ԱՐԻՒՆԱՔԱՄ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ…

Աշխարհի տարածքին, օրըստօրէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ ընելու կը բազմանան իրաւաբանութեան բաժանմունքներն ու իրաւաբաններու բանակը... ինչո՞ւ, օրինակ, քիչ մը ամէնուրեք արտասովոր կ՚աճի թիւը դատաւորներու, դատախազներու, որոնք կոչուա՜ծ են արդարութիւն ընելու, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու ժողովուրդներու եւ ազգերու մէջ: ՄԱԿ-ը, իր բազմաճիւղ կառոյցէն ներս աշխատանք տանելու ուղղութեամբ հետաքրքրուած չէ՞ վիճակագրական տուեալներ փոխանցելու մեզի՝ հանդէս գալով ու լուսարձակի տակ բերելով իրականութիւններ, որոնք անտարակոյս կապ ունին ներկայ վայրի քաղաքականութեան ու ճարակուող պատերազմներու հետ, եթէ ուզենք ըսել, որ քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը վաղուց կորսնցուցած են իրենց «քաղաքավար լեզուն» եւ վերածուած հիւլէական ռումբերով քաղաքակրթութիւննե՜ր ոչնչացնելու սպառնական լեզուակռիւներու՝ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ...: 

Ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ հայ ազգը արդարութեան բարձրաձայնման համար պայքար մղած եւ ցայսօր պայքար մղող գոնէ առաջիններէն է, եթէ ոչ առաջնագոյնը: Արդարութեան վերականգնման համար մեր պատմութեան, գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի նուիրուած բիւրաւոր էջերն ու ստեղծագործութիւնները կը յորդին մատեան առ մատեան, արդարապահանջ կարգախօսերով: Արդարութիւն՝ որուն ի խնդիր արեան հեղեղներով ներկուեցան մեր հողերը, հայրենիքները...: Յիրաւի, մեր բոլոր գրողներու, բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները շեփորած են՝ հասնելու արդարութեան, արդար դատաստանի, որ դեռ կ՚ուշանա՜յ, կրնայ դարե՜ր ալ ուշանալ, եւ մենք՝ անոր «իղձո՜վը մեռնելու» համբերութիւնը կը փռենք դարերու անհունին ու անյայտին...:

1915-ի Մեծ եղեռնի մեծ զոհերէն՝ Սիամանթոյի բանաստեղծութեան մէկ տողը արդէն թեւաւոր խօսքի կարգ է անցած՝ բարձրաղաղակ հնչելով ամէն առիթով.-

Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատիդ...

Սիամանթոյի ժամանակակիցը, սակայն արեւելահայ աշխարհի մէջ ապրած ու ստեղծագործած, գրականութեան պատմաբան, ուսուցիչ եւ թարգմանիչ, հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային գործիչ Վրթանէս Փափազեան (Վան, 12 ապրիլ 1866 - Երեւան, 26 ապրիլ 1920), որուն ծննդեան 160-ամեակը նշուեցաւ անցած 12 ապրիլին, մեր ուշադրութեան կիզակէտին է Մեծ եղեռնի 111-ամեակին առիթով:

Վրթանէս Փափազեան՝ ծնունդով արեւմտահայ, ծնած Վան, տարեկիցն է Աւետիս Ահարոնեանի, սերնդակիցը Ատրպետի, Նար-Դոսի, Ալ. Ծատուրեանի, Գէորգ Բաշինջաղեանի նման ժամանակակից արեւելահայ ականաւոր դէմքերու: Որպէս տաղանդաւոր գրող եւ բազմաթիւ արժէքաւոր երկերու հեղինակ, կուսակցական չըլլալուն համար շատերու նման իր կենդանութեան օրօք ապրեցաւ գործի ու պաշտօնի մը համար հոս-հոն որոնումներէ հիւծած «հացի կարօտով», այլեւ անտեսուած գրագէտ մը: Առանց խորասուզուելու այս մանրամասնութեանց մէջ, սակայն որպէս ապացոյց ըսուածներուն, անհրաժեշտ է նախ կարդալ իր մահէն ութ ամիս առաջ, պատմաբան եւ հրապարակախօս Դաւիթ Անանունին (1879-1942) ուղղած 6 օգոստոս 1919 թուակիր այն նամակը, որուն մէջ Փափազեան ի միջի այլոց գրած է. «...Պիտի խնդրէի, որ եպիսկոպոսի հետ էլ տեսնուելով, մի պաշտօն գտնէք ինձ՝ Երեւան գալու: Գուցէ կարելի լինի կրթական նախարարութեան մէջ դպրոցների շրջանային տեսչութիւն եւ այլ մի յարմար գործ...»: Եւ սա՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին: Այսպէ՛ս է որ Փափազեան իր կեանքի վերջին քանի մը ամիսներուն Երեւան գալէ, ապա Վաղարշապատ (Էջմիածին) անցնելէ ետք, լոկ տեսչական պաշտօն վարելու բախտի՜ն արժանացաւ վերջապէս: Կարճ ժամանակ ետք ալ հիւանդացաւ, ապա փոխադրուեցաւ Երեւանի հիւանդանոց, ուր մահացաւ 26 ապրիլ 1920-ին, 54 տարեկանին:

