ Երբ կը փորձես բացատրել քեզ սիրելի մէկուն, երբ կը ջանաս բանալ սիրտդ եւ ըսել այն, ինչ որ երկար ժամանակ կուտակուած է ներսդ եւ ան քեզ չի հասկնար, այդ պահուն խօսքը կը վերածուի բեռի։ Դուն կը զգաս, թէ կարծես առանձին կը խօսիս, կարծես բառերդ կը կորսուին օդին մէջ՝ առանց արմատ ձգելու ուրիշի մէջ։
Այս իրականութիւնը շատ յաճախ կը յանգի յուսահատութեան։ Երբ կը զգաս, թէ որքան ալ փորձես բացատրել, դիմացինը կը մնայ փակ իր կարծիքին մէջ, կը յայտնուիս անզօրութեան զգացումի դէմ։ Այդ պահուն կը հարցնես դուն քեզի՝ արդեօք կ՚արժէ՞ շարունակել բացատրութիւններ տալ, թէ լռելը աւելի իմաստուն է։ Բայց լռութիւնը միշտ լուծում չէ. ան երբեմն կը դառնայ անտեսանելի պատ, որ աւելի կը հեռացնէ մարդիկ իրարմէ։
Այդ պահերուն շատեր կը փորձեն աւելի ուժգին խօսիլ, աւելի երկար բացատրել, աւելի համոզիչ ըլլալ։ Բայց երբեմն այս ջանքերը հակառակ ազդեցութիւնը կ՚ունենան։ Որքան աւելի կը ջանաս, այնքան դիմացինը կը փակուի։ Որովհետեւ լսելը միայն մտքի գործ չէ, այլեւ սրտի պատրաստակամութիւն։ Եւ երբ սիրտը փակ է, բառերը դուռ չեն կրնար բանալ։
Սակայն այս միտքը նաեւ ունի այլ երեսակ մը՝ ազատագրող։ Երբ կը գիտակցիս, թէ մարդիկ միշտ պիտի չլսեն քեզ այնպէս, ինչպէս որ կ՚ուզես, կը սկսիս աւելի քիչ ծանրանալ այդ անհամապատասխանութենէն։ Կը սորվիս խօսիլ ո՛չ թէ համոզելու համար, այլ արտայայտուելու համար։ Կը սորվիս, որ ամէն խօսք իր հասցէատէրը չունի եւ ամէն սիրտ պատրաստ չէ ընդունելու ուրիշին ճշմարտութիւնը։
Երբեմն, ամենէն խոր հասկացողութիւնը կը ծնի ո՛չ թէ երկար բացատրութիւններէ, այլ լուռ ներկայութենէ։ Կան պահեր, երբ բառերը կը դառնան անզօր եւ միայն զգացումը կը փոխանցուի՝ առանց ձայնի։ Այդ ժամանակ է, որ մարդ կը սկսի տարբերել՝ ո՛վ իսկապէս կը լսէ զինք եւ ո՛վ միայն կը սպասէ իր հերթին խօսելու։
Եւ գուցէ վերջապէս պէտք է ընդունինք այս պարզ, բայց ծանր ճշմարտութիւնը․ մենք չենք կրնար ստիպել ուրիշը լսել մեզ։ Բայց կրնանք ընտրել, թէ ինչպէ՛ս կը խօսինք, ինչո՛ւ կը խօսինք եւ որո՞ւ հետ կը բաժնենք մեր ներաշխարհը։ Որովհետեւ խօսքը միայն հնչիւն չէ. ան վստահութիւն է, կապ է եւ երբեմն՝ խոցելիութիւն։
Այսպէս, երբ յաջորդ անգամ փորձես բացատրել բան մը եւ չլսուիս, գուցէ պէտք չէ աւելի բարձր խօսիլ։ Երբ յաջորդ անգամ կը զգաս, թէ բացատրութիւններդ անիմաստ կը դառնան, մի՛ կարծեր, թէ ժամանակդ վատնած ես։ Դուն արտայայտուած ես, դուն ապրած ես քու ճշմարտութիւնդ։ Գուցէ պէտք է միայն յիշել, թէ ո՛չ բոլոր ականջները պատրաստ են լսելու, բայց անոնք, որոնք պատրաստ են, արդէն բաւարար են, որպէսզի խօսքդ արժէք ունենայ։ Որովհետեւ բառերը մերն են, բայց լսումը՝ միշտ ուրիշին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