Արդարեւ, հայ ժողովուրդը Վրթանէս Փափազեանի՛ն կը պարտի 24 Ապրիլի յիշատակումը լոյսի բարիքին բերող առաջին գրող որպէս՝ նախ արձանագրելով «Հայ նահատակաց օր»: Իր մահէն մէկ ամիս առաջ՝ 25 մարտ 1920-ին, Փափազեան նամակով մը կը դիմէ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Սուրէնեանց Վշտալի կաթողիկոսին, որուն կ՚առաջարկէ 24 Ապրիլը յայտարարել «Նահատակաց օր», ի յիշատակ այն 760 հայ մտաւորականներուն, որոնք 1915-ի 24 Ապրիլի լուսադէմին ձերբակալուեցան՝ Պոլսոյ Հայտարփաշա երկաթուղիի կայարանէն քշուելու դէպի Այաշ, Չանղըրը եւ միւս մահաստանները...: 

Վրթանէս Փափազեանի այս նամակէն ետք, Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի դիւանը թիւ 118 կաթողիկոսական շրջաբերականով, ապա կաթողիկոսական յատուկ կոնդակով կը հրահանգէ Ապրիլ 24-ը ընդունիլ որպէս Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակի օր, եւ այնուհետեւ ամէն տարի նոյն օրը հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցել հոգեհանգստեան պատարագ:

Զուր տեղ չէ ըսուած մեր ժողովուրդի արիսթոքրաթ խաւին կամ ընդհանրապէս հայուն համար, որ անտեսելով իր արժանաւոր գրողները անոնց կենդանութեան օրօք, փառաւոր ու փարթամ թաղում կ՚ընէ անոնց մահուան օրը...: Պետրոս Դուրեանի, Յակոբ Պարոնեանի օրինակները բաւարար են:

Այս դիտանկիւնէն, լեցուն է Վրթանէս Փափազեանի գրական ժառանգութիւնը արդարութեան ծարաւի դրուագներով, ըմբոստութեան շեփորներով, մամոնայի իշխանութիւնը պաշտող եւ ժողովուրդը հարստահարող իշխանաւորներու դէմ՝ ըմբոստագին պատումներով, որոնց շարքին՝ «Կորսուած Արդարութիւնը», «Արդար դատաստան», «Կլոր աստուածներ», «Ըմբոստի մահը», «Ժայռը», «Գոյութեան կռիւ» եւ այլ բազում երկեր: 

Իրօք, արիւնաքա՛մ է դարձած «Արդարութիւն»ը այսօր, որ հրաշքով կ՚ապրի, Վրթանէս Փափազեանի օրերէն...:

Իր «Կորսուած Արդարութիւնը» պատմուածքին մէջ, Արդարութիւնը որոնելու ելած նախ՝ պատերազմիկ-ազնուականը, դաշտ ու ձոր արշաւելէ, արիւն ու աւեր սփռելէ ետք իսկ չհասա՜ւ գտնելու անհետացած Արդարութիւնը: Ապա կորսուած Արդարութիւնը ձեռք ձգելու համար եկաւ մեծահարուստը՝ որ ուղտերու վրայ բեռցուցած իր ոսկիներն ու արծաթները, իր հետ վերցնելով նաեւ սիրուն կանայք՝ աւելցնելու համար հրապոյրը ոսկիներու՝ նոյնպէս ձեռնունայն ու գլխիկոր վերադարձաւ ու չկրցաւ գտնել կորսուած Արդարութիւնը:

Հուսկ Փափազեան կ՚ընտրէ ցնցոտիներ հագած, ճակատը վիշտերով ակօսուած թշուառական մը, որ կը վճռէ գտնել Արդարութիւնը: Եթէ նախապէս ազնուականը իր սուրին էր ապաւինած, իսկ մեծահարուստը՝ իր ոսկիներուն՝ ոտքի ելած գտնելու Արդարութիւնը, հապա այս թշուառականը իր ինչի՞ն վստահելով պիտի գտնէր ամբողջ ժողովուրդին երազը եղող կորուսեալ Արդարութիւնը, ի վերջոյ ոտքի կանգնեցնելու համար մարդուն իրաւունքը սա անիրաւ աշխարհին մէջ: 

Ու այսպէս, թշուառականը ճամբայ կ՚ելլէ՝ իր հետ տանելով միայն փոքր սրուակ մը, որուն մէջ ան լեցուցած էր որբի մը արցունքները՝ աղքատի մը հառաչանքով եւ բանուորի մը դառն քրտինքով: Մէկ խօսքով՝ ան սրուակը լեցուցած էր վիշտի կաթիլներով: Զայն ամուր փակած կը տանէր՝ գրաւելու համար անհետացած Արդարութիւնը: Անկոտրում կամքով ան կ՚անցնի քաղաքներով, գիւղերով, դաշտերով ու ձորերով, եւ ամէն քայլափոխին կը կանչէ՝ «Ո՞ւր ես, Արդարութի՛ւն»: Իսկ Արդարութիւնը չէր լսեր աղապատանքը, ո՛չ ալ ցոյց կու տար իր թաքնուած տեղը: Եւ թշուառականը, երբ ժայռի մը յենած այսպէս կը մտածէր, զայրացած զարկաւ սրուակը ժայռին, թափեցան վիշտի արցունքները ու գոռաց. «Գնա՛, ոչնչացի՛ր, զուր են բոլոր վիշտերն ու արցունքները, Արդարութիւնը չի՛ սիրեր թշուառին»: Նոյնհետայն, փշրուած սրուակին մէջէն ու հոսած արցունքներէն լսուեցաւ ահեղ որոտում մը, ապա այդ արցունքներէն բարձրացաւ թանձր ծուխ մը, որուն մէջէն թշուառին առջեւ ցցուեցաւ հսկայ մը: Թշուառը՝ որ ինկած էր սարսափահար, հարցուց ինքնութիւնը հսկային, որ ըսաւ. «Ես Բողոքն եմ, որ ծնաւ այդ թափած արցունքներէն: Այդ արցունքներէ՛ն աշխարհ պիտի բերեմ անյայտացած Արդարութիւնը»: Նոյնհետայն, հսկան իր ձեռքերը պարզեց դէպի երկինք, դէպի մաքուր ամպերը, որոնց բացուածքէն դուրս եկաւ թաքնուած Արդարութիւնը, խորունկ ու տխուր հայեացքով, առանց նժարի եւ մեծ սուրի: Ան՝ Բողոքը կանչեց.

-Եկո՛ւր, Արդարութի՛ւն, ես ծնած եմ, որպէսզի իմ ձայնս քեզի համար նժար ու սուր դառնայ:

Բայց Արդարութիւնը՝ որ անշարժ ու տխուր կը նայէր Բողոքին, նայեցաւ նաեւ թշուառին ու ըսաւ.

-Դեռ ո՛չ, դուն դեռ փոքր ես, գնա՛ կուտակէ՛ արցունք եւ վիշտեր, դարձի՛ր արցունքի ովկիան, յորդէ՛ որպէս հեղեղատ. ա՛յն ատեն միայն ես կու գամ իմ սուրով եւ նժարով: 

Այս ըսելուն պէս Արդարութիւնը նորէն անյայտացաւ իր անհասանելի բարձրութեան մէջ...:

Այլաբանական պատկերներով ու գեղարուեստական հոգեգրաւ յղացքով մատուցուած Վրթանէս Փափազեանի սոյն պատմուածքը, ո՛չ միայն հայ գրականութեան, այլեւ միջազգային գրականութեան մէջ միլիոնաւոր ընթերցողներու համար իրապաշտ միտքի գոհար մըն է, այսօրուան ե՛ւ վաղուան համար գրուած. հրատապ, այժմէական նիւթ, մինչեւ որ օր մը, դար մը կամ դարեր ետք, Մեծ եղեռն ու ցեղասպանութիւն ապրած մեր տառապեալ ազգին Բողոքը դառնայ անհունաստեղծ ովկիան, որուն առջեւ գայ վերջապէս երեւիլ արիւնաքամ դարձած Արդարութիւնը՝ իշխելու աշխարհին Արդարութեա՛ն սուրով:

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2026